ՍՈՒՐԲ ՏՐԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ

Տրդատ թագաւոր՝ Հայոց թագաւորը Արշակունի ցեղէ, որդին է Խոսրով Ա.-ի։ Երբ հայրը Խոսրով Ա. Սպաննուեցաւ, դեռ մանուկ էր Տրդատ եւ իր քոյրը Խոսրովիդուխտ եւ Արտաւազդ Մանդակունի, խորհելով որ մի գուցէ վտանգուի ամբողջ արքունական տունը, Տրդատը Կեսարիա փախցուց։

Տրդատ, Կեսարիա անցընելէ վերջ իր պատանեկութիւնը, գնաց Հռովմ՝ ուր Դիոկղետիանոս կայսեր հովանիին ներքեւ ապրեցաւ ժամանակ մը եւ ամբողջ արքունիքին եւ մեծամեծներուն ուշադրութիւնը գրաւեց իր հսկայական եւ ազդու ուժին մեծագործութիւններով։

Յետոյ Հռովմի արտօնութեամբ Հայաստան դառնալով, ստացաւ իր հայրենի գահուն ժառանգութիւնը. այդ միջոցին էր, որ իր մօտ դարձնել տուաւ նաեւ իր Խոսրովիդուխտ քոյրը՝ զոր Օտա նախարարը Անի ամրոցը տարած եւ պահած էր զայն։

Տրդատ յետոյ ամուսնացաւ Ալանաց թագաւորին դստեր՝ Աշխէն տիկնոջ հետ։ Եւ որովհետեւ այդ միջոցին քրիստոնէութիւնը ծածուկ կերպով տարածուած էր Հայաստանի մէջ, եւ Հռիփսիմեանց եւ ուրիշ կոյսերու քարոզութեամբ արքունական տան մէջ իսկ հետեւողներ ունեցած էր իրեն՝ հաւանական է, որ Աշխէն եւ Խոսրովիդուխտ եւս այդ կերպով շահուած էին արդէն Աւետարանի դատին։

Այնպէս որ երբ Տրդատ Հռիսփիմէն եւ ընկերները նահատակելէն վերջ հաւանաբար խղճատանջութենէն մտաւոր խանգարումի ախտանշաններ ցոյց տուաւ, Խոսրովիդուխտի թելադրութեամբ է, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը իր Խոր Վիրապի արգելարանէն հանելով ազատ թողելու գործը կարգադրուեցաւ։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր աղօթքով նախ բժշկեց այն ատեն թագաւորը եւ ամբողջ արքայական ընտանիքը, որմէ վերջ ամէնքը՝ բանակը եւ ազգը բովանդակ ի պաշտօնէ ընդունեցին քրիստոնէութիւնը։

Ս. Հռիփսիմեանց վկայարանը պատրաստելու համար Տրդատ՝ իր տիկնոջ եւ քրոջ հետ՝ մասնակցեցաւ անոնց հիմերը փորելու գործին. ապա Սուրբ Գրիգոր եպիսկոպոս ձեռնադրուած երբ կը վերադառնար Կեսարիայէն, Տրդատ ընտանեօք եւ նախարարներով մինչեւ Բագրեւանդ ընդ առաջ գացած ըլլալով՝ հոն Եփրատի մէջ ամէնքը մկրտեց Աւետարանի լոյսով, ըստ վկայաբանական աւանդութիւններու՝ Յովհաննէս վերաձայնելով Տրդատ թագաւորը։

Յետոյ Էջմիածնի շինութեան ժամանակ եւս Տրդատ անձամբ աջակից եւ հովանաւոր եղաւ գործին կատարման եւ ապա եւս, երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանի մէջ ամէն կողմ քրիստոնէութիւնը տարածելու եւ Եկեղեցին կազմակերպելու եւ պայծառացնելու ձեռնարկեց, Տրդատ միշտ գործակից եւ պաշտպան եղաւ անոր։ Իսկ ծերութեան օրերուն, ինչպէս կ՚աւանդուի, առանձնացաւ Սեպուհ լեռը եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի միայնանոցին մէջ ճգնական կեանք վարեց, եւ 90 տարեկան հասակին դեղակուր՝ թունաւորուած մահուամբ նահատակուեցաւ 330 թուականին՝ հաւանաբար զոհ երթալով հակաքրիստոնեայ ոգւով տոգորուած նախարարներու հեթանոսական վրէժ-խընդրութեան, եւ թաղուեցաւ Թորդան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի հանգստարանին մէջ։

Տրդատ թագաւորէ առաջ մեռած կը համարուի թագուհին Աշխէն՝ որ շատոնց արդէն ճգնողական կեանք մը կ՚ապրէր Գառնի ամրոցին մէջ՝ Խոսրովիդուխտ օրիորդին հետ՝ որ նոյնպէս հոն կնքեց բարեպաշտութեամբ զարդարուած իր կեանքը։

*

Ե՞րբ կատարուեցաւ հայոց դարձը։

Այս անցքի ժամանակի նկատմամբ եղած են զանազան կարծիքներ, ոմանք այս թուականը կը տանին մինչեւ 280-285 թուականները, բայց ապաքէն Ս. Լուսաւորչի ձեռնադրութիւնը կապուած է Ղեւոնդիոս եպիսկոպոսի հետ, իբրեւ ստոյգ իրողութիւն, որ Դ. դարու սկիզբներէն Կեսարիոյ եկեղեցւոյ գլուխը անցաւ։ Ինքն ըստ ինքեան առած՝ բնական է, որ Ս. Լուսաւորչի քարոզութեան առաջին օրերէն սկսեալ մինչեւ անոր քահանայ ձեռնադրուիլը բաւական ժամանակ անցած ըլլայ, հետեւաբար եւ ժամանակի խնդիրը շատ կարեւոր պէտք չէ նկատուի…

Սակայն զարմանալի կը թուի, որ եկեղեցւոյ առաջին կարգաբան պատմիչ, Ս. Լուսաւորչի ժամանակակից եւ Կոստանդիանոսի բարեկամը Եւսերիոս Կեսարացին իր եկեղեցական պատմութեան մէջ ամենեւին չի յիշեր հայոց դարձը, Ս. Գրիգորի անունը, եւ ո՛չ իսկ վրաց դարձը. բայց ան գիտէ, որ հայերը հինէն ի վեր քրիստոնեայ են, այն ալ ջերմագոյն, ինչպէս որ Մաքսիմինոսի անցքը պատմելէն կը յիշատակէ։

Տարօրինակ կ՚երեւի դարձեալ, որ նոյն Եւսերիոսը չի յիշատակեր Նիկիոյ ժողովի հայրապետներու մէջ Արիստակէսի անունը, մինչդեռ նոյնը յիշատակուած է ամէն հին լեզուներով պահպանուած ցանկերու մէջ։

Եւսերիոսի այս լռութիւնը անբացատրելի չէ։ Քննադատութիւնը ցոյց կու տայ, որ Եւսերիոսը այն անցքերը միայն կը յիշատակէ եւ այն վստահելի է՝ որոնք հին վաւերագրեր ունին. իսկ ուր որ ան փաստաթուղթեր չունի, ինչպէս իր ժամանակի անցքերու համար, ան կը պատմէ խառնաշփոթ եւ թերի։ Հայոց դարձի նկատմամբ ան Եգիպտոս վաւերագիր չէ ունեցած։

Տակաւին Տրդատ թագաւոր կենդանի էր, երբ Արիստակէսին յաջորդեց իր երէց եղբայրը՝ Վրթանէս, որ նախապէս ամուսնացած էր, իսկ կնոջ մահուանէն յետոյ՝ երէց դարձած։

Հայ հեթանոսութիւնը եւ քրմութիւնը թէեւ ընկծուած էր ըստ երեւոյթին Ս. Լուսաւորչի եւ Տրդատի ջանքերով, բայց ո՛չ բոլորովին հին կրօնին սերտ կապուած ժողովուրդ եւ քրմութիւն կար տակաւին, որոնք Տրդատի մահուանէ յետոյ նոր փորձ մը կը կատարեն, այն ալ Խոսրովի կնոջ ակնարկութեամբ, սպաննել հայոց քահանայապետ Վրթանէսը, Աշտիշատը աւերել եւ այսպէս «հին կրօն»ը վերականգնել…

Սիրելի՜ներ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը. պատմութիւնը նոյնանման դէպքերու կրկնութիւնն է, ուր կը փոխուին միայն անձեր եւ ո՛չ՝ դէպքեր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 11, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025