ԽՕՍՔ՝ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻՆ
Երկու տարի վերջ կրկին հաւաքուած ենք Կիրակոս Գույումճեանի «Երթս երկաթին հետ» գիրքի շնորհանդէսէն, այս անգամ «Յուշագրական պատառիկներ» հատորին ներկայացման առիթով: Սոյն գիրքը, որ հեղինակի կեանքին վերջին շրջանի հասարակական ու հրապարագրական ծաղկաքաղն է, յայտնապէս կը բացայայտէ անոր ազգային ու համամարդկային նկարագիրը, երկու հիմնական գործունէութեանց ընդմէջէն. առաջինը՝ հասարակական-բարեսիրական, իսկ երկրորդը՝ հրապարագրային-գրական:
Ես վեր պիտի առնեմ քանի մը երեւոյթներ, որոնք կարմիր թելի պէս կ՚անցնին «Յուշագրական պատառիկներ» գիրքին մէջ եւ տեղ մը յատկանշական կը համարուին բացայայտելու՝ հեղինակին անձնաւորութիւնն ու նկարագրայնութիւն կու տան իր գործունէութեան:
Առաջին ոգեւորող ու նկատելի կէտը ինծի եւ կարծեմ շատերու համար, Կիրակոս Գույումճեանի կերպար ստեղծելու իրողութիւնն է: Այո՛, այդ մէկը կրնանք համարել հաւաքական մղում անցեալ դարու 20-ականներէն սկսեալ սփիւռքի մէջ, նոյնպէս հօրս ու Գույումճեանի սերունդով, այդ կերպարագործութիւնը շատ յարգելի ու յուզիչ է: Սփիւռքահայուն պատկեր ու նկարագիր տուին Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ: Սփիւռքահայը՝ Գույումճեաններուն նման մարդոց ստեղծած արժեբանութեամբ ունեցաւ առաքինի ու պայծառ այցէքարտ եւ այդ մարդկային հաւաքական ներկայացուցչական ամենաձգտելի ու հպարտալի նուաճումներէն է, երբ համբաւն ու անունը կը կանխեն մարդը։ Որակի, հմտութեան, աշխատասիրութեան, հաւատարմութեան, ճշտապահութեան ու ստեղծագործութեամբ ստեղծուած յառաջընթացի հոմանիշը դարձաւ սփիւռքահայը:
Գույումճեանի մօտ երկրորդ բացայայտիչ ու ներշնչող երեւոյթը իր սէրն է, առ ի նուիրատուութիւն ու նուիրուածութիւն, միեւնոյն ատեն տալը բարիք համարելու մօտեցումն է: Այո՛, հաւանաբար բարոյագիտական դասերը դիւրին են փոխանցելը ամէնուրեք, բայց, գործով փաստելը անոնց առկայութիւնն ու կիրառումը՝ ամենամեծ ցուցիչներէն է հասարական կեանքին: Գույումճեան վաստակած է այդ մէկը՝ ո՛չ միայն իր հրաւէրներով նուիրուելու հայութեան ու Հայաստանին ու նուիրաբերելու նիւթական ու բարոյական շատ մը արժէքներ, այլ իր անձնական վառ օրինակով արդարօրէն արժանացած է բարերարի ու արդարամիտի դափնեպսակին:
Յաջորդ արժէքը՝ գրականութեան ու արուեստի հանդէպ Գույումճեանի ունեցած բարձրագոյն ակնածանքն ու սէրն է։ Գրականութիւնը փրկարար տեսնելու, զայն իտէալականացման տանող ճամբան գտնելու մարմանջը շատ յարգելի է, հակառակ փոքր ժողովուրդներու իտէալապաշտութիւններու պարտութիւններուն: Գույումճեան իր հրապարակախօսական ասպարէզը զարգացուցած է՝ մեկնած իր մեծ հաւատքէն, որ կը տածէ գրականութեան հանդէպ: Համատարած երեւոյթ չէ գործարար աշխարհը միաձուլել գրականութեան պարզած իտէալակացումներուն հետ եւ փորձել կեանքի ընթացքով գրականութեան նուիրեալներուն յարգանքի ու գուրգուրանքի արժանի տեղը տալ: Այս Գույումճեանին է պարագան, ինչ որ ներշնչող ու առինքնող է։ Ան թէ՛ բարձրօրէն արժեւորած է գիրի ու գրականութեան մշակներն ու գրողները եւ թէ իր ժամանակէն մեծ բաժին նուիրած է գիրին եւ գրականութեան:
Յաջորդը կրնանք թուել համամարդկայինի ու ազգայինի ամենայաջող համադրման ջանքը՝ Գույումճեանի նոր գիրքի բացայայտած անհատի նկարագրութեան ալ ընդմէջէն: Օրինակելի է այդ մէկը եւ տեղ մը բոլոր վարդապետութիւններն ու ընկերային գիտութիւնները անոր կը ձգտին (յաջողած կամ ոչ, իրողութիւն է, որ մարդը իբրեւ անհատ համամարդկային մեծ էակ է ու ազգայինի ալ պարզիչ)։ Այս կէտին կ՚երեւի Գույումճեանին նկարագրային ամենայստակ բաղադրիչներէն մէկը՝ ըլլալ ազգայնօրէն օգտակար եւ լիովին կրել ազգային մտմտուքներն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց լուծում տալու դասերը, միեւնոյն ժամանակ յաջողիլ պայծառ, օգտաւէտ ու նոյնիսկ փնտռուած մնալ տարբեր ազգերէ, ժողովուրդներէ ու արժանանալ անոնց յարգանքին:
Եւ վերջապէս, պէտք է ըսել, որ ազնուութիւնը, կամեցողութիւնը, լաւը փափաքիլը մարդկային վերամբարձ յատկանիշներն են, որոնք մարդ արարածը թէ՛ անհատական մակարդակով եւ թէ ընկերային կտրուածքով կը դարձնէ առաքելածին ու վեհ: Կիրակոս Գույումճեանը նուաճած է ընկերային, հասարակական, բարոյագիտական ու հրապարագրային առաքելութիւններու կատարումները եւ անոնց ունեցած արդարացումները:
Շնորհաւոր «Յուշագրական պատառիկներ»ը եւ նորանոր յաջողութիւններ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան