ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՄԵՆԷՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ԴՈՒՐՍ

Մի քանի շաբաթներ առաջ Փարիզի մէջ վերանորոգուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար, Հայաստանի երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի շիրմաքարը եւ այս մէկը բնականաբար մտածել տուաւ, թէ ինչո՞ւ նման պետական գործիչ մը՝ որ մեծ դեր ու տեղ ունեցած է Հայաստանի պատմութեան մէջ, իր մահէն 80 տարիներ ետք կը շարունակէ հանգչիլ օտար հողի մէջ: Այս մէկը մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ արդիւնքը դրական եղած ըլլայ թէ ոչ, Խատիսեան եղած է այն հազուագիւտ անձերէն, որ ամէն ջանք ի գործ դրած է, որպէսզի հիմքը դրուի ազատ ու անկախ Հայաստանի մը, մանաւանդ այն դժուարին օրերուն, երբ Հայաստան ո՛չ բանակ ունէր, ո՛չ հարստութիւն եւ կը տառապէր ժանտախտով ու սովով: 

Անշուշտ, մէկ յօդուածի մէջ կարելի չէ ամփոփել Խատիսեանի կատարած աշխատանքը, սակայն, այդ դժուարին պայմաններուն Խատիսեան կատարեց անհամեմատելի մեծ աշխատանք։ Անոր ջանքերով կազմակերպուեցաւ խորհրդարանային առաջին ընտրութիւնները. անոր ջանքերով սեղան դրուեցան հազարաւոր փախստականներու եւ ցեղասպանութենէն ազատած հայերու ներգաղթի խոշոր ծրագիրը։ Անոր ջանքերով է, որ սկսաւ վերակազմաւորուիլ երկրի տնտեսութիւնը։ Անոր ջանքերով է, որ կարեւոր շեշտ ու տեղ տրուեցաւ մտաւորականութեան եւ անոնց յատկացուեցաւ պետական նպաստներ՝ ինչպէս Յովհաննէս Թումանեանին, նոյնպէս ուրիշներուն: Անոր ջանքերով է, որ Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը Լոնտոնի մէջ տպագրեց իր առաջին թղթադրամները: Անոր ջանքերով է, որ ժողովուրդին բաժնուեցաւ սերմեր՝ զարգացնելու համար գիւղատնտեսութիւնը: Խատիսեանի ջանքերով է, որ նորաստեղծ կառավարութեան մէջ ստեղծուեցաւ արդարադատութեան համակարգ. կառուցուեցաւ Կարս-Պաթում ճամբան եւ վերջապէս իր ջանքերով է, որ հիմնուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանը՝ զարգացնելու համար կրթութիւնը:

Անշուշտ, այս բոլորը նման պայմաններու մէջ ընելը ինքնազոհողութիւն կը պահանջէ. նման աշխատանք կատարող հայորդի մը ինչո՞ւ կը շարունակէ թաղուիլ օտարի հողին մէջ եւ իր արժանի գնահատականը չի գտներ իր հարազատ ժողովուրդին մօտ: Անշուշտ, պատասխանները կրնան տարբեր ըլլալ. շատեր Խատիսեանը մինչեւ օրս կը մեղադրեն Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը ստորագրած ըլլալու համար, որ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան համար ունէր իր դրական եւ ժխտական կողմերը: 

Դրական կողմը այն էր, որ վերջ պիտի գտնէր հայ-թրքական պատերազմը եւ Հայաստանի վրայէն պիտի վերցուէր ռազմական սպառնալիքը եւ Թուրքիա պարտաւոր կ՚ըլլար ապահովելու Հայաստանի անվտանգութիւնը, սակայն, ասոր դիմաց կար բացասականը. այս դաշնագրով Թուրքիոյ կը տրուէր Կարսը, Սուրմալուն եւ այլ քաղաքներ (անշուշտ կը տեսնենք, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. մերօրեայ իշխանութիւնները կ՚ընեն այն՝ ինչ ըրաւ Խատիսեան մօտաւորապէս դար մը առաջ): Այս դաշնագիրով Հայաստանին կ՚արգիլուէր ունենալ բանակ. թոյլատրելի էր ունենալ 1500 զինուոր, 8 թնդանօթ եւ 20 գնդացիր: Այս դաշնագիրով Հայաստան կը հրաժարէր Սեւրի պայմանագիրէն եւ այս պայմանագրով էր, որ Թուրքիա կը հրաժարէր Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ ցեղասպանութեան զոհ գացած անձանց եւ պատճառուած վնասներու փոխհատուցում տալէ: 

Անշուշտ, եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք, Հայաստան շատ բան կը զիջէր, սակայն, ինչպէս գիտենք, այս դաշնագիրը երկու կողմերուն համար ալ անօրինական էր: Օրուան «Պայքար» օրաթերթը այդ դաշնագիրի ստորագրութիւնը հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէր. «Այդ չարաշուք օրէն վերջ, հայ հանրապետութիւնը խորհրդանշող եռագոյն դրօշը, մերկանալով իր գաղափարական սրբութիւններէն, դարձաւ ստրկութեան խորհրդանիշը»: Անշուշտ, այս հաստատումը կը կատարուէր, որովհետեւ անոնք շատ անգամ հայոց հարցի հանդէպ բարձրացած աղմուկները կը լռեցնէին այդ դաշնագիրի համաձայնութեամբ. օրինակ՝ Իսմէթ փաշա Լոզանի ժողովի ատեն կ՚ըսէր. «Մենք հայոց հետ խնդիր չունինք. Ալեքսանդրապոլի դաշնագրով մեր մէջ ամէն խնդիր կարգադրուած է»: 

Պոլսահայ մամուլի մէջ կարելի է գտնել ու կարդալ Խատիսեանի ճառերն ու գրութիւնները. Հայաստան աղքատութեան ծայրայեղ վիճակի մէջ էր եւ բանակ ունենալու, պետականութիւն ունենալու համար կարիքը կար մեծ օգնութեան, որու համար Խատիսեան կը դիմէր պոլսահայ մեծահարուստ վաճառականներու՝ զարգացնելու համար Հայաստանի տնտեսութիւնը. ան իր սրտի խօսքերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Մեր հայրենիքի անկախութիւնը ստեղծուեր է ժողովրդեան միահամուռ զոհողութիւններով եւ այդ ժողովուրդը ի՛նչ որ ալ ըլլայ իր այսօրուան նիւթական անձուկ վիճակը, անկարելին կ՚ընէ, օգնելու եւ պահելու համար ստեղծուած Հայկական Ազատ Հանրապետութիւնը»: Խատիսեան ամէն ջանք ի գործ կը դնէր: 

Օրուան մամուլը զինք կը յիշէր հետեւեալ ձեւով. «Ազատագրուած Հայաստանին նմենէն նշանաւոր պետական մարդը»:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ իր մահուան ժամանակ ամենէն շատ ի՞նչ կը ցանկայ:

Պատասխան. Մարդ իր մահուան պահուն ամենէն շատ սէր կը ցանկայ, ներողամտութիւն եւ հոգեկան խաղաղութիւն: Այդ պահուն անցեալի վիշտերը, սխալները եւ չըսուած խօսքերը կը յիշէ եւ կ՚ուզէ հաշտուիլ իր սիրելիներուն հետ, ներել ու ներուիլ: Կը փափաքի զգալ, որ իր կեանքը իմաստ ունէր եւ գիտնալ, որ ինք յիշուած պիտի մնայ ո՛չ թէ իր սխալներով, այլ՝ իր լաւ գործերով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 9, 2025