ՊԷՏՔ Է ՆՈՐԷՆ ԱՆԱՊԱՏ ՏԵՍՆԵՆՔ
Փրկութեան լուծումը հետեւեալն է. պէտք է նորէն աքսորուինք. այն ազգը՝ որ ունի ծարաւ, թող պահ մը որպէս խնդրանք աքսորէ հայութիւնը:
Գրեթէ ամէն անկիւն կը խօսուի քաղաքականութեան մասին. մին կը քննադատէ ներկայ իշխանութիւնները, ուրիշ մը զանոնք ճիշդ կը նկատէ. խումբ մը միւսը դաւաճան կը կոչէ, որուն ի պատասխան կը ստանայ «շուն» յորջորջումը՝ անհասկնալի ամբաստանութիւններով ողողուած: Անշուշտ, այս երեւոյթը կարելի չէ քննադատել, որովհետեւ ներկայ օրերուն «ազատութիւն» անուան տակ ամէ՛ն մարդ ամէ՛ն բան է. թէ՛ քաղաքագէտ, թէ՛ ազգային գործիչ. մեզմէ ո՞վ կրնայ կասկածի տակ դնել փողոցը աւլող մեծահասակի մը քաղաքական ունակութիւնը: Անշուշտ, այս երեւոյթը մարդկայնօրէն կը գտնենք հասկնալի, որովհետեւ իւրաքանչիւր ոճիր իր մեղաւորը կ՚ունենայ, իսկ մեր պարագային այդ մեղաւորը տակաւին կը շարունակէ մնալ անյայտ եւ այնքան ժամանակ, երբ ոճրագործը անյայտ է՝ բոլորը բոլորին ամբաստանելու «իրաւունք»ը կ՚ունենայ:
Անշուշտ, կարծիքները շատ են. այնպիսի տպաւորութիւն մըն է, որ եթէ այսօր այդ փողոցը աւլողներէն մին վարչապետ եւ կամ կառավարիչ նշանակուի՝ պիտի վերադարձնենք նաեւ պատմական Հայաստանը, որովհետեւ մարդոց լեզուին եւ «ուղեղ»ներուն մէջ ամէն հարց գտած է իր լուծումը՝ որմէ միայն ու միայն իշխանութիւնը անտեղեակ է: Անշուշտ, իրավիճակը շատ աւելի «լուրջ» վիճակ կը ստանայ, երբ քաղաքագէտներն ու փիլիսոփաները կը յայտնուին արտերկրէն՝ սփիւռքէն, որոնք ազգին ցաւը սեփական ցաւ կը նկատեն՝ սակայն միայն ու միայն հեռուէն: Անձեր՝ որոնք պատերազմական «գործիչ»ներ են՝ սակայն առանց զէնքի ու զինամթերքի. լոկ խօսքով ու հոգիով՝ ինչ որ ազգի փրկութեան ո՛չ մէկ նպաստ կը բերէ:
Այս բոլորին մեղաւորութիւնը պէտք չէ՛ անձերու մէջ փնտռել. բոլոր այն անուններն ու մականունները, որոնք որպէս մեղաւոր կը ներկայացուին, իրականութեան մէջ զոհն են ամբաստանութեան, որովհետեւ այս բոլորին մեղաւորը անձեր չեն. ազգի մը, հայ ազգին ամբողջութիւնն է՝ շնորհիւ իր անտարբերութեան:
Ընդհանրապէս երբ նման նիւթերու մասին խօսինք, վերոյիշեալ խօսքով ու հոգիով պատերազմ մղողները հետեւեալ հարցը կու տան. ի՞նչ է լուծումը. շատեր կը կարծեն, թէ լուծում մը գոյութիւն չունի, սակայն, մեր հայեցողութեամբ կայ լուծումի տարբերակ մը. դարձեալ աքսորուի՛լ: Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ մեր ժողովուրդը մեծ եղեռնի արժանի՞ էր թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն, այսօր ունինք այդ արժանաւորութիւնը եւ մեր ազգը փրկելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը կրնայ ըլլալ դարձեալ աքսորուիլը, դարձեալ մեծ եղեռն մը, որովհետեւ յետարհաւիրքի շրջանը ցոյց տուաւ մեր ժողովուրդին, որ մեծ եղեռնէն ետք, մահուան սահմանին հասնելէ ետք յանկարծ ապրելու եւ գոյատեւելու սէրը իր գագաթնակէտին կը հասնի: Այս լուծումը կրնայ ծանր թուիլ, սակայն, նախորդ փորձը ցոյց տուաւ, որ այդ արհաւիրքէն ծնունդ առած սերունդը