ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ. Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Շաբաթօրեայ նախորդ երկու գրութիւններով ներկայացուցինք Շահնազար Քէօթահեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, անոր բանաստեղծութիւններէն եւ գրութիւններէն փունջ մը մեր սիրելի ընթերցողներուն: Այսօր, դարձեալ Քէօթահեանի հետ պիտի ըլլանք, այս անգամ անոր մէկ ամբողջական գրութիւնը ներկայացնելու՝ որ կը կրէ մեր այսօրուան վերնագիրը: Այդ գրութեան մէջ Շահնազար Քէօթահեան կը խօսի հայ հոգեւորականներուն մասին: Նկատի ունենալով ներկայիս յատկապէս Հայաստանէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականութեան դէմ մոլեգնած պայքարը, յարմար նկատեցինք այս գրութիւնը հրամցնել մեր ընթերցողներուն: 

*

Խոր յարգանք, գնահատանք եւ հիացում ունինք հանդէպ մեր հոգեւորականներուն. հայ հոգեւորականներուն, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ կը ջանան արդիւնաւորապէս հովուել իրենց խնամքին յանձնուած հաւատացեալները:

Սրբազան, միանգամայն նուրբ, փափուկ եւ խիստ պատասխանատու պաշտօն մըն է հովուական գործը:

Ոեւէ հոգեւորական, ինչ աստիճան կամ տիտղոս ալ ունենայ, հարկ է, անշուշտ, որ ամէն բանէ առաջ տէր եղած ըլլայ կոչումի եւ հաւատքի, առողջ մտքի եւ առողջ ֆիզիքականի, մնայ միշտ հաւատարիմ զինուոր Աւետարանին ու եկեղեցիին եւ նախանձախնդիր հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերուն, առաքինութիւններուն եւ հոգեկան արժէքներուն պահպանման ու զարգացման, ունենայ յատուկ պատրաստութիւն, աւարտելով դպրեվանքի մը կամ աստուածաբանական ճեմարանի մը լրիւ ընթացքը, հմուտ՝ հայերէնի, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ ազգային պատմութեան, գիտնայ լեզուն այն երկրին՝ ուր պիտի պաշտօնավարէ, պատրաստ ըլլայ ծառայութեան, ի հարկին զրկանքի ու տառապանքի, մանաւանդ օժտուած՝ «Անբասիր նկարագրով»: 

Բարեբախտաբար անցած են այլեւս այն ժամանակները, երբ շատ անգամ, հասնող արհեստաւորը կամ բանուորը հոգեւորական կը ձեռնադրուէր՝ առանց նկատի առնելու, թէ թեկնածուն պէտք եղած հոգեկան եւ իմացական պատրաստութիւնը ունի՞, գէթ գրել-կարդալ գիտէ՞, տէ՞ր է կոչումի եւ կը լրացնէ՞ իր պաշտօնին պահանջած պայմաննրը:

Ուրախ ենք, որ այժմ մեր բոլոր հոգեւորականներն ալ, ի մասնաւորի ամերիկեան երկիրներու մէջ մեծաւ մասամբ, յատկապէս դաստիարակուած մշակուած եւ գիտակից անձնաւորութիւններ են եւ իբր այդ նուիրումով ու եռանդով կը ծառայեն մեր ժողովուրդին, մնալով միշտ իրենց դիրքին արժանի բարձրութեանը վրայ:

Հոգեւոր պաշտօնեան կամաւոր զոհ մըն է, մոմ մը՝ լուսավառ, որ սպառելով կը լուսաւորէ իր շրջապատը, ուղղութիւն եւ առաջնորդութիւն տալով իր հօտին եւ մանաւանդ՝ մոլորանքի, յուսալքումի եւ անկումի ենթակայ դժբախտ հոգիներուն:

Հոգեւոր հովիւի պաշտօնը վեր ի վերոյ շատ կը նմանի դաստիարակ-ուսուցչի պաշտօնին: Հոգեւորականութիւնը ամենանուիրական ասպարէզն է, անկէ յետոյ կու գայ ուսուցչութիւնը եւ անոր կողքին ալ մայրութիւնը, մէկը միւսէն վսեմ ու սրտառուչ:

