ԲԼԻԹ ՄԱՅԹԻՆ ՎՐԱՅ
Կարեւոր է, որ ուսուցիչը երբեմն-երբեմն խոստովանի, թէ խարդախութեան կը դիմէ, որպէսզի խեղճ աշակերտի մը օգնէ յաջողելու համար: Ես այդ բանը կ՚ընէի…: Համիտին նիշերը միշտ լաւ էին, հակառակ անոր, որ միջակ էր, սակայն երբեք չէի զգացած իմ գնահատակններուս արդարութիւնը այնքան, ինչքան կը զգայի, երբ Համիտին գնահատականները կը դնէի… Սակայն, խնդիրը այսքանին մէջ ամօթալի չէ. այն սկսաւ ամօթալի ըլլալ, որ ժամանակ մը եկաւ, երբ սկսայ կասկածիլ այս «Համիտ»ի վարքագիծին ու անոր ինծի ուղղած խօսքերուն եւ նոյնիսկ արցունքներուն…:
Տարեվերջեան տաք կէսօր մը, դասարանիս աշակերտները տեղեկացուցին ինծի, թէ դպրոցին սպասաւորը դաժանօրէն ծեծած է Համիտը, երբ ան փորձած էր դպրոցի արգելապատնէշէն փախչիլ: Երբ սպասաւորը կանչեցի ուսուցչարան, որպէսզի նկատողութիւն ընեմ իրեն, դէմս գտայ մարդ մը, որ տարօրինակ ինքնավստահ համոզում ունէր, թէ ճիշդ բան կատարած էր՝ անտեսելով օրինակելի կրթութեան բոլոր հասկացողութիւնները, զորս փորձեցի բացատրել անոր: Այն ատեն ուրիշ ճար չունէի, բացի անկէ, որ իր ունեցած տրամաբանութեամբ հակադարձէի իրեն.
-Ապու Սալիմ, մեղք չէ՞, որ որբի մը կը զարնես:
Ապու Սալիմը ուղղուեցաւ գլուխը դէպի ինծի երկարելով եւ ձեռքերը ծալեց կուրծքին վրայ.
-Ո՞րբ: Հայրը պատի նման է, անոր ուսերը ամբողջ աշխարհը կը լեցնեն…:
-Համիտը հա՞յր ունի:
Հարցուցի զարմացած, եւ նոյն պատասխանը ստացայ, կոպտութեամբ կրկնուած.
-Պատ մըն է անոր հայրը, որուն ուսերը աշխարհը կը լեցնեն…:
Զգացի, որ անարգանքը կ՚ապտակէ կուրծքս եւ գէշ զգացի, որ այդ փոքրիկը իրեն նկատմամբ զգացած ջերմութիւնս օգտագործած է, որպէսզի անոնց վրայ ստոր սուտեր կառուցէ: Զգացի, թէ բացի բարի սիրտ ունեցող յիմարէ մը տարբեր չեմ եւ բոլոր այն նիշերը, որոնց արտօնեցի, որպէսզի իմ խիղճիս վրայէն հանգստութեամբ անցնին, հիմա վայրագութեամբ երեսիս կը խնդան…:
Ամբողջ տունդարձի ճամբու ընթացքին, Ապու Սալիմին խօսքերը կռիւ կ՚ընէին գլուխիս մէջ եւ անոնց հնչիւնը կը պայթէր կոկորդիս մէջ…: Ինքզինքիս հետ կը խօսէի՝ մտածելով, թէ այդ չար պզտիկները իրականութեան մէջ շատ աւելի մեծ են քան իրենց տարիքը եւ սխալս այն էր, որ ես վարուեցայ անոնց հետ կարծես պարզապէս փոքրիկներ ըլլային. անտեսեցի այն հանգամանքը, թէ անոնք փոքրիկ մարդեր են, որոնք կրնան իրենց ուզածին հասնիլ՝ իրենց միտքին եկած որեւէ մէկ ձեւով…, եւ թէ Համիտին խաղը իր ուսուցիչին նկատմամբ, իրեն համար ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ բլիթ ծախողի մը խաղը կէս գինովցած յաճախորդի մը հետ, որ կ՚աւարտի երկու բլիթ, կամ մէկ բլիթ գնել՝ երկու բլիթի գինով…:
Հակառակ ասոր, չկրցայ ձերբազատուիլ այն զգացողութենէն, թէ Համիտին կողմէ չափազանցօրէն անարգուեցայ: Մտածումս սկսաւ ձեւ մը փնտռել, որպէսզի վրէժխնդիր ըլլամ…: Հիմա, սակայն, կը կարծեմ, որ անիմաստ խնդիր մըն էր այդ, իսկ մտածումս ա՛լ աւելի անիմաստ էր, սակայն այդ վայրկեանին պատրաստ չէի ետդարձ կատարելու ո՛չ իսկ մէկ քայլ իրաւունքէս՝ ջնջելու համար այդ անարգանքը…:
Սակայն, այն ինչ որ ետքէն պատահեցաւ, չկրցաւ թեթեւցնել բարկութիւնս, ընդհակառակը շատ աւելի աւելցուց զայն…, որմէ ետք զգացի ցաւ մը, որ կուրծքս կ՚ուտէր՝ առանց ափսոսանքի…: Շատախօս աշակերտ մը պատմեց ինծի, թէ ինչպէս երկար ամիսներ առաջ Ըմ Համիտը (Համիտին մայրը) մահացաւ, մահացած աղջիկ մը ծնելէ ետք… Եւ անդրադարձայ, որ ընկղմած եմ սուտերու յորձանուտի մը մէջ, զոր իմ շուրջս դիզած էր այդ փոքրիկ Համիտը, այնպիսի ճարպիկութեամբ մը, որ կարելի չէ հաւատալ…:
Ամպամած օր մը համբերութիւնս ա՛լ վերջացաւ, երբ դպրոցէն կը վերադառնայի եւ յանկարծ երկար բացակայութենէ ետք տեսայ զինք…:
Պատահականութի՞ւն էր արդեօք, որ տեսայ զինք նոյն այն տեղը, ուր առաջին անգամ տեսած էի: Այնտեղ կքած էր, իր փայտէ սնտուկին ետեւը, որ ներկով աղտոտած էր, փողոցին կը նայէր՝ փափաքելով կօշիկ մը որսալ…, մինչ ես կաթուածահարի նման կանգնեցայ եւ չէի հաւատար, որ կը տեսնէի կարծեցեալ բլիթ ծախողը՝ զգացի, որ անարգանքը կը վիրաւորէ կոկորդս եւ երբ կրցայ որոշել, թէ ինչ պիտի ընեմ, արդէն բռնած էի անոր օձիքէն ու առանց ափսոսալու կը ցնցէի…, գոչելով.
-Ո՜վ ստախօս…:
Փոքրիկը առջեւս մինչեւ վերջ բացաւ աչքերը, որոնց փայլքին խառնուած էր տեսակ մը յանկարծակի վախը եւ տեսայ, թէ անոր շրթունքները կը շարժէին առանց կարենալ բան մը ըսելու, մինչ փոքրիկին բոլոր փորձերը ազատելու համար բազուկներէս՝ ձախողեցան…:
Դարձեալ նոյնը կը կրկնէի եւ զգացի, թէ բան մը կը պատահի կուրծքիս տակ, յուսահատ լռութեան դիմաց.
-Ո՜վ ստախօս…:
-Պարոն…:
Թոյլ ձայնով մը ըսաւ զայն եւ իր մատը մեքենայականօրէն բարձրացուց, իրար անցած իր չորս կողմը նայեցաւ եւ ապա դողալով խոստովանեցաւ.
-Այո՛, պարոն, ես ստախօս եմ, բայց լսէ…:
-Չե՛մ ուզեր ոչինչ լսել…:
Աչքերը նեղցան եւ ինծի թուեցաւ, թէ արցունքի կաթիլ մը պիտի իյնար աչքերէն, մինչ իր ձայնը դարձեալ սկսաւ դողալ.
