ՄԵՌԵԼՈՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Երէկ, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի մեռելոցին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կարպիս Սրկ. Չիչէք եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր խումբ մը դպիրներու կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Արարողութեան մասնակցեցան բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք Ս. Պատարագին յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնին ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին իրենց ննջեցելոց յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։
Օրուան քարոզին մէջ պատարագիչ հայր սուրբը անդրադարձաւ Աստուծոյ կամքի հասկացութեան՝ յիշեցնելով, որ մարդկային կեանքի մէջ բազմաթիւ դրական երեւոյթներ Աստուծոյ կամքի արտայայտութիւններն են ու պէտք է կեդրոնանալ այս հասկացութեան վրայ, որովհետեւ մարդկային կեանքի տեւողութիւնն ալ Աստուծոյ կամքէն կախեալ է։
Ս. Պատարագին յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնին ժամանակ վերյիշուեցան նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սպասարկած նախկին բոլոր հոգեւոր հովիւները։