Բացառիկ եւ եզական հանգամանք մը ունի հոգեւոր պաշտօնեան. ան կը տարբերի հասարակ մահկանացուներէն, ան իր հօտին համար, եկեղեցիէն ներս թէ դուրս, Քրիստոսի փոխանորդն է կարգուած եւ ուստի պարտի վարել քրիստոսատիպ եւ քրիստոնէավայել կեանք մը: Եթէ կայ մարզ մը, որ կատակ չի վերցներ, այն ալ հոգեւորական ասպարէզն է: Այս պատճառաւ ալ հոգեւոր հովիւը պարտի, անշուշտ, գիտակցիլ իր պաշտօնին վեհութեան եւ լրջութեան: Սրբազան դաշինք մըն է կնքած, անդառնալի ուխտ մըն է կատարած: ԱԶԱՏ ՉԷ այլեւս իր ուզած կերպով ապրելու, իր ուզածը ընելու, իր ուզածը խօսելու… ան հանրութեան առջեւն է միշտ, կը դիտուի շարունակ ամէնքէն, նոյնիսկ այնպիսի պարագաներու տակ, երբ ինք կը խորհի, թէ ոչ ոք կը տեսնէ կամ կը լսէ զինք:

Ժողովուրդը չէ կարելի խաբել, հանրային կարծիքը չէ կարելի անտեսել:

Միւս կողմէ, գիտենք թէ՝ իբր մարդ ամէնքս ալ անթերի չենք, ուստի՝ չեն կրնար անթերի ըլլալ նաեւ մեր հոգեւոր հովիւները, բայց կ՚ակնկալուի, որ իրենց առաւելութիւններն ու բարեմասնութիւնները միշտ ԳԵՐԱԿՇԻՌ հանգամանք մը ունենան…: Բացարձակապէս անթերի, անբասիր եւ մաքրակրօն հոգեւորականներ նոյնիսկ քննադատուած, դատափետուած եւ անարդար յարձակմանց զոհ գացած են, ալ ուր կը մնան անոնք՝ որոնք աչքառու թերութիւններ կ՚ունենան. թերութիւններ՝ որոնք զիրենք հոգեւորապէս եւ բարոյապէս խոցելի կը դարձնեն…: Մեր ժողովուրդն ալ իր հոգեւորականներուն հանդէպ փոքր ի շատէ անյիշաչար պիտի ըլլար: Եթէ հովիւն է, որ կը կազմաւորէ իր հօտին նկարագիրը, նոյնպէս եւ փոխադարձաբար ալ ժողովուրդը կրնայ նպաստել իր հովիւին կատարելագործման եւ անոր նկարագրի բիւրեղացման:

Շատ-շատ անգամներ պատահած է որ հովիւ մը կամ՝ առաջնորդ մը «Ովսաննա»ներով դիմաւորենք, հանդէսներով ու ճաշկերոյթներով պատուենք եւ սակայն քանի մը տարի վերջն ալ «ի խաչ հանդ զդա» աղաղակներով ճամբու դնենք…: Արդա՞ր է այս. անշուշտ ոչ: Հարկ է զգուշանալ անտեղի եւ ոչ կարեւոր հարցերը մեծցնելէ եւ անոնց մասին քննադատութիւններ տեղացնելէ: Հովուական ասպարէզը թէեւ նուիրական՝ սակայն փշոտ եւ տաժանելի ճամբայ մըն է, անշուշտ, իր կոչումին գիտակցութիւնը ունեցողին համար, մենք ալ մեր կողմէ յաւելեալ դժուարութիւն չտանք իրեն:

Պատահած է նաեւ եւ շատ իրաւամբ, որ անարժան, իրենց կոչումը դրժող հոգեւորականները, մերժեցինք ընդունիլ, խնդիր ըրինք, աղմուկ յարուցինք, սակայն, արժանաւորները, կարողութեան եւ հմտութեան տէր, նկարագրով օրինակելի եւ անխոցելի եղողներն ալ պէտք եղած կերպով քաջալերեցինք, գնահատեցինք ու վարձատրեցինք…:

