ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ամառնային ճամբարէն ներս երէկ արդէն կը տիրէր լռութիւն։ Մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները, որոնք այնտեղ հիւրընկալուեցան, արդէն վերադարձած են իրենց ընտանիքներուն մօտ։ Տղոց հրաժեշտէն վերջ, երէկ, յունաց վանքի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս երախտագիտական զգացումներու առարկայ դարձաւ՝ յանուն թրքահայութեան։ Այսպէս, յունաց ճամբարը այցելեցին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ կամաւոր համակարգեց տղոց կեցութեան ծրագրի աշխատանքները։
Հայր սուրբը եւ Արի Չոլաք գնահատանքով եւ շնորհակալութեամբ արտայայտուեցան Տիամանտի Քումվոփուլոսի կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքին կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Հերիքնազ Աւագեանն ալ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ տնօրէնին յանձնելով յուշանուէր մը։ Հարկ է նշել, որ այս տարի Գնալը կղզիի յունաց ճամբարին մէջ հիւրընկալուած հայ մանուկներու եւ պատանիներու մեծամասնութիւնը Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սաներէն կը բաղկանար։
Հուսկ, մեր համայնքի ներկայացուցիչները մաղթեցին, որ յաջորդ տարի Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը արդէն ըլլայ վերաբացուած եւ այդ առիթով մեր համայնքն ալ կարելիութիւնը ունենայ հիւրընկալելու յոյն համայնքէն հիւրեր։
Իր կարգին, Տիամանտի Քումվոփուլոսն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ Ան ընդգծեց, որ ինչքան ատեն ինք կը գտնուի այնտեղ՝ ճամբարի դռները բաց կ՚ըլլան հայ համայնքին համար։