-Պարո՛ն, լսէ զիս…:
-Ո՜վ ստախօս…, դուն մօրդ հետ կ՚ապրիս, չէ՞… այդպէս չէ՞ ո՜վ ստախօս:
-Ո՛չ, պարոն, ո՛չ…: Մայրս մահացած է, սակայն չեմ կրնար ըսել…: Երբ մայրս մահացաւ, հայրս պահանջեց մեզմէ, որ անոր մահուան մասին ոչինչ ըսենք…, լռենք…:
Բազուկս թուլցաւ եւ հարցուցի.
-Ինչո՞ւ:
-Թաղման ծախսերը չունէր… եւ կառավարութենէն կը վախնար…:
Բազուկս վար իջեցուցի եւ կրցայ տեսնել փոքրիկին պարզ վախը, որ մինչեւ այսօր տեւած էր առանց որեւէ մէկ արդարացումի, բայց վախցայ, որ դարձեալ խաբուած ըլլամ, ատոր համար ալ նորէն սկսայ պոռալ, սակայն աւելի մեղմօրէն…
-Իսկ հա՞յրդ: Ինծի ըսած էիր, որ մեռած է…, այդպէս չէ՞:
Համիտը չկրցաւ այլեւս ինքզինք զսպել, որով իր երեսը դարձուց պատին ու սկսաւ լալ, մինչ ես իր լացած ատեն լսեցի իր թոյլ ձայնը.
-Ան չէ մեռած… Ան խենթ է եւ փողոցը կիսամերկ կը պտտի… Ան խենթացաւ տեսնելէ ետք, թէ ինչպէս վերելակը եղբօրս գլուխը կտրեց…:
-Խենթացա՞ւ:
-Այո՛…: Եղբայրս գլուխը երկարեց վերելակի վանդակէն ներս, որպէսզի իր հայրը դիմաւորէ… Հայրս այդ ամբողջ տեսարանը իր աչքերով տեսաւ, որով սկսաւ փողոցին մէջ վազել…
Գլխապտոյտ զգալով, ըսի.
-Ինչո՞ւ, ըսիր թէ բլիթ կը ծախես: Կ՚ամչնա՞ս արհեստէդ:
Համիտին նայուածքը փափկացաւ, թափանցիկ աչքերով նայեցաւ ինծի ու ամչնալով ըսաւ.
-Ո՛չ… բլիթ կը ծախէի եւ միայն երկու օր առաջ է, որ այս արհեստին վերադարձած եմ…:
-Բայց շատ կը շահէիր:
-Այո՛, բայց…:
Եւ անոր գլուխը սկսաւ օրօրուիլ իր սովորութեան համար, երբ իրմէ մեծ ամչկոտութեան մը հանդիպի, եւ վրձինով հարուածեց սնտուկի երեսին՝ կանոնաւոր հարուածներ եւ փսփսալով՝ առանց նայուածքը բարձրացնելու, ըսաւ.
-Կէս գիշերին կ՚անօթենայի…, եւ երկու կամ երեք բլիթ կ՚ուտէի:
Չգիտցայ ինչպէս վարուիմ, փորձեցի ոտքերս հովին տալ, սակայն աւելի տկար գտնուեցայ քան այդ բանը կարենայի ընել…, եւ փոքրիկին գլուխը՝ անոր կարծր սեւ մազերով կախուած մնաց. առանց զգալու ոտքս բարձրացուի եւ զայն տեղաւորեցի սնտուկին վրայ…:
Երկու փոքրիկ ափերը սկսան հմտօրէն աշխատիլ, մինչ կարծր գլուխը սկսաւ շարժիլ կօշիկին վրայ: Յետոյ, ձայնը հասաւ ինծի, որ պարզութեամբ կ՚ըսէր.
-Պարոն, դուն մէկ տարիէ ի վեր կօշիկդ չես փոխած… Այս կօշիկը արժան է:
Քուէյթ, 1959
(12-րդ անկողինին մահը)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3 եւ վերջ
Վաղարշապատ