ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ՀԱՒԱՔ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Միջեկեղեցական համաժողով մը, որ ձօնուած է Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին։ «Ապրելով Հաւատամքը այսօր. Նիկիոյ տիեզերաժողովի 1700-ամեակի յիշատակում» խորագրեալ յոբելենական ձեռնարկը կազմակերպուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ։ Այս հաւաքի նպատակն է համախմբել երիտասարդ հոգեւորականները՝ համատեղ մտածելու համար եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ, ուսումնասիրելու Նիկիոյ Հաւատամքի իմաստն ու արդիականութիւնը ներկայ ժամանակներուն եւ խթանելու եղբայրութեան ու համագործակցութեան ոգին։
Մինչեւ սեպտեմբերի 7-ը պիտի շարունակուի այս համաժողովը, որուն կը մասնակցին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն ներկայացուցիչներ։ Բաց աստի, քոյր եկեղեցիներու, զանազան յարանուանութիւններու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ ալ կը հետեւին համաժողովին։
Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ, համաժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Աւելի վերջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Համաժողովի մեկնարկի փուլին Վեհափառ Հայրապետը մասնակիցներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը։ Ան ընդգծեց, որ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովը որոշիչ նշանակութիւն ունեցած է ո՛չ միայն Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքի պահպանման, այլեւ տէրունավանդ առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման համար։ Նորին Սրբութիւնը շարունակեց.
«Առաջին տիեզերաժողովը համախմբեց բազում եկեղեցիներ՝ միասնաբար հակադարձելու եկեղեցական կեանքը յուզող երեւոյթներուն, աւետարանական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող փորձերուն, զերծ պահելու հաւատքը կամայական մեկնաբանութիւններէ եւ տարաբնոյթ մոլորութիւններէ։ Ընդհանրական եկեղեցին Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի գումարումով սահմանեց Նիկիոյ Հանգանակը եւ հաստատեց Քրիստոսի Աստուածութեան վերաբերեալ եկեղեցւոյ անխախտելի վարդապետութիւնը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ յիշեցնելով, որ Հայոց Եկեղեցին այդ տիեզերաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած էր, ներկայ գտնուած էր Արիստակէս Հայրապետը, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկոսի որդին էր։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը բացատրեց, որ Առաջին տիեզերաժողովը դարձաւ ամուր խարիսխ