Հոգեւոր եւ բարոյական ԱՉՔԱՌՈՒ եւ ՀԻՄՆԱԿԱՆ թերութիւնները երբ նշմարենք հովիւի կեանքին մէջ, իրաւունք ունինք լրջօրէն խորհելու եւ միջոցներ ձեռք առնելու, սակայն երկրորդական, չնչին հարցերուն, ըսի-ըսաւներուն ալ կարեւորութիւն չտանք, ընդհակառակը օգնենք հովիւին, նեցուկ կանգնինք իրեն, որպէսզի աւելի եռանդով ու սիրով իր գործին լծուի: Յարգենք մեր հովիւը, մեր զաւակները եւս վարժեցնելով նոյն սէրն ու յարգանքը տածեն հովիւին հանդէպ. օրինակը մեծերէն եւ տունէն պէտք է տրուի:

Ժողովուրդ մը արժանի է հովիւին եւ փոխադարձաբար հովիւն ալ արժանի է իր ժողովուրդին: Հարկ է հովիւին վերելքը մեր վերելքը եւ անոր յաջողութիւնը, բարօրութիւնը եւ երջանկութիւնը ՄԵՐԸ նկատել, այդ կերպով սատարելով մեր իսկ աճման ու զարգացման:

Պէտք է գիտնալ, թէ չէ կարելի բաղձալի բոլոր առաւելութիւններն ու բարեմասնութիւնները ՄԷԿ ԱՆՁԻ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ գտնել, իւրաքանչիւր ոք սակայն, կ՚ունենայ մէկ աւելի ցցուն արժանիքներ, որոնք զինք սիրելի կը դարձնեն հանրութեան եւ կը նպաստեն իր պաշտօնին բարւոք կատարումին: Կարեւորը այն է, որ հովիւը՝ իր նկարագրի ընդհանուր եւ հիմնական գծերով ըլլայ զօրեղ եւ անպարտելի:

Նոյնպէս հովիւ մը որքան ալ խոհականութեամբ, զգուշաւորութեամբ եւ օգտակարապէս ծառայէ, ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԳՈՀԱՑՆԵԼ ԲՈԼՈՐԸ, միշտ պիտի գտնուին դժգոհներ, անպայման ծուռ բան մը, յանցանք մը, թերութիւն մը տեսնելու հակամէտ՝ ծուռ շարժառիթներով եւ չար սրտով մարդիկ, որոնք պիտի ջանան նեղութիւն պատճառել հովիւին: Հովիւին կ՚իյնայ այս բոլորը նկատի ունենալ եւ առանց կարեւորութիւն տալու այնպիսիներուն, շարունակել իր գործը, վստահելով իր հօտի մեծամասնութեան համակրանքին եւ առաջնորդուելով Աստուածային լոյսով:

Երբեմն ալ հովիւը զոհը կ՚երթայ հոգաբարձութեան կամ եկեղեցական այս ու այն մարմնոյ մի քանի անդամներուն իրարու հանդէպ ունեցած հակառակութեան եւ հատուածական հակամարտութեան: Այս ալ ահա պատճառ մը, որ հովիւը ջանայ ծայր աստիճան անկողմնակալ, չէզոք եւ զգուշաւոր կեցուածք մը որդեգրել:

Հարկ է ի մտի ունենալ նաեւ հետեւեալ կարեւոր պարագաները:

Հոգեւորականը ՆԻՒԹԷՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՎԵՐ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ, այնքան վեր, որ որեւէ կերպով չազդուի անկէ եւ կարենայ իր սրբազան պարտականութիւնը անարգել կատարել: Աւելորդ է ըսել, թէ առաջին իսկ օրէն ձախողած է այն հովիւը՝ երբ դրամը, նիւթը, ընչաքաղցութիւնը եւ աշխարհիկ հակումներ ՑՑՈՒՆ տեղ մը կը գրաւեն իր առօրեայ կեանքին մէջ: Հոգեւորականին անկ է առաւելապէս ՎԵՐԻ բաներուն նայիլ…: Շատ փափաքելի է, մանաւանդ, որ հոգեւոր հովիւը չստանձնէ դրամական եւ հաշուական պարտականութիւններ: Այդօրինակ գործերու հոգը թող վերցնեն եկեղեցական մարմինները: Հովիւը կ՚ըլլայ միայն վերին հսկիչը այդ բոլորին:

Միւս կողմէ հոգաբարձութեան կամ թաղային մարմնոյն ալ պարտականութիւն կ՚իյնայ հովիւին սահմանել ԲԱՒԱՐԱՐ ԹՈՇԱԿ, մարդկօրէն ապրելու համար, որպէսզի նիւթական հոգերէ զերծ՝ կարենայ նուիրուիլ իր հոգեւոր պաշտօնին եւ օգտակար ըլլալ:

Հոգեւոր հովիւը հայրական սէր ունի եւ համերաշխ կը մնայ միշտ իր հօտին եւ իր հոգեւոր պաշտօնակիցներուն հանդէպ: Ոխը, քէնը, ատելութիւնը անծանօթ են իր հոգւոյն: Զինք դէպի Աստուած առաջնորդող ճամբան մաքուր ու անարատ է: Ո՛չ մէկ արգելք ու խոչընդոտ, ո՛չ մէկ ստուեր չի մթագներ զայն…: Այլապէս, հոգեւորական մը ինչպէս Ս. Սեղանին պիտի մօտենայ Ս. Պատարագ մատուցանէ, աղօթէ, քարոզէ եւ Աւետարան կարդայ, երբ իր հոգեւոր եղբօր կամ իր հոգեւոր զաւակներէն միոյն ու միւսին հանդէպ ատելութիւն ունի: Այսպիսի բան մը երեւակայելն իսկ տեսակ մը սարսուռ կու տայ մեզի…:

Նոյնը չէ նաեւ անհատ հաւատացեալներու համար: Մէկ կողմէն չար խորհուրդներ, նախանձ եւ թշնամանք ունինք մեր սրտին մէջ, մեր դրացիին կամ՝ ընկերոջ հանդէպ, միւս կողմէ կը համարձակինք եկեղեցի գալ աղօթելու, Ս. Հաղորդութիւն ստանալու եւ հոգեւորապէս զօրանալու համար…: Այն ատեն ուր կը մնայ Աւետարանի այն պատգամը, որ կը յորդորէ ընծան ու զոհը Ս. Սեղանին վրայ թողուլ, երթալ հաշտուիլ թշնամիին կամ՝ ատելութեանդ նշաւակ դարձած ընկերոջդ հետ ու անկէ ՅԵՏՈՅ գալ ու հանգիստ, մաքուր սրտով, խաղաղ հոգիով աղօթք մատուցանել: Լրումն օրինաց սէր է, երբ սէրը, իբրեւ Մեծագոյն Պատուիրան, կը տիրապետէ, այն ատեն խաղաղութիւն, բարօրութիւն, երջանկութիւն եւ յառաջդիմութիւն արդէն ապահովուած կ՚ըլլան համայնքին համար:

Նոյնպէս հոգեւոր հովիւը պարտի ԱՐԺԵՑՆԵԼ ժողովուրդին իրեն հանդէպ սնուցած վստահութիւնը: Ընդհանրապէս խոր հաւատք եւ վստահութիւն ունինք մեր հոգեւոր պետերուն վրայ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս մանուկը իր ծնողաց եւ աշակերտը իր ուսուցչին վրայ, հարցը կը կայանայ անոր մէջ, որ հովիւը ինչպէս եւ ուսուցիչն ու ծնողքը, լիուլի արժեցնեն այս վստահութիւնը…:

Հովիւ մը ԻՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀՄԱՅՔՈՎ է, որ աւելի բարձր պէտք է ըլլայ. իր աստիճանը, կարգը, կամ տիտղոսները չեն կրնար բաւարար համարուիլ…: Ժողովուրդը պիտի սիրէ ու պիտի յարգէ զինք ու հետեւի իրեն, առաւելապէս իր անձնական հմայքին, նկարագրի շքեղութեան անշահախնդրութեան, անկեղծ սիրոյն եւ խոնարհ հոգիին, ոչ թէ իր հոգեւորականի հանգամանքին համար միայն:

Ազգիս Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ինչո՞ւ այնքան սիրեցինք եւ հոգեւին կապուեցանք իրեն: Անոր համար որ իր հանգամանքէն, իր բարձր աստիճանէն ու տիտղոսներէն աւելի բարձր գտանք իր շքեղաշուք նկարագիրը, իր բարի եւ զեղուն սիրտը, մէկ խօսքով բուն իսկ ՄԱՐԴԸ, վեհ հոգիով եւ բաբախուն ջերմիկ զգացումներով:

Հնարաւորութեան սահմանին մէջ, հովիւը պարտի ըլլալ ԱՆԱՉԱՌ, սիրել բոլոր հաւատացեալները միեւնոյն աստիճանով արդար եւ հաւասար վերաբերմունք ցոյց տալով անոնց հանդէպ, հարուստ ըլլան անոնք թէ աղքատ, ուսումնական կամ անուս, արհեստաւոր թէ վաճառական: Շատ գէշ կ՚ազդէ հաւատացեալին վրայ, երբ կը տեսնէ, թէ իր հովիւը անաչառութեամբ չի վերաբերիր իր հօտը բաղկացնող իր զաւակներուն հանդէպ:

Նկատուած է երբեմն, որ հովիւներ այս կամ այն ընտանիքին աւելի շատ կարեւորութիւն կու տան, աւելի յաճախ կ՚այցելեն անոնց ի վնաս եւ ի գայթակղութիւն շատերու:

Նկատուած է, օրինակ, որ երբեմն ՀԱՐՈՒՍՏ ծխականներու յուղարկաւորութիւնը, պսակի խորհուրդը կամ մկրտութիւնը աւելի ԵՐԿԱՐ, աւելի փառաւոր եւ մասնայատուկ կերպով կը կատարուին քան հասարակ մահկանացուներունը: Սխալ կերպ է այս: Աստուծոյ առջեւ հարուստ թէ աղքատ բոլորն ալ հաւասար են՝ մանաւանդ եկեղեցիէն ներս կատարեալ հաւասարութիւն պէտք է տիրէ: Երբ ննջեցնալը, կամ փեսայ ըլլալիքը հանրային ականաւոր դէմք մըն է, մեծանուն ազգային բարերար մը, տաղանդաւոր արուեստագէտ մը կամ վաստակաւոր կրթական մշակ մը ընդհանուրի յարգանքին ու գնահատանքին արժանի՝ այն ատեն ըսելիք չունինք:

Շատ անգամ լսուած է. «Մեր հովիւը միշտ մասնաւոր անձերու հետ կը տեսնուի, անոնց հետ սերտ յարաբերութիւն կը մշակէ մեզ աննկատ կը թողու, ողջոյն չի տար, բարեւ չի տար, մեզի հետ չի խօսիր: Մենք իր հօտին ոչխարները չե՞նք, մենք ալ Հայ քրիստոնեայ չե՞նք»:

Մարդկօրէն բնական է, անշուշտ, որ կարգ մը մտերիմներ ու բարեկամներ ունենանք եւ անոնց հետ աւելի յաճախ յարաբերուինք. սակայն, հոգեւորականի մը համար այս պէտք չէ ըլլայ ի վնաս զանգուածին եւ ըսի-ըսաւի ու գանգատի տեղի տայ:

Եթէ Յիսուս Ինքը անգամ մը Կանայի հարսանիքին ներկայ եղաւ եւ մի քանի այլ առիթներով մեծատուններու հետ ճաշի նստաւ (թէեւ ասոնք ալ փրկագործութեան նպատակով), սակայն իր առաքելութեան մեծագոյն մասը անցուց ձկնորսներու, չքաւորներու, հիւանդներու, անկեալներու եւ մեղաւորներու եւ խոնարհ դասակարգի մարդոց հետ:

Ճի՞շդ է, որ երբեմն աղքատ ու անօգնական ընտանիքներ տարիներով հովուական այցելութիւն չեն ընդունած, պանդուխտներու մեռելները անթաղ մնացած եւ հիւանդները առանց հոգեւոր մխիթարութեան, պարզապէս անոր համար, որ անոնք ի վիճակի չեն եղած հարկ եղած ժամուցը եւ նուէրը հայթայթել: Սրտի ճմլումով ու բողոքախառն սարսուռով է, որ կը կարդանք Տիգրան Կամսարականի «Քու Հայր Մեր»դ խորագիրը կրող գեղեցկահիւս մէկ էջը, ուր նկարագրուած է Կիրասոնցի խեղճ պառաւ մամիկ մը, որուն միակ զաւկին անշուք գերեզմանը չուզեց օրհնել հայ տէրտէրը՝ որովհետեւ չէր կրցած անոր ափին մէջ դնել հանգստեան աղօթքի սակագինը եղող արծաթի կտորը…:

Վերոյիշեալ հարցին հետ անմիջականօրէն կապուած է հովուական այցելութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Այս շատ կարեւոր եւ կենսական պարտականութիւն մըն է եւ հոգեւոր հովիւը պէտք է ի գործ դնէ ժամանակի եւ պայմաններու ներած չափով: Աչքառու թերի մը կը նկատուի հովիւին առօրեայ գործունէութեան մէջ այցելութեանց զանցառումը: Թէ այդ այցելութիւնները որքան կարեւոր են, հովիւը ինքը գիտէ արդէն. հապա այցելութիւնը ընդունողը: Քանի քանի հիւանդներ, չքաւորներ, սգաւորներ, յուսահատ, բազմաչարչար եւ դժբախտ հոգիներ կան, որոնք ակնկառոյց կը սպասեն, որ մէկը իրենց դուռը բանայ, անոր հետ իր սիրտն ու հոգին եւ քանի մը սփոփարար խօսքով զօրացնէ ու մխիրթարէ զիրենք: Շատ մը ծուխերու մէջ հովուական այցելութեան այս պարտականութիւնը գրեթէ զանց առնուած է եւ կամ ալ հարկ եղած կարեւորութիւնը չ՚ընծայուիր անոր: Մեր հովիւներէն շատեր այնքան կլանուած են վարչական եւ գրասենեակի սովորական գործերով, որ ժամանակ չունին այցելութիւններ կատարելու: Երբ համայնքը մեծ է, այդ պարագային հարկ կ՚ըլլայ, որ երկու հովիւ ունենայ եկեղեցին, ինչպէս կարգ մը ծուխեր ունի արդէն: Վերջապէս չենք ալ ուզեր մեղադրել հովիւը, երբ չի կրնար հասնիլ բոլորին, մանաւանդ հոս՝ Ամերիկայի մէջ, ուր հայութիւնը ցրուած է ընդարձակ քաղաքներու լայնքին ու երկայնքին եւ հաղորդակցութիւնները չափազանց դժուարացած:

Ինչ որ ալ ըլլայ, սակայն, հարկ եւ անհրաժեշտ է, որ հովիւը տարին գէթ մէկ անգամ իր հօտի իւրաքանչիւր ընտանիքին այցելութիւն տայ. եթէ կարենայ երկու կամ երեքի հասնցել այս թիւը, շատ աւելի լաւ անշուշտ: Կամ եթէ Ծնունդին եւ Զատիկին Ջրօրհնէքի առիթով յաջողի իւրաքանչիւր ընտանիքի այցելել, տրուած պայմաններու մէջ բաւարար պէտք է համարել:

Հարկ է նաեւ զարկ տալ ժողվուրդի ՀՈԳԵՒՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ: Քարոզը, Աւետարանի պատգամներուն ուսուցումը, յատուկ լսարանական հաւաքոյթներու կազմակերպութիւնը, Աստուածաշունչի մեթոտիկ ընթերցումը, չափահասներու յատուկ Կիրակնօրեայ դպրոցներու հաստատումը, կրօնաբարոյական նիւթեր պարունակող գրականութիւնը հոգեւոր կեանքի զարգացման զօրացման նպաստող միջոցներ են: Շատեր կան, որոնք Ս. Գիրքի մասին գաղափար իսկ չունին, ուրիշներ դարձած են նիւթապաշտ եւ աշխարհիկ, զուրկ՝ բարձրագոյն կեանքի մը տեսլականէն: Ո՞վ պիտի ցուցնէ անոնց ուղին, եթէ ոչ Աւետարանի Լոյսը:

Հարկ է ուրեմն, տարածել Աստուածաշունչ Մատեանը ժողովուրդին մէջ եւ ջատագովել անոր առօրեայ ընթերցումը: Ի՞նչ բանի համար է, որ «ԹԱԳՈՒՀԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆՑ»ը, որուն համար մեր անմահ թարգմանիչները իրենց աչքերուն լոյսը տուին, իրենց հոգին ու կեանքը դրին անոր մէջ, որպէսզի մատչելի ընծայեն զայն յաջորդող սերունդներուն, եթէ ան մեր ազգային հպարտանքին առարկան չպիտի դառնայ եւ մեր կեանքին հոգեւոր լոյս եւ առաջնորդութիւն չպիտի պարգեւէ: Իբր զա՞րդ միայն պիտի պահենք զանիկա: Ափսոս է մեզի, եթէ այս մտայնութեամբ կը մօտենանք Սահակ-Մեսրոպներու մեծագոյն նուէրին՝ Հրաշակերտ Մատեանին…:

Եկեղեցիի մը զօրութեան գաղտնիքը աւելի ՆԵՐՔԻՆ է քան արտաքին: Եկեղեցին կրնայ շատ շքեղ, հոյակապ եւ գեղակերտ ըլլալ, սակայն բուն ներքին հոգեւոր կեանքն է, որ Եկեղեցին ուժեղ կը հանդիսացնէ: Կեղեւը՝ լաւ. հապա միջուկը, գանձարանը՝ լաւ. հապա բուն գանձը:

Եկեղեցի կու գանք հոգեւոր կազդոյր եւ մխիթարութիւն գտնելու, նոր յոյսով ու նոր հաւատքով գօտեպնդուելու համար: Կու գանք ո՛չ միայն աղօթք լսելու, այլ նաեւ ԱՂՕԹԵԼՈՒ համար:

Եկեղեցիի մը մեծութիւնը եւ զօրութիւնը իր անդամներու թիւի շատութենէն չէ որ պիտի չափուի. թէեւ, անհրաժեշտ է, որ եկեղեցին ունենայ իր ստուարաթիւ հաւատացեալ անդամները, գիտակից՝ իրենց կոչումին եւ պարտականութեան:

Եկեղեցիի մը զօրութեան գաղտնիքը իր ապահոված նիւթական հասոյթներու մէջ ալ չէ, անշուշտ: Եկեղեցին, որքան կ՚աճի ՆԵՐՍԷՆ, հոգեւոր կեանքը ի՞նչ աստիճանի ՎԵՐԵԼՔ կ՚արձանագրէ…, ասոնք են, որ կենսական նշանակութիւն ունին: Նիւթը երբեք նպատակ մը չի կրնար ըլլալ, այլ անուղղակի, պարզ միջոց մը, եկեղեցիին զօրացման նպաստող:

Հոգեւոր հովիւին պարտականութիւն կ՚իյնայ հետաքրքրուիլ նորեկ երիտասարդներով եւ ընտանիքներով: Պայմաններու բերումով մեր ժողովուրդը միշտ շարժման մէջ է եւ կը ճամբորդէ երկրէ երկիր եւ իբր հետեւանք իւրաքանչիւր հայ հաւաքականութիւն, ատենը հեղ մը իր մէջ կ՚ընդունի նորեկներ: Անհրաժեշտ է, որ հովիւը պատրաստ ըլլայ եթէ ոչ նիւթական, գէթ բարոյական օժանդակութիւն ընձեռելու այսպիսիներուն, որոնք օտար միջավայրի մը մէջ ի մասնաւորի հոս՝ Ամերիկա իրենց սկզբնական քայլերուն համար առաջնորդութեան եւ ուղղութեան կարիքն ունին: Այս նպատակին համար ի հարկին կարելի է կազմել նաեւ մասնաւոր յանձնախումբ մը: Վերջապէս ամէն ջանք տանիլ ոչ միայն օժանդակելու համար այս նորեկներուն, այլ նաեւ զանոնք շահիլ Հայ Եկեղեցիին համար, ազգին համար, համայնքին համար, չթողուլ որ ուծանան եւ օտարանան անոնք: Անոնք թարմ ուժեր են մանաւանդ թարմ ազգային շունչով ու ոգիով եւ նոր շիճուկ կրնան ներարկել քիչ մը ընդարմացած մեր այս կեանքին մէջ: Պէտք է ընդունիլ, որ օտար եկեղեցիներ այս տեսակէտով մեզմէ արթուն են եւ լաւ կազմակեպուած: Անմիջապէս որ օտարական մը կամ նորեկ մը տեսնեն իրենց շուրջը, շուտով կը մօտենան անոր, կը բարեկամանան, կ՚օգնեն, կը քաջալերեն, եկեղեցի կ՚առաջնորդեն եւ անգամ կ՚արձանագրեն: Մենք ինչո՞ւ անտարբեր մնանք այս տեսակէտով, ինչո՞ւ թողունք, որ մեր արենակիցները, մեր սրտահատորները օտարներուն դռները ափ առնեն…:

Հարկ է նաեւ, որ հոգեւոր հովիւը մօտէն հետաքրքրուի համայնքին պատանիներովն ու երիտասարդներովը եւ տայ անոնց անհրաժեշտ ուղղութիւնն ու առաջնորդութիւնը. կապէ զանոնք եկեղեցիին ու հայ հաւաքականութեան, խանդավառէ զանոնք ազգային արժէքներով եւ ոգեկան ու բարոյական սկզբունքներով եւ հոգ տանի անոնց տոհմային դաստիարակութեան: 

Ամերիկահայութիւնը գոհունակութեամբ ողջունեց Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ հիմնարկութիւնը, որ արդէն իսկ ի գոյ եղող մեր միւս նման հաստատութիւններու հետ կու գայ կարեւոր պակաս մը լրացնել, մանաւանդ առաջադրուած ըլլալով ամերիկահայ գաղութին համար հասցնել հոգեւորականներ, որոնք տեղական պայմաններու եւ պահանջներու համաձայն պատրաստուած ըլլալու առաւելութիւնը պիտի ունենան: Ուրախանալի է նաեւ, որ այսպիսի կարեւոր գործի մը ղեկավարութիւնը ստանձնած է արդի մեր հոգեւորականութեան ամենակարկառուն դէմքերէն Տ. Տիրան Ս. Արքեպիսկոպոս Ներսոյեան: Գնահատանքի արժանի են այն խումբ մը պատուական ազգայինները, որոնք այս սրբազան գործին նեցուկ են կանգնած: Հարկ է խորապէս ըմբռնել այս ձեռնարկին կարեւորութիւնը եւ նիւթապէս ու բարոյապէս քաջալեր հանդիսանալ անոր. հարկ է մեր եկեղեցասիրութեան եւ ազգասիրութեան ապացոյցը տալ, բանալով մեր սրտերն ու քսակները։ Անտարակոյս, որ Տ. Տիրան Սրբազան իր հմտութեամբ, փորձառութեամբ եւ անժխտելի ձեռնհասութեամբ իր վրայ դրուած յոյսերը լիուլի պիտի արդարացնէ, ժամանակի ընթացքին այս գաղութին տալով գիտակից, կարող, կոչումի ու տեսիլքի տէր երիտասարդ հոգեւորականներ, մեր երանաշնորհ թարգմանիչներու, Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց, Շնորհալիի եւ Նարեկացիի, Խրիմեան Հայրիկի եւ Եղիշէ Դուրեանի ոգեկան ու իմացական հուրովը բոցավառուած, պատրաստ յաղթանակէ յաղթանակ եւ բարձունքէ բարձունք առաջնորդելու Արմենական Ազգն մեր բազմաչարչար…:

Անշուշտ երկիւղած յարգանքով կը խոնարհինք այսօրինակ հոգեւորականներու առջեւ. անշուշտ կը համբուրենք անոնց Ս. Աջն ու Ս. Խաչը:

Լոս Անճելըս

(ԺԱՄԱՆԱԿ, 18, 19, 20, 21, 22 մարտ, 1962)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 26, 2025