արժանաւորապէս կրցաւ վանել անտարբերութիւնը եւ իր մէջ ծնունդ տալ ազգաշինութեան. անշուշտ, այս լուծումը այդ թուականէն առաջ նոյնիսկ գոյութիւն ունէր եւ անոր հնութիւնը փաստելու համար կ՚ուզեմ այստեղ մէջբերել 1911 թուականիի Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսած «Արագած» շաբաթաթերթի 8 յունուար, Ա. տարի, Թիւ 3-ի խմբագրականին մէջ յիշուած հետեւեալ տողերը. «Երբ մահաշունչ փոթորիկին կատաղութիւնը իջաւ, երբ մեր անպատանք զոհերը գերեզման դրինք ու մեր մարած օճախներուն սերմերէն անոնց արիւններուն կարմիրը լուացինք, դարձեալ ապրելու տենչը ծնաւ մեր մէջ. մեզ շրջապատող անստուգութիւններուն ընդմէջէն մեր վիրաւոր մտածումը դառնօրէն կեանքին կառչեցաւ: Այն ատեն, համակերպելով ճակատագրին վճիռներուն մխիթարեցինք ինքզինքնիս նոր սերունդի մը մտածումը, որ սարսափին ու աւերին մէջ ծնած՝ մեր քանդուած ու ծխացող օճախներուն մոխիրներէն նոր ոգիով մը յարութիւն պիտի առնէր եւ մեր կոխկռտած պատիւին եւ բռնաբարուած սրբազան իրաւունքներուն տէր պիտի կանգնէր»:
Եթէ վերոյիշեալ սերունդին նման սերունդ մը կ՚ուզենք՝ որ յարութիւն տայ մեր արժէքներուն, մեր ինքնութեան ու դառնայ հայրենասէր ու ազգասէր՝ ապա պէտք է դարձեալ նոյնը ապրինք. մենք միայն անապատը տեսնելէ ետք է, որ մեր մէջ ունեցանք ապրելու տենչը. յետեղեռնեան սերունդը իր ամենէն անկարող վիճակին մէջ յաջողեցաւ ստեղծել ու ընել այն բոլորը՝ ինչ որ մենք մեր ծով կարողութեան մէջ չենք ըներ. սարսափին եւ աւերին մէջ ծնած սերունդը լաւապէս հասկցաւ ՀԱՅ գոյատեւելու եւ որպէս ՀԱՅ ապրելու կարեւորութիւնը: Այդ սերունդն է, որ ունեցաւ ամբողջական գիտակցութիւնը հայրենիքին, գիտակցութիւնը սրբազան արժէքներուն, ինչ որ այսօր չունինք: Այնպէս ինչպէս անարդարութեան զոհն է, որ լաւապէս կը գիտակցի արդարութեան կարեւորութեան, նոյնպէս մեծ եղեռնը ապրած սերունդն է, որ գիտակցեցաւ, թէ ի՞նչ է կեանքը, թէ ի՞նչ է հայրենին ու ազգութիւնը:
Այսօր յաճախ նոյն հարցը կը լսենք հազար ու մէկ տարբեր բեմերէն. ո՞ւր է նոր սերունդը… ինչո՞ւ հայերնաշինութեամբ, հայրենասիրութեամբ ու իր արժէքներով չ՚առաջնորդուի՞ր։ Մեղաւորը բոլորս ենք: Գուցէ լաւագոյն միջոցներէն մէկը ըլլայ դարձեալ անապատ տեսնելը, որովհետեւ մեր ազգը մինչեւ մահուան եզրին չհասնի, կեանքին արժէքը չի գիտնար. մինչե՛ւ հայրենիքը ամբողջովին կորսնցնելու հանգրուանին չհասնի՝ հայրենիքին արժէքը չի գիտնար:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Նոր սերունդին անտարբերութիւնը ազգ մը ո՞ւր կ՚առաջնորդէ:
Պատասխան. Նոր սերունդին անտարբերութիւնը ազգ մը կ՚առաջնորդէ դէպի ձուլում ու ինքնութեան քայքայում. երբ երիտասարդները կը դադրին հետաքրքրուիլ իրենց մշակոյթով, լեզուով ու արժէքներով՝ ազգը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր միասնութիւնը, իր արժէքները, ինչպէս նաեւ ապագայի հանդէպ տեսլականը եւ կը դառնայ օտար ազդեցութիւններու գերին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան