ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԿԷՏԸ ԵՒՍ ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները երէկ երկարաձգեցին յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման ժամկէտը։ Եւս երկու ամիսով Կարապետեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուեցաւ։ Իր որդին յայտնեց, որ արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի յաղթէ։

Սամուէլ Կարապետեան յաջորդ տարուայ ընտրութիւններուն ընդառաջ Հայաստանի մէջ նոր քաղաքական շարժում մը կը ստեղծէ։ Իր եղբայրը՝ Կարէն Կարապետեան Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն եղած էր նախագահական աշխատակազմի ղեկավար։ Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեան երէկ յայտնեց, որ իրենց ձեռնարկած նոր քաղաքական շարժումը պիտի ընթանայ իր ճանապարհով, ծրագրերով ու մօտեցումներով, համագործակցութիւն չի նախատեսուիր նախկին նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ։

Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուած եւ բանտարկուած էր Հայաստանի մէջ ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան համայնապատկերին վրայ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ։

Միւս կողմէ, ամերիկացի փաստաբան, իրաւապաշտպան Ռապըրթ Ամսթերտամ ամօթալի նկատեց Սամուէլ Կարապետեանի կալանքի ժամկէտի երկարաձգումը եւ այդ վճռին արձակուած օրն ալ ամօթալի օր։ «Կառավարութիւնը՝ շեղլով իր սխալներէն, շեղլով իր ձախողումներէն, կը յարձակի եկեղեցւոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ անմեղ մարդու վրայ», ըսաւ ան։ Դատարանի շէնքի բակին լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ իրաւաբանը շարունակեց. «Սա 21-րդ դարը դիմաւորելու ձեւ չէ, սա արհեստական բանականութեան դարաշրջանը դիմաւորելու ձեւ չէ։ Սա վերադարձ է Սթալինին, սա վերադարձ է ցուցադրական դատավարութիւններուն։ Ես անձ մըն եմ, որ ձեզմէ ոեւէ մէկու բաղդատմամբ շատ աւելի ցուցադրական դատավարութիւն տեսած եմ։ Սա ցուցադրական դատավարութիւն է»։

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, ամերիկացի իրաւաբանը երէկուան դատավարութեան նախօրէին Սամուէլ Կարապետեանի կալանքը որակած էր՝ իշխանութիւններուն կողմէ վրէժխնդրութիւն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 15, 2025