ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն նախագահեց՝ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Մօտաւոր անցեալի երկրաշարժով ցնցուած գիւղը թէեւ տակաւին աւերի հետքերը կը կրէ, սակայն, անոր գողտրիկ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը եւ աւանդական ժողովրդական խրախճանքը անցան բարձր տրամադրութեան մթնոլորտի մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սարվէն Սրկ. Պըչաքճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Ղազար Սապունճուի։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքար Աւ. Քհնյ. Քոփարեան եւ Լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ Անտիոքի հոգեւոր հովիւը։

Ս. Պատարագէ վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիսապետեց բացօթեայ խաղողօրհնէքին։ Ան օրուան պատգամին մէջ ընդգծեց, որ քրիստոնէութիւնը շատ բան կը պարտի Ս. Մարիամ Աստուածածնին՝ հաւատացեալները յաճախ կը դիմեն անոր բարեխօսութեան։ 

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, ուխտաւորներու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ բակին մէջ սկսաւ ժողովրդական խրախճանքը, որու ժամանակ բոլորին բաժնուեցաւ աւանդական հարիսան։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ հնչեցին ժողովրդական մեղեդիներ, նաեւ բազմաթիւներ պար բռնեցին։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն շուրջ վաթսուն ուխտաւոր ներկայ գտնուեցաւ այս տարուան տօնախմբութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն վերադարձաւ իր Աթոռը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025