ՆՈՐ ԵՒԱՆ՝ ՄԱՐԻԱՄԸ

«Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի. ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի պիտի ծնանի եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի». (ԵՍԱՅ. Է 14)։

«Եւա» կը նշանակէ՝ կեանք եւ կը խորհրդանշէ իգական սեռը։ «Մարիամ» կը նշանակէ՝ լուսաւորեալ, պարկեշտ, համեստ կին եւ աղախին։ Իսկ «Էմմանուէլ»՝ կը նշանակէ «Աստուած մեզ հետ» եւ առաջին անգամ Եսայի մարգարէի կողմէ, այս անունով կոչուած է գալիք Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոս։ Ուստի եւ անժխտելի կապ մը կը գտնուի նախամայր Եւայի եւ Աստուածամօր Մարիամի միջեւ։

Քրիստոնէութիւնը ունեցած է բազմաթիւ սուրբեր՝ որոնք բարեխօսներ են եղած հաւատացեալներու եւ միջնորդած են զանոնք իրենց աղօթքներու կատարելութեան։ Բայց այս բոլոր սուրբերուն եւ բարեխօսներուն մէջ եզակի եւ իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ Ամենասրբուհի Կոյս Մարիամը։ Եւ այս իմաստով Ս. Աստուածածնի նուիրուած տօները յատուկ տեղ մը կը գրաւեն Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Անշուշտ, ասոր առաջնակարգ պատճառը այն է, որ Աստուծոյ մարմնացման եւ մարդեղացման յստակ միջոցն է Աստուածամայրը, ան Աստուծոյ մա՛յրն է աշխարհի վրայ։ Եւ այս պատճառով ալ ան օրինակելի է բոլոր կիներուն եւ առաջին բարեխօսը համայն մարդկութեան։ Արդարեւ, որովհետեւ Աստուծոյ միջոցն է Կոյս Մարիամ, յատուկ կերպով կը յիշատակուի զայն։ Եւ յատուկ կերպով կը դիմենք անոր բարեխօսութեան։

Ուստի եւ իւրայատուկ է եւ եզակի անոր յատկանիշները՝ որոնց մէջ առաջինն է իր մայրական գութով բարեխօսութիւնը բոլոր անոնց՝ որոնք իրեն կը դիմեն։ Ո՛չ մէկ մայր կը զլանայ իր գութը իր զաւակէն, եւս՝ Աստուածամայրը։

Բայց Աստուածամօր յատուկ յատկանիշը միայն բարեխօսութիւնը չէ անշուշտ։

Ընտրութիւն.

Աստուած իրենց մեղքին պատճռով պատժեց Ադամը եւ Եւան։ Բայց այդ պատժին ջնջման համար ընտրեց ուրիշ կին մը՝ նոր Եւա մը։ Ասիկա՝ կոյս Մարիամն էր, ինչպէս եւ կը մարգարէանայ Եսայի։

Աստուած ընտրեց Մարիամը, քանի որ ան մանկութեան հասակէն ապրած էր նուիրական մաքուր կեանք։ Եւ այս յատկութիւնը պատճառ եղաւ, որ ան ըլլայ նոր Եւան։

Պատկանելիութիւն.

Ան, որպէս նուիրուած մը, միշտ պատկանեցաւ իր հարազատ ծնողին՝ Աստուծոյ։ Ան հրեայ ընտանիքի զաւակ էր։ Աւելին՝ ան համայն մարդկային ընտանիքին կը պատկանէր, քանի որ Աստուծոյ կը պատկանէր, եւ գիտակցութիւնը ունէր իր պատկանելիութեան, եւ այս գիտակցութիւնը փոխանցեց համայն մարդկութեան։

Այս կէտին պէտք է անդրադառնալ ընտանեկան դաստիարակութեան կարեւորութեան՝ կրօնական կրթութեան՝ որ կը սկսի տունէն, մա՛նաւանդ «մայր»երէն։ Յիսուս, տակաւին 12 տարեկան հասակին կ՚երթար տաճար, ուր իր ծնողները կ՚առաջնորդէին։

Այսօր, մեզմէ քանի՞ներ մեր զաւակները կ՚առաջնորդենք Եկեղեցի՝ պահելով մեր հոգեւոր աւանդութիւնները։ Արդարեւ, բարոյական փլուզումը կը սկսի ընտանիքէն՝ ուր «մայր»ը մեծ պատասխանատուութիւն ունի. տունը, ընտանիքը բարոյական փլուզման առաջին կայարանն է։ Ուշադի՛ր պէտք է ըլլալ…

Մայրական հոգածութիւն.

Զաւակ մը հետզհետէ կը զարգանայ, կը մեծնայ, բայց մայրը միշտ կը հետեւի անոր։ Արդարեւ, մանուկն ալ, ինչ հասակի հասնի միշտ պէտքը կը զգայ մօր եւ վտանգի մը դիմաց կը բացագանչէ. «Մա՜յր իմ…»։ Ուստի, զաւակներ մինչեւ վերջ պէտք ունին իրենց մօր հոգածութեան։ Հետեւողական խնամքը երբեք չի պակսիր մօր։ Աստուածամայրը մինչեւ Գողգոթայ հետեւեցաւ իր Որդւոյն։ Եւ մինչեւ վերջին շունչը Անոր քովն էր, որովհետեւ Մա՛յր էր։

Ուստի ամէն մայր, Աստուածամօր տիպարով մինչեւ վերջ չզլանայ իր գութը եւ խնամքը իր որդւոյն նկատմամբ։

Ուստի, պէ՛տք է իրագործենք Աստուածամօր այս իւրայատուկ յատկանիշները՝ Իր բարեխօսութիւնը խնդրենք խաղաղ կեանք մը ապրելու համար եւ միշտ աղօթենք գիտնալով, որ Մա՛յր մը ունինք միշտ մեզի համար բարեխօսող…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 20, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 21, 2025