ՄԱՐՔՕ ՌՈՒՊԻՕ ԼԱՒԱՏԵՍ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային կ՚ակնկալեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքուիլը։
Սպիտակ տան մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասնակցութեամբ կազմակերպուած հանդիպման մը ընթացքին պետական քարտուղարը կանգ առաւ վերջին շրջանին Ուաշինկթընի ազդեցութեամբ ապահովուած՝ միջազգային հրատապ օրակարգի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ ձեռքբերումներուն վրայ, որոնց ծիրէն ներս բանաձեւեց նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու վերաբերեալ սպասումները։
«Մենք դադրեցուցինք Հնդկաստան-Փաքիստան պատերազմը։ Քոնկօ-Ռուանտա համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան գործողութեամբ աւարտեցաւ տասներկուօրեայ պատերազմը (Իսրայէլ-Իրան)։ ԱՄՆ աշխարհի մէջ միակն է, որ կրնայ ընել այս բանը։ Կը յուսամ, թէ շուտով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կը ստորագրուի», ըսաւ ան։
Ինչպէս ծանօթ է, Երեւան եւ Պաքու համաձայնեցուցած են ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը։ Յամենայնդէպս, Ատրպէյճան ձեռնպահ կը մնայ այդ մէկը ստորագրելէ՝ միշտ պահանջելով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան ենթարկուիլն ու «Զանգեզուրի միջացքի» բացումը։ Այս պահանջները յամառօրէն կը բարձրաձայնուին Պաքուի քաղաքական վերնախաւին կողմէ՝ ներառեալ վերջին օրերու յայտարարութիւնները։