ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 9-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

15 Յուլիսի ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը այսօր համախմբած է բովանդակ Թուրքիան։ Երկիրը կ՚արժեւորէ ձախող պետական հարուածի 9-րդ տարելիցը։ Ժողովրդական դիմադրութեամբ կասեցուած այդ նախաձեռնութեան նշաջնակութիւնը տարիէ տարի աւելի կը բիւրեղանայ։ Ահաբեկչական կազմակերպութեան յետին նպատակները կասեցուցած ժողովրդական դիմադրութիւնը այժմ արդէն նոր գործօնի մը, նոր խթանի մը վերածուած է Թուրքիոյ ընդհանուր երթին եւ ժողովրդավարութեան պահպանման կամքին տեսակէտէ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան դարձած է դիմադրութեան այդ շարժումը առաջնորդած ղեկավարը, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատներու վրայ վճռական քայլերով յառաջ կը տանի իր քաղաքական գիծը։

15 Յուլիսի տարելիցին ընդառաջ, երէկ, նախագահ Էրտողան Անգարայի մէջ այցելեց՝ ձախող յեղաշրջման փորձի ընթացքին ընտանիքէն երեք նահատակ տուած ծերունազարդ կնոջ մը բնակարանը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 15, 2025