ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՉԵԽԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի մէջ ընդունեց Անգարայի մօտ Չախիոյ դեսպան Փեթըր Սթեփանեքը, որուն կ՚ընկերանար Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Օլկա Հայֆլերովա։ Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ, Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց չեխ բարձրաստիճան դիւանագէտները, որոնք քաղաքավարական այցելութեան մը փութացած էին։

Հիւրերու խնդրանքին ընդառաջ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան եւ դերակատարութեան։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ բացատրեց նաեւ Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան զուգահեռ ծաւալած գործունէութիւնը՝ համայնքի կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջներուն ընդառաջ։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց դիւանագէտներու այս այցելութեան համար։ Հիւրերն ալ, իրենց հերթին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ վերբերմունքին եւ յատկացուած ժամանակին համար։

Շաբաթ, Յուլիս 26, 2025