ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԻ ՀԱՅՈՑ ՏԵՍՉԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երէկ, Եթովպական եկեղեցւոյ Երուսաղէմի նոր առաջնորդը՝ Տ. Ապունէ Արք. Նաթանայէլ պաշտօնապէս մուտք գործեց Ս. Յարութեան տաճար։ Նոր առաջնորդին առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ մանաւանդ, որ ներկայ էին Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ միւս յարանուանութեանց ներկայացուցիչները։ Տ. Ապունէ Արք. Նաթանայէլ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն իրաւատէր երեք համայնքներու տեսուչներուն կողմէ։ Ս. Գերեզմանի մէջ իր աղօթքը կատարելէ վերջ, ան հիւրասիրուեցաւ հայոց տեսչարանին մէջ, ուր ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան։ Տ. Ապունէ Արք. Նաթանայէլն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք դիմաւորել փութացած իրաւատէր երեք համայնքներու ներկայացուցիչներուն։

Ծանօթ է, որ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Եթովպական եկեղեցիները դաւանակից են եւ անոնց ներկայացուցիչները աշխարհի բոլոր կողմերուն եղբայրական յարաբերութիւն կը պահեն։

Բացի Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանէն, երէկուան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ս. Յարութեան տաճարի առժամեայ տեսուչ Տ. Տիրան Վրդ. Յակոբեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան, Ս. Աթոռի աւագ թարգման Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան եւ Ս. Յարութեան տաճարի փոխ-տեսուչ Տ. Արբակ Աբեղայ Սարուխանեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025