ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՄԵՆԷՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ԴՈՒՐՍ
Ինչպէս գիտենք, Թուրքիա հայոց դէմ գործուող անարդարութիւններուն դիմաց մնաց անտարբեր եւ, անշուշտ, լաւապէս կը գիտակցինք, թէ այդ անտարբերութիւնը Գերմանիոյ քաղաքական շահերը պաշտպանելու համար էր, սակայն, Խատիսեանի իսկ վկայութեամբ Պոլսոյ գերման դեսպանը համամիտ չէր այդ անտարբերութեան։ Խատիսեան կը յիշէ, թէ ինչպէս Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանը տարբեր առիթներու այցելելով Օսմանեան կայսրութեան մեծաւորներուն մօտ պաշտպանած է հայոց հարցը. նոյնիսկ հայկական պատուիրակութեան Պոլիս գտնուած ժամանակ հիւրընկալած է զիրենք եւ պէտք եղած բոլոր հեռագիրները յղած է Գերմանիա։ Խատիսեան իր գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ դեսպանին նամակները լոյս տեսած են առանձին հրատարակութեամբ եւ անոր մէջ աւելի քան երբեք պարզ է որ դեսպանը իրապէս փորձած է հայոց շահերը պաշտպանել:
Ի դէպ յայտնենք, որ հայերու ունեցած դժուարութիւնները միայն 1915 թուականներուն չէին։ Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Խատիսեան կը գտնուէր Պոլիս, հայ ժողովուրդը տարբեր շրջաններու մէջ լուրջ մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու առջեւ կը գտնուէր: Խատիսեան կը գրէ. «Հայ ժողովուրդի գոյութիւնը Կովկասի մէջ, այն ժամանակամիջոցին երբ մենք Պոլիս էինք, աւելի ծանրացած էր: Մասնաւորապէս յուսահատական էր Ախալքալաքի գաւառի վիճակը: Այդ գաւառը, որ 80 հազար հայ բնակչութիւն ունէր, ստիպուած էր գրեթէ ամբողջովին տեղահան ըլլալ եւ ապաստան գտնել Վրաստանի Բակուրեան շրջանի մէջ»: Խատիսեան կը յիշէ, որ այդ տեղահանութիւնը տեղի կ՚ունենար անձրեւի եւ ձիւնի տակ: Խատիսեան կ՚ըսէ, թէ այդ ժամանակահատուածին մէջ աւելի քան 25 հազար մարդ զոհուեցաւ:
Որպէս ամփոփ վերաքաղ աչքի դիմաց ունենանք բոլոր իրավիճակները. ստեղծուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն մը, որ չունի բանակ, չունի հարստութիւն ու նիւթական միջոցներ. ունի սնունդի եւ դեղօրայքի լուրջ խնդիր. երկրին մէջ կան բազմահազար սովամահեր եւ հիւանդութեան պատճառով մահացողներ: Դրացի պետութիւններ իրենց անկախութիւնը կը հռչակեն. ամէն մարդ կ՚ուզէ իր սահմանները ընդլայնել: Նման պայմաններու մէջ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն մը կը փորձէ դիւանագիտութեան, բանակցութիւններու ու համաձայնութիւններու հիման վրայ իր խաղաղութիւնը ապահովել, միաժամանակ լուրջ ձեւով սովամահ ժողովուրդին սովին վերջ տալու ամէն հնարաւոր միջոցները գտնել:
Պէտք է ընդունիլ, որ թէեւ որպէս արդիւնք ձախողած, սակայն, որոշ ձեռքբերումներ ունեցան հայ պատուիրակները Պոլսոյ մէջ. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Վէհպի փաշայի հրամանագիրը, որ հրատարակուած էր 4 յունիս 1918 թուականին. այդ հրամանագիրը պիտի կարդացուէր թուրք ժողովուրդին։ Անոր մէջ կ՚ըսուէր հետեւեալը. «Հաշտութիւն է ու արգիլուած է թշնամական վերաբերում ցոյց տալ դէպի հայերը։ Կ՚արգիլուի նաեւ այսուհետեւ հայերը սպաննել»: Անշուշտ, այս հրամանագիրը մտածել կու տայ, թէ արդեօք նախօրօք «արտօնելի՞» էր, իսկ հիմա «կ՚արգիլուի՞»:
Հայ պատուիրակութեան համար սարսափելին այն եղաւ, որ տակաւի նոր «հաշտութեան» բանակցութիւնները սկսած կոտորածները շարունակուեցան։ Պաքուի մէջ աւելի քան 30 հազար հայեր զոհուեցան եւ ապագայ կոտորածները կանխելու համար Խատիսեան Ա. Ահարոնեանին հետ միասին դիմեցին Երիտասարդ թուրքերու կոմիտէին եւ տեսակցութիւն ունեցան Պէհաէտտին Շաքիրի եւ Նազըմի հետ, որոնք պնդեցին, որ ո՛չ թէ 30 հազար հայեր, այլ ընդամէնը 300 հայեր զոհուած են:
Անշուշտ, հոս կայ այլ ներքաղաքական հարց մը: Հայաստանի պատուիրակութիւնը ամէն գնով կը փորձէր հաշտութիւն կնքել՝ պատերազմը վերջ տալու եւ սովամահ հայերը փրկելու համար, սակայն, միւս կողմէ տակաւին գոյութիւն ունէր հայ ֆիտայական շարժումներ, որոնք կը շարունակէին կռիւը տեղացիներուն դէմ: Այսինքն մէկ ձեռքի վրայ հաշտութեան բանակցութիւնները առաջ կը տարուէին, իսկ միւս կողմէ տեղացիներուն դէմ զինուիլն ու պատերազմիլը կը շարունակուէր եւ Խատիսեանի աշխատութեան մէջ կը տեսնենք, թէ բազմիցս թուրք մեծաւորներ կը յիշեն Անդրանիկն ու անոր զօրքերը:
Բանակցութիւններու ընթացքին ամէն բան ընտիր ըլլալ կ՚երեւի, սակայն ո՛չ գործնական գետնի վրայ. կը տեսնենք, թէ Պէհաէտտին Շաքիր ու տքթ. Նազըմ եւս հաշտութեան կողմնակից էին. Խատիսեան կը գրէ. «Մեր խօսակիցները կը պահանջէին լիովին մոռնալ անցեալը»:
Նկատի ունենալով անցնող մի քանի օրերու մեր հաւաքած տեղեկութիւնները, կը տեսնենք Խատիսեան մը, որ գիտէր, թէ դիւրին չէ դարաւոր հարց մը մի քանի օրուան մէջ լուծել, սակայն, ուրիշ ելք մը գտնել անհնարին էր. երբ չունիս բանակ, երբ չունիս ուժ կա՛մ օտարին իշխանութեան տակ պիտի յայտ-նըւիս, եւ կամ այդ իշխանութեան տակ չյայտնուելու համար պէտք է համաձայնութեան հասնիս: Խատիսեան կը լսէր բազմաթի՜ւ խաղաղութեան միտող խօսքեր. Թալէաթ եւ ուրիշներ բազմիցս կը խօսէին հաշտութեան կարեւորութեան մասին, սակայն քաղաքականութիւնը բարի չէ այնքան՝ ինչքան բարեկամական խոստումները:
Խատիսեան կրնայ ըլլալ իր քաղաքական կեանքի ընթացքին որոշ սխալներ կատարեց, սակայն, անոր անձնուրաց գործունէութիւնը բաւարար է, զինք որպէս ազգային հերոս ճանչնալու: Այսօր անոր դիակը Հայաստանէն դուրս է. անձ՝ որ իր ամբողջ կեանքը երազած է ստեղծել եւ ունենալ Ազատ ու Անկախ Հայաստան մը, այսօր դուրս կը մնայ անոր Ազատ ու Անկախ հողէն: Այսօր անոր անունով ո՛չ մէկ դպրոց, ո՛չ մէկ փողոց եւ ո՛չ մէկ յիշատակութիւն կարելի է գտնել Երեւանի փողոցներուն մէջ. լոյս աշխարհ եկած է հայ մը՝ Ա. Խատիսեան անուանումով, պայքարած ու տառապած է հայ ժողովուրդին համար եւ այսօր մոռցուած իր վերջնական հանգիստը կ՚անցընէ հեռու այն հողէն՝ որուն համար կեանք մը ամբողջ պայքարեցաւ:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ա. Խատիսեան հակառակ իր կատարած աշխատանքին, ինչո՞ւ գնահատուած չէ հայ ժողովուրդի կողմէ:
Պատասխան. Ա. Խատիսեան թէեւ նշանակալի դեր ունեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան կազմաւորման մէջ, սակայն, այսուհանդերձ հայ ժողովուրդի կողմէ դրական գնահատականի չարժանացաւ: Հիմնական պատճառներէն մէկն է անոր քաղաքական որոշումները, մասնաւորաբար Ալեքսանդրոպոլի պայմանագիրի ստորագրումը, որ շատերու կողմէ ընկալուեցաւ որպէս ազգային շահերու դաւաճանութիւն: Անոր գործունէութիւնը շատերու կողմէ դիտուեցաւ որպէս յարմարուողական, ինչ բան պատճառ եղաւ, որ հեռու մնայ ժողովուրդէն եւ անոնց սպասելիքներէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան