ԱՆՕԹԻՆ ԵՒ ՄԵԾԱՏՈՒՆԸ

«Անօթիները բարիքներով լիացուց, մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց». (ՂՈՒԿ. Ա 53)։

Մարիամի օրհներգութենէն այս հատուածը կը մտաբերէ Հին կտակարանի Աննայի աղօթքը՝ ուր կ՚ըսէ ուխտ ընելով. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, եթէ Քու աղախինիդ նեղութեանը նայիս եւ զիս յիշես եւ Քու աղախինդ չմոռնալով՝ Քու աղախինիդ արու զաւակ մը տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ եւ կեանքին բոլոր օրերուն մէջ եւ անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չզարնուի». (Ա ԹԱԳ. Ե 11)։ Հին եւ Նոր կտակարաններու վերոյիշեալ հատուածները կը նշանակէ, որ երկու կտակարանի միջեւ ներքին հաղորդակցութիւն մը գոյութիւն ունի։ Յիսուս կը հաստատէ այս իրողութիւնը, երբ կ՚ըսէ. «Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու։ Հաստատ գիտցէք, որ բոլոր Օրէնքը եւ մարգարէութիւնները կէտ առ կէտ պիտի իրականան՝ առանց բառ մը իսկ դուրս ձգելու, մինչեւ գայ այն օրը, երբ այս երկինքը եւ երկիրը պիտի անցնին». (ՄԱՏԹ. Ե 17-18)։

«Անօթիները բարիքներով լեցուց…»։

Ո՞վ է անօթին։ Աւետարանի վարդապետութեամբ «անօթի»ն այն չէ՛, որ մարմնապէս քաղցած է, այլ ան է՝ որ Աստուծոյ արդարութեան պէտքը եւ կարօտը ունի։ Եւ Քրիստոս՝ Ան է, որ այդ հոգեւոր անօթութիւնը պիտի յագեցնէ. «Անօթիները բարիքներով լեցուց…»։

«Մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց…»։ Հարստութիւնը ներհակ չէ՛ աւետարանական ուսուցումին, բաւ է, որ ան ըլլայ արդա՛ր. «Քանի որ աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Ժ. 10)։ Ուստի, արդար վաստակը արժանի է իր արդար վարձքին։ Մեծատունը՝ աշխարհիկ հասկացողութեամբ արդար վաստակով հարստացած անձն է։ Բայց աւետարանական ըմբռնումով անիրաւ եւ անարդար վաստակով կայացած հարստութիւնը. «…դատարկաձեռն պիտի արձակուին…»։

Ուրեմն, ո՞վ է այն իմաստով հարուստը։

Հոգեւոր իմաստով մեծատունը՝ հարուստը այն չէ՝ որ ստացուածք, հարուստ սեփականութեան տէր է, այլ ան է, որ իր ունեցածը, իր հարստութիւնը ագահութեան առիթ կը դարձնէ։ Ուստի, հարստութիւնը մեղք չէ, ստացուածք ունենալը յանցանք չէ, այլ այդ ստացուածքը կարօտեալներու ի նպաստ չգործածե՛լը. հարստութենէն ուրիշներու բաժին չհանել եւ հարստութենէն մաս մը չյատկացնել։

Ագահ, ընչաքաղց եւ կծծի հարուստին մասին է՝ որ ձեռնունայն պիտի ձգուին։ Ուստի, հարստութիւնը միայն իրեն պահողը այս կարգի մեծատուն է։ Բայց այսպիսի հարուստ մը իսկական իմաստով «մեծատուն» չէ՛։ Ա՛յս է Աւետարանի ուսուցումը երբ կ՚ըսէ. «Հարուստները պարապ ճամբեց…». (ՄԱՏԹ. ՂՈՒԿ. Ա 53)։

Հարստութիւնը եւ ընդհանրապէս դրամը բարի ուժ մըն է իր շուրջը ապրողներուն համար։ Մարդս պարտաւո՛ր է մտածել ոչ միայն իր եւ իրեններուն՝ այլ նաեւ ուրիշներուն ալ բարիքը։ Բարերարութիւնը բնական օրէնք մըն է, զոր սակայն շատ քիչ անգամներ կրցած ենք յարգել բոլորս ալ. որքա՛ն ալ մեծ ըլլայ մէկու մը անձնական բաւականութիւնը, դարձեալ եւ իր գրաւած դիրքին կամ տիրացած հարստութեան կարեւոր մէկ մասը կը պարտի զինք շրջապատողներու գոյութեան։ Հետեւաբար նիւթական փոխարինութեան տեսակէ՛տով իսկ՝ պարտաւո՛ր է ի՛նքն ալ ձեռնատու ըլլալ ուրիշներու՝ շատ կարօտութեան միջոցին։

Այս ձեռնտուութիւնը՝ իր նիւթական փոխադարձութեան ձեւէն մեկուսացած՝ ազնիւ գոհունակութիւն մը, հաճոյք մը պէտք է առթէ իրեն. արցունքներ սրբած՝ սիրտեր կանգնած՝ թշուառութիւններ դադրեցուցած ըլլալու է։ Իր հետ եւ իր շուրջը ապրողներուն սէրը եւ վստահութիւնը իրեն հետ պիտի ըլլան միշտ, օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ իր կեանքը՝ երախտագիտութեան ցոյցերով քաղցրացած եւ անոնց երջանկութիւնը ո՛ւժ մը պիտի ըլլայ իր եռանդը եւ աշխատութիւնը, վարձքը աւելի բազմապատկող բարի ուժ մը՝ դրամով գնուած։

Եւ այս «բարի ուժը» ամբողջ մարդկութեան համար պէ՛տք է գործածուի…

Մեր խորհրդածութիւններուն սկսանք Սուրբ Կոյս Մարիամով, եւ ուրեմն, ընդունինք զայն, հնազանդինք իրեն եւ օրինակենք Սուրբ Կոյս Մարիամի օրինակելի խոնարհ տիպարը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 1, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025