ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ «ԳԱՆՁ»Ը ՖԻԼՄԸ
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ պոլսահայ արդի գրականութեան տիտաններէն, անմոռանալի գիւղագիր Զաւէն Պիպեռեանի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկ մը, որ համախմբեց մշակութասէրները։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ցուցադրուեցաւ «Յանկարծ» թատերախումբին կողմէ պատրաստուած թուային տեսերիզը, որ կը կոչուի «Գանձը»։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որու մասնակիցները հաղորդ դարձան Զաւէն Պիպեռեանի կեանքին, գործունէութեան եւ թողած գրական աւանդին։ Թատերախումբի անդամներէն Արեգ Գազանճեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։
Ժապաւէնի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում մը։ Թատերախումբի անդամներէն Լարա Նարին, Եղիա Աքկիւն, Թարա Տեմիրճիօղլու եւ Արթուն Կեպենլիօղլու խորհրդածութիւններով հանդէս եկան՝ ներկայացուած թուային ֆիլմին կապակցութեամբ։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի խօսքով։