ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Ներանձնական հաւատքի հաշուեկշիռը պայմա՛ն է վերանորոգուելու հոգեւոր կեանքի մէջ։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, անձնական հաւատաքննութիւնը նախապայմա՛նն է վերանորոգեալ հոգեւոր կեանքի, քանի որ հաւատքը հիմը կը կազմէ քրիստոսանուէր կեանքի շէնքին։
Ուրեմն, վերանորոգման առաջին փուլը ինքնաքննութիւնը՝ ինքնաճանաչումն է. նա՛խ հաւատքի աւետարանական տեսանկիւնէն՝ ըստ Սուրբ Գիրքի պատուէրին։ Բայց եւ որովհետեւ Եկեղեցին միութիւն մը՝ խմբակցութիւն մըն է անհատներու՝ անհա՛տ քրիստոնեաներու, հետեւաբար՝ վերանորոգութիւնը անհրաժե՛շտ է սկսի իւրաքանչիւր հայ-քրիստոնեայի հոգեւոր կեանքի վերանորոգումէն՝ քրիստոսանորոգումէն, օրինակովը Ներսէս Շնորհալիի՝ որ կ՚աղօթէ ինքնաքննութեամբ. «Նորոգո՛ղ հնութեանց, նորոգեա՛ եւ զիս, նորոգ զարդարեա՛»։
Ի՞նչ է վերանորոգումը։
Վերանորոգումը, ի միջի այլոց, պիտի նշանակէ շեղած ուղիէ մը վերադառնալ ուղիղ ճամբուն կամ ինկած վիճակէ մը վերականգնիլ, անդրադառնալ՝ «անառակ որդի»ին պէս, որ իր հօրմէն խզուած կապը, իր որդիութիւնը վերահաստատեց «ինքզինքին գալով», կամ իր վերանորոգուելովը։ Ուստի, վերանորոգումը կը սկսի անդրադարձումով։ Մէկ խօսքով, «վերանորոգում» կը նշանակէ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հետ մեր առաջի՛ն ուխտը վերհաստատե՛լ։
Քրիստոնեան, սակայն, ի՞նչ կերպով պիտի քննէ իր հաւատքը. ի՞նչ չափանիշի համեմատ պիտի քննէ։
Արդարեւ, հիւսնը՝ ատաղձագործը ուղիղ քանակը կը գործածէ, որմնադիրը՝ տրամալարը, իսկ առաքեալը՝ որպէս «հոգեւոր տրամալար» կամ «քանակ»՝ կը մատնանշէ Աստուածաշունչ մատեանը՝ որ իբրեւ երկսայրի սուր մը. «Կը թափանցէ մինչեւ շունչին եւ հոգիին մէջ եւ կը քննէ սրտին մտածումները…», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԵԲՐ. Դ 12)։
Մեր հաւատքը, ուրեմն, պիտի քննենք Սուրբ Գիրքին հետ համեմատելով։
Ճակատագրային է, անկիւնադարձային է, մե՛ծ է դերը Սուրբ Գիրքին, քանի որ ան կենդանի եւ կենսատու ակնաղբիւրն է սուրբ եւ հաստատ հաւատքին։ Ա՛ն է, որ ծնունդ կու տայ փրկարար եւ աւետարանական հաւատքին, քանի որ. «Հաւատքը ծնունդ կ՚առնէ քարոզութիւնը լսելէն, իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ՚արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին». (ՀՌՈՎՄ. Ժ 17)։ Այսպէս, Աստուծո՛յ Խօսքը լսել՝ հաւատքին սկզբնակէտը ըլլալը կը մատնանշէ Պօղոս առաքեալ։
Սուրբ Գիրքն է, որ հաւատք ծնելէն ետք, զայն կը դիեցնէ՝ կը սնուցանէ իր անխարդախ կաթով, կը սնուցանէ, կ՚աճեցնէ, կը վերանորոգէ հաւատքը՝ ըստ անոր կարիքներուն։
Հաւատքը մէ՛կ է բնականաբար։
Ան քրիստոնէակա՛ն հաւատքն է՝ որ կը նշանակէ հաւա՛տք Աստուածորդւոյն հանդէպ, որպէս Արարիչ եւ Փրկիչ եւ Տէր։ Բայց ի՞նչ տեսակ հաւատք… միտքի՞ հաւատք, որ թութակաբար կը գեղգեղէ Նիկիական Հանգանակը։
«Մտայի՞ն հաւատք», ուրեմն, թէ «սիրտի հաւատք». հոգեւո՛ր հաւատք՝ որով մեղաւորը կ՚ընդունի իր մեղաւորութիւնը, կը զղջայ, կ՚ապաշխարէ, կ՚իւրացնէ, կը սեփականացնէ Տէր Յիսուսի կատարած փրկութիւնը իրե՛ն համար, եւ կը վկայէ, Պօղոս առաքեալի սա հաստատումին համաձայն.
«Որովհետեւ եթէ բերանովդ խոստովանիս թէ Յիսուս Տէր է, եւ սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զԻնք մեռելներէն յարուցանեց՝ կը փրկուիս…». (ՀՌՈՎՄ. Ժ 9)։
Այսինքն, փրկուիս սրտի՝ փրկարար հաւատքով, առանց որուն կարելի չէ՛ շահիլ Աստուծոյ հաճութիւնը։
Դաւիթի անծանօթ չէ եղած անձնաքննութիւնը, Աստուծոյ միջոցաւ ինքզինք ճանչնալու։ Այս նպատակաւ ան կ՚աղօթէ. «Փորձէ զիս, ո՛վ Աստուած, եւ գիտցի՛ր իմ սիրտս. քննէ՛ զիս եւ գիտցիր իմ մտածումներս». (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 23)։
Ուստի, եթէ մե՛նք ալ, Դաւիթի նման, բացուինք Աստուծոյ, մերկանանք, փռենք մեր հոգին, մեր ներաշխարհը Անոր առջեւ, Ան իր ամենաստոյգ եւ ամենախոյզ խօսքին ընդ մէջէն, մեզ պիտի քննէ եւ մեզ ճանչցնէ մեզի, ինչպէս Ի՛նք կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ մեզ։
Ներանձնական հաւատաքննութենէ եւ ինքնաճանաչումէ ետք, անկարելի է, որ չպատահի վերազարթօնքը՝ որ երրորդ աստիճանն է դէպի վերանորոգումը։
Թուցած կամ թմրած հաւատքէն պէ՛տք է շուտով սթափի՛լ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 26, 2025, Իսթանպուլ