ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները Սթոքհոլմի մէջ վերջերս մասնակցեցան՝ «Աստուծոյ խաղաղութեան ժամանակն է» խորագրեալ էքիւմենիք շաբթուան մը։ Սա ձօնուած էր Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ, 1925 թուականին կազմակերպուած էքիւմենիք պատմական համաժողովի 100-ամեակին։ Արդարեւ, Սթոքհոլմի միջեկեղեցական այդ հաւաքը խոստմնալից սկիզբ մը եղած էր՝ ժամանակակից էքիւմենիք շարժման համար։

Շուէտի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած էր այս վերջին էքիւմենիք շաբաթը, որու ծրագիրը բազմաբովանդակ էր՝ գիտական եւ աստուածաբանական ձեռնարկներ, լիագումար նիստեր եւ քննարկումներ, որոնց ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ արդի աշխարհի խաղաղութեան, արդարադատութեան եւ քրիստոնէական միասնութեան հրամայական խնդիրներուն։

Միջեկեղեցական հաւաքին մասնակցեցան զանազան եկեղեցիներու պետեր, հոգեւոր առաջնորդներ, էքիւմենիք գործիչներ, աստուածաբաններ եւ կրօնագէտներ աշխարհի զանազան երկիրներէն։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուցին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Հարկ է նշել, որ էքիւմենիք հաւաքի մասնակիցներու շարքին էին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Եփրեմ Պատրիարքը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025