ՍՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐԸ

Անցեալ շաբթուընէ ի վեր ցնծութեան մէջ եմ։ 

Իս՛կապէս. Մէկ կողմ դրի բոլո՜ր անտեղի մտահոգութիւններս, բոլոր անիմաստ հարցումներս, վախերս։ 

Ինչո՞ւ վախնալ։ 

Կարդացէ՛ք. 

«Երկու ամսուայ ընթացքում Հայաստանում տեղի է ունենում երեք համերգ շուրջ 22 հազար, 31 հազար եւ 41 հազար հանդիսատեսով։

Սա կեանքի, խաղաղութեան ցնծութիւն է, որ տեղի է ունենում Հայաստանում»։

Եթէ կարդացիք, ուրեմն արդէն դուք ա՛լ ցնծութեան մէջ պէտք է ըլլաք։ Միասի՛ն պէտք է զգանք կեանքի եւ խաղաղութեան ցնծութիւնը։ 

Հիմա ի՛նչ ընենք, որ մեր վարչապետը յա՛տկապէս մատնանշած է ցնծալի այս կեանքին եւ խաղաղութեան վայրը՝ Հայաստանի մէջ։ Ճի՛շդ է, որ ես Հայաստանի մէջ չեմ ապրիր, թերեւս նաեւ դուն, սիրելի՛ ընթերցող, ընթերցողներ, բայց ի՛նչ վնաս ունի։ Մենք Հայաստանի մէջ չենք, բայց մեր մէ՛ջն է Հայաստանը եւ եթէ ցնծութեան, կեանքի եւ խաղաթութեան օրեր են մեր հայրենիքին մէջ, ուրեմն՝ դեռ ի՞նչ։

«Ի՞նչ ասել է գաղութ, առանց հայրենիքի», ըսած է Աւետիս Ահարոնեան։ Եթէ ցնծութեան մէջ է մեր հայրենիքը, ուրեմն ի՞նչու չցնծանք մենք. «Գաղութը շաղախ է հայրենիքի համար», շարունակած է ան։ 

Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկու «մեծ» համերգները, անոնց ներկայ գտնուող բազմութիւնը եւ, երեւի, ներկաներուն տեսանելի ուրախութիւնն է մատնանշուածը մեր վարչապետին տողերուն մէջ։ 

Սխալ չէ՛, անշուշտ։

Տխուր մարդիկ համերգի կ՚երթա՞ն։ Մտահոգ, պատերազմէն վախցող, սահմանը ըլլալիքին, զոհուողին, զոհուելիքին մասին մտածող մը համերգի, եւ ան ալ՝ սո՜ւղ տոմսեր ունեցող համերգի կ՚երթա՞յ։ 

Դուք կ՚երթա՞ք։ 

Ես չե՛մ երթար։ Չեմ կրնար երթալ։ «Լա՜ւ, եղածը եղաւ, ըլլալիքը պիտի ըլլայ»՝ ըսելով չե՛մ երթար։ 

Ուրեմն, մեր վարչապետը չէ՛ սխալած. Մարդիկ ցնծութեան մէջ են։ 

Հիմա՛… սխալ թիւեր ներկայացուցած չի՛ կրնար ըլլալ վարչապետ մը. 23 հազար մարդը Հայաստանի Հանրապետութեան անյայտ բնակչութեան քանի՞ տոկոսը կը կազմէ, արդեօք։ Անյայտ կ՚ըսեմ, քանի որ 1991-էն ի վեր 3 միլիոն բնակչութիւն ունի մեր հանրապետութիւնը, այլեւս՝ պետութիւնը՝ աւելի կարճ, աւելի իրական։ 

Ի՜նչ խնդիրներ, դժուարութիւններ, երեք պատերազմ անցուցինք, զոհեր տուինք, հողեր առինք (վերադարձուցինք), ահաբեկչութիւն եղաւ, ոչինչ յստակօրէն բացայայտուեցաւ, ընտրութիւններ ըրինք, նախագահներ փոխեցինք յեղափոխութիւն ըրինք, նորէն զոհեր տուինք, հողեր ալ տուինք, տուի՜նք, բայց բան մը չփոխուեցաւ այդ երեք միլիոնէն… 

Կարծեցեալ այդ երեք միլիոնէն, 23 հազար մարդու՝ երկու համերգի երթալու փաստուած իրականութիւնը ո՞րքանով մեր հայրենիքին ցնծութեան մէջ ըլլալը կը նշանակէ՝ չեմ գիտեր։

Իմ չգիտնալս նշանակութիւն մը չունի, փաստօրէն, ճի՛շդ է։ Ես՝ դուրսը ապրող, պատերազմ թէ՛ խաղաղութիւն՝ ոչինչ ուղղակիօրէն իմ մորթիս վրայ զգացող մըն եմ, ո՛չ սահմանը զէնք կը շալկեմ, ոչ ա՛լ խաղաղութեան ցնծութեամբ՝ տոլարներով համերգի տոմս մը կը գնեմ ու տնտեսապէս օգտակար կը դառնամ «պետութեանս»… խօսիլը, գրելը դիւրին է, ապրիլն է՝ դժուար։ Այս բոլորը ճի՛շդ է, կ՚ընդունիմ, անոր համար կը կրկնեմ՝ իմ չգիտնալս նշանակութիւն մը չո՛ւնի, բայց… մեր վարչապետին գրածն ալ ինծի՛ (եւ շատերո՜ւ) համար նշանակութիւն մը չունի։

Չունի, քանի որ հոն՝ Հայաստանի մէջ ապրող արդարամիտ, անկեղծ ու հաւատարիմ հարազատներ ունիմ, որոնք կտրուած հոգիով, անճար յուսահատութեամբ կը պատասխանեն իմ հարցումներուն։ Ցնծութիւն չեմ զգար ես, երբ իրենց կեանքին մասին կը պատմեն մէկէ աւելի գործ ու գործերու ետեւ վազվզող տեղացի եւ սփիւռքահայ այս հարազատներս, որոնք օրն ի բուն կ՚աշխատին հազիւ թէ ծայրը ծայրին բերելու, հաշուելու, շատ մը բաներ յետաձգելու եւ դեռեւս օրը ապրելու… 

Ցնծութեան մէջ չե՛ն անոնք, հաւատացէ՛ք։ 

Ես ա՛լ ցնծացած ու ծանօթացսծ եմ ցնծացող հոգիներու։ Ցնծացող ձայներ լսած եմ ես. խօսելէն աւելի չե՛ն լռեր անոնք, կախման կէտերը բառերէն աւելի չե՛ն ըլլար անոնց տողերուն մէջ… 

Վարչապետին մատնանշած ցնծացող 23 հազարին մէջ չեն այս մարդիկ՝ անկասկած։ 

Ինչու՞։ 

Շատ յստակ է.

«Իրական Հայաստանում, իրական մարդկանց կեանքի ցնծութիւնն է սա։ Կեցցէ՛ք»։ 

Իրական Հայաստան, իրական մարդիկ եւ կեանքի ցնծութիւն։ 

Ի՞նչ ըսեմ։ 

Այսօր, Հայաստանի, չէ՛, ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէջ ապրող, շո՛ւտով պանծալիք մեր խաղաղութեամբ ցնծացողնե՛րն են անոր մէջ ապրող ԻՐԱԿԱՆ ՄԱՐԴԻԿԸ։ 

Մնացածը՞։ 

Հայաստանի մէջ չապրողները այս հաշիւէն դուրս են՝ բնականաբար։ Լա՛ւ։ Այդքանը շատո՜նց հասկցանք, բայց… Հայաստանի մէջ ապրելով՝ խաղաղութեամբ չցնծացողները՞։ 

ՍՈԻՏԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէջ ապրող ՍՈՒՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԻԿ են անոնք։ 

Սիրելի՜ հոգեհարազատ սուտականներ, 

Կարճ է սուտին թելը.

Մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր։ 

Ցնծացէք՝ կ՚իրականանաք։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025