ՓԱՍՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Փաստարկութիւններու եւ փաստերու արդար կերպով արժեւորութեամբ միա՛յն կարելի է հասնիլ արդարութեան։ Այս իրողութեան իբրեւ ապացոյց առնենք ընկերաբանական ամենապարզ երեւոյթ մը. ենթադրենք, թէ մարդ մը սպաննուած գտնուեցաւ իր անկողնին մէջ։ Ոստիկանութիւնը ինչպէ՞ս կը գտնէ մարդասպանին հետքը։ Կը սկսին զննել իրողութեան յաջորդականութիւնը, զոր օրինակ, բժշկական քննութեամբ ստուգել մահուան ճիշդ ատենը եւ փնտռել, թէ ո՞վ եղած է այդ միջոցին այդ սենեակին մէջ, թէ ի՞նչ տեսակ զէնք մը անոր մահ պատճառած է, եւ դարձեալ, այդպիսի զէնք մը այդ մարդուն վրայ կը գտնուի՞. թէ ի՞նչ պատճառներ ունէր այդ մարդը սպաննելու զայն, եւ դեռ շատ մը ուրիշ քննութիւններ, պրպտումներ՝ որոնք սակայն միայն նմանութիւններ հաստատող երեւոյթներ են, եւ որոնք միայ ենթակայական հասարակաց անտարբեր հետաքրքրութեան կրնան գոհացում տալ։
Այլ ոստիկանութիւնը, դատախաղը եւ դատաւորը այս քննութիւններու արդիւնքներով չեն եզրակացներ, տարբերութիւններ եւ բաղդատութիւններ ալ պարտաւոր են գտնել. այսինքն պէտք է ապացուցանեն նաեւ, որ այդ բոլոր երեւոյթները՝ այդ կասկածելի անձէն զատ ուրիշին վրայ չեն տեսնուիր, միայն ա՛յդ մարդը հոն էր այդ միջոցին, միայն ա՛ն ունէր մահուան գործիքը, միայն ա՛ն պատճառ ունէր սպաննելու։
Կը տեսնենք, թէ շատ մը նմանութիւններ, տարբերութիւններ եւ բաղդատութիւններ զննելո՛վ եւ ուսումնասիրելով է, որ ճշմարտութիւն մը երեւան կու գայ, եւ մէկ երեւոյթ բաւական չէ՛, որ մենք որեւէ գործ վերագրենք անձի մը։
Այդ մեթոտն է միայն եւ միայն քննադատութեան եւ որեւէ ամբաստանութեան կերպը, եւ այդ մեթոտը գործածելու համար մենք տեղեկութիւն պէտք է ունենանք բնականաբար, թէ կասկածելին հոն էր այդ միջոցին. կա՛մ թէ պէտք է մենք անոր հոն մտած ըլլալը տեսած ըլլանք, եւ կամ արժանահաւատ տեսնող անձէ մը լսած ըլլանք։ Շատ անգամ կան քննադատութիւններ կամ մեղադրանքներ՝ որոնց աղբիւրը երբ փնտռենք, «լսեցի» միայն կ՚ըսեն. զգուշանա՞նք, խնդրեմ, թէ որ մէկը հետաքրքրուի եւ բան գործ ընելով՝ այդ «լսեցի»ներուն աղբիւրը ուզէ գտնել, շատ անգամ ապրիլ մէկի խաբեբայութիւն մը երեւան պիտի բերէ, կամ թէ ստորին չարաշահութիւն մը։
Ահա այս վերջին տեսակ քննադատութեան համար է, որ Յիսուս կը խոստանայ մեր վրայ եւ կը հրամայէ զրադատութիւն, այսինքն՝ անհիմն, անիրաւ մեղադրանք եւ ամբաստանութիւն չընել, որպէսզի մեզ ալ ուրիշները չզրադատեն։
Քննադատութեան մէջ, պէտք է շեշտել, կը պահանջուի իրական եւ շօշափելի հմտութիւն։ Քննադատութիւնը կամ մեղադրանքը ուժ մըն է, ինչպէս յիշուեցաւ, եւ կատարելագործեալ ո՛ւժ, որ սակայն մտաւորական հմտութեան պաշարէ բաղկացած է. եթէ այդ հմտութիւնը մեզ պակսի՝ քննադատութիւնը կամ ամբաստանութիւնը կ՚ըլլայ դատարկ՝ պարապ իմաստութիւն, սնամէջ բովանդակութեամբ զրաբանութիւն։
Արդարեւ, քննադատութեան մէջ կը պահանջուի նաեւ, որ քննադատողը կամ ամբաստանողը ինքն իսկ զերծ ըլլայ այն պակասութենէն՝ զոր ուրիշի վրայ կը տեսնէ, կամ տեսնել կը փորձէ եւ ցոյց կու տայ. «Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես եւ քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր». (ՄԱՏԹ. Է 3)։
Քննադատութիւնը կ՚ընէ մէկը՝ իբրեւ նախանձախնդիր արդարութեան եւ իրաւունքի, այլ երբ ինքն իսկ ոտնակոխ ըրած է արդարութիւնը եւ իրաւունքը, ապա ուրեմն կե՛ղծ է իր նախանձախնդրութիւնը, եւ Քրիստոս իրաւամբ կը յանդիմանէ, ըսելով. «Կեղծաւո՛ր, ամենէն առաջ քու աչքիդ գերանը հանէ, յետոյ գնա՛ ըսել ընկերիդ թէ աչքիդ մէջ շիւղ կայ, բեր հանեմ». (ՄԱՏԹ. Է 4-5)։ Թերեւս այդպիսին՝ եթէ ուժ ունենար, ո՛չ թէ ընկերոջ աչքին շիւղը պիտի հանէ, այլ նոյնիսկ իր աչքին գերանն ալ պիտի ճգնի՝ պիտի ջանայ անոր աչքին մէջ մխել։
Ուրեմն, ո՛վ որ կ՚ուզէ ընկերոջ թերութիւնները քննադատել եւ շտկել, ամենէն առաջ ի՛ր անձը փորձելու է. տեսնելու է, թէ անոր պակասութեան ինքն ալ ենթակայ է, եւ երբ կը տեսնէ, թէ այդպէս է, նա՛խ իրը շտկելու է եւ յետոյ -եթէ ձեռնհաս կը զգայ ինքզինք- պէտք է իր փորձառութիւնը փոխանցէ եւ հաղորդէ իր ընկերոջ՝ որպէսզի ան ալ շտկէ իր կարգին։
Ուստի, առանց ինքնաքննութեան եւ ինքնակշռութեան ուրիշը քննադատել, ամբաստանել վնաս կը պատճառէ ընկերային յարաբերութիւններու եւ ո՛չ՝ շահ։
Տէրը եւ Սէրը ձեզի հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 8, 2025, Իսթանպուլ