ՆԱԹՕ-ԷՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՏԳԱՄ
ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարները այսօր կը մէկտեղուին Պրիւքսելի մէջ՝ քննարկելու համար Ռուսաստանի կողմէ Սուրիոյ մէջ իրականացուած օդային գործողութիւնները։ Մինչ այդ, ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Շթոլթենպերկ յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕ պատրաստ է զինուոր առաքելու Թուրքիա՝ հարաւային սահմանէն գալիք հաւանական սպառնալիքներու դիմաց պաշտպանելու համար իր դաշնակիցը։ Շթոլթենպերկ կոչ ուղղեց նաեւ Ռուսաստանին, որպէսզի Սուրիոյ մէջ նեցուկ չկանգնի Պեշար Էսատի վարչակարգին, այլ պատերազմ մղէ Իսլամական պետութեան դէմ։
Ինչպէս յայտնի է, Սուրուչի ցաւալի դէպքէն եւ ՓՔՔ-ի դէմ գործողութիւններու սկսելէ ետք Անգարա արտահերթ նիստի հրաւիրած էր ՆԱԹՕ-ն։ Այսօրուան ժողովին ընթացքին կ՚ակնկալուի, որ պաշտպանութեան նախարարները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեն Թուրքիոյ։ Բաց աստի, նախարարները Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնոյ արեւելքին դէմ կատարուած միջամտութեան հետեւանքով Պալթեան երկիրներու անհանգստութիւնն ալ պիտի արտայայտեն։
Մինչ այդ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Էշ Քարթըր յայտարարեց, թէ խնդրոյ առարկայ չի կրնար ըլլալ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի զինուորական գործակցութիւնը Սուրիոյ տարածքին վրայ։ Ըստ Քարթըրի, Ռուսաստանի Սուրիոյ ռազմավարութիւնը թերի է։ Նախարարը յայտնեց սակայն, որ միայն թեքնիկ բնոյթով պարզ տեսակցութիւնները պիտի շարունակուին։ Ան խստօ-րէն քննադատեց նաեւ Ռուսաստանի կատարած ռըմ-բակոծութիւնները։