ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ

Թուրքիա կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ՝ միանալու համար TRIPP-ին, որ նախատեսուած է անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ստորագրուած հռչակագրով։ Երեւան-Պաքու նախաստորագրեալ խաղաղութեան պայմանագրին զուգահեռ՝ այս հռչակագրով նախատեսուած TRIPP անցուղին պիտի միացնէ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը։ Անգարան ալ արդէն եկած է արագօրէն արձագանգելու այս իրադարձութեան։ Ըստ երեւոյթին, Թուրքիա արդէն անհրաժեշտ պատրաստութիւնները կ՚ընէր տարածաշրջանային այս կարեւոր ենթակառուցուածքին մէջ իր բաժինը ունենալու, իր դերակատարութիւնը իրականացնելու եւ ապագային ալ ակնկալած օգուտները քաղելու համար։

Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի հիմնարկէքի արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, արդէն լայն արձագանգ գտած է եւ այս կարեւոր ենթակառուցուածքի խոստացած հեռանկարները այժմէն կը քննարկուին մանրամասնօրէն։ Հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլուի մասնակցութեամբ կազմակերպուած հիմնարկէքի արարողութեան ժամանակ ընթերցուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի պատգամը։ Անգարայի կողմէ շինարարութեան ձեռնարկուած այս նոր գիծը կը մատուցուի՝ որպէս «Զանգեզուրի միջանցք»ի մաս, ինչ որ պատճառ կը դառնայ Երեւանի հակազդեցութեան։ Արդարեւ, Հայաստանի կողմէ տեղեկացուեցաւ, որ երկրէն ներս կարելի է կեանքի կոչել ենթակառուցուածքային միայն այն ծրագիրները, որոնք կառավարութեան հաւանութիւնը ունին։ Մօտաւոր անցեալին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը երբ որ կեանքի կոչուի, ապա այդ մէկը Ատրպէյճանի կողմէ պիտի մատուցուի, որպէս «Զանգեզուրի միջանցք»։ Ըստ երեւոյթին, այդ կանխատեսումները որոշ չափով կ՚իրականանան։ Յամենայնդէպս, առարկայական փաստը այն է, որ TRIPP արդէն տարածաշրջանէն ներս նոր աշխուժութեան մը ծնունդ պիտի տայ տեսանելի ապագային։

Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին շեշտուեցաւ, որ սա պատմական նախաձեռնութիւն մըն է։ Նախագահ Էրտողանի պատգամին մէջ ալ ընդգծուած է, որ այս ուղղութիւնը Թուրքիոյ, Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կամուրջի մը դերակատարութիւնը պիտի ունենայ եւ զարգացման շատ կարեւոր ոստում մը կը համարուի։ Նախարար Ուրալօղլու հանդիսութեան ընթացքին դիտել տուաւ, որ այս երկաթգիծը Զանգեզուրի միջանցքի կարեւոր մէկ մասը պիտի ըլլայ։ Նախարարի խօսքերը համընկնեցան նախագահ Էրտողանի բանաձեւումին, ըստ որու՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր հաղորդակցութեան կապ մը պիտի ապահովուի այսպէսով եւ Թուրքիան Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կամուրջի դերակատարութիւն մը պիտի ունենայ։

Հարկ է նշել, որ Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղին Հայաստանի տարածքով, Իրանի սահմանին զուգահեռ, TRIPP-ի միջոցաւ պիտի հասնի Ատրպէյճան։ Այսպէսով, Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ուղիղ կապ մը պիտի ստեղծուի։

Շինարարութեան ձեռնարկուած ծրագրի ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ 2,4 միլիառ եւրօ։ Երկաթուղիի ընդհանուր երկարութիւնը 224 քիլօմեթր պիտի ըլլայ։ Գիծը պիտի ունենայ 5 կայարան, 5 փապուղի, 19 յարակից փապուղիներ, 10 կամուրջ, 3 վիյատիւք, 144 գետնանցք, 27 վերանցք եւ 480 ջրհոր։ 

Այս երկաթուղին Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը միացնելու առընթեր, Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի եւ Միջերկրականի շրջաններն ալ պիտի միացնէ Կասպից ծովուն եւ ընդհանրապէս Միջերկրականի աւազանին։ Տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ զարգացման տեսակէտէ կարեւոր թափ մը պիտի ապահովէ այս նախագիծը, որու շնորհիւ Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան շրջաններու արտադրունակութիւնը եւ զուգահեռաբար՝ արտածման ներուժը պիտի աւելնայ։ Հաղորդակցութիւններու ենթակառուցուածքներու կատարելագործումը պիտի նպաստէ նաեւ՝ մանաւանդ Միջերկրականի զբօսաշրջութեան ներուժի ամրապնդման։

Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղային ցանցն ալ ընդլայնուած պիտի ըլլայ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ, ինչ որ տարածաշրջանային առեւտուրի վրայ ծայր աստիճան դրական անդրադարձ մը պիտի ունենայ։

Հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին Ուրալօղլու դիտել տուաւ, որ սա միայն երկաթուղիի մը հիմնարկէքի արարողութիւնը չէ։ Արդարեւ, Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Հայաստան պիտի միանան կամուրջով մը, Չինաստանէն մինչեւ Եւրոպա՝ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ ընկերատնտեսական յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին պողպատեայ միջազգային կապով մը։ Այս երկաթուղին պիտի ըլլայ ամենաշօշափելի քայլերէն մին՝ Զանգեզուրի միջանցքը կեանքի կոչելու ճանապարհին։ Սա միայն Թուրքիոյ վերաբերեալ ծրագիր մը չէ, այլեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի եւ Եւրոասիոյ ապագան պայմանաւորելիք քայլ մըն է։ «Այս ծրագիրը միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման տեսակէտէ ճանապարհային քարտէս մըն է։ Զանգեզուրի միջանցքը Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդէ, տարածաշրջանային խաղաղութիւնը պիտի զօրացնէ եւ Միջին միջանցքի մասնակից երկիրներու գլխաւորութեամբ՝ համաշխարհային առեւտուրի տեսակէտէ ոսկեդարու մը ծնունդ պիտի տայ։ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական համագործակցութիւնը պիտի աւելնայ, սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացման համար թափ պիտի ապահովէ», ըսաւ նախարարը։

Հիմքերը դրուած երկաթուղիին միջոցաւ տարեկան 5,5 միլիոն ուղեւոր եւ 15 միլիոն թոն բեռ տեղափոխել հնարաւոր պիտի ըլլայ։

Նախարարը հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, որ Զանգեզուրի միջանցքը Միջին Ասիան, Կասպից աւազանը, Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը պիտի միացնէ Թուրքիոյ, աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհառազմավարական առանձնայատկութիւններու տէր պիտի ըլլայ։ Ընկերատնտեսական նշանակութիւնն ալ շեշտելու զուգահեռ՝ Չինաստանէն մինչեւ Անգլիա միջազգային առեւտուրի ուղղութիւնը շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի դառնայ։ Անդրկասպեան փոխադրութեան ուղղութիւնը եւ միջազգային Հիւսիս-հարաւ հաղորդակցութեան միջանցքը եւ այլ համաշխարհային ցանցերը այսպէսով պիտի խրախուսուին եւ Եւրոասիոյ մատակարարման ուղղութիւնները պիտի ամրապնդուին։

Նոր երկաթուղիին շնորհիւ, Կասպից եւ Միջերկրականի աւազանները պիտի միանան եւ Թուրքիոյ արտադրութեան, արտածման եւ փոխադրութեան ներուժը պիտի բարձրանայ։ «Կարսը պողպատեայ դուռ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ նախարար Ուրալօղլու հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին։ Այս ծրագրին շնորհիւ Կարսի եւ Իգդիրի գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան ներուժը պիտի բացուի համաշխարհային շուկաներուն։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ արձագանգ պիտի գտնէ այս նախաձեռնութիւնը, որու շնորհիւ Թուրքիոյ աշխարհառազմավարական ղեկավարութիւնը պիտի ամրապնդուի։ Սա պիտի ըլլայ միասնականութեան, բարգաւաճման եւ խաղաղութեան մեկնակէտը։

Տեղական մամուլը այս հիմնարկէքի արարողութեան անդրադառնալու ժամանակ կը յիշեցնէ, որ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս յոյս յայտնած էր, թէ Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը պիտի բացուի։

Այս բացման արարողութեան արձագանգներու լոյսին տակ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան յայտարարութիւններ ըրաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս կրնան գործել եւ իրականացուիլ միայն այնպիսի ենթակառուցուածքային ծրագրեր, որոնք առաջարկուած, ընդունուած կամ հաստատուած են Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ», ըսաւ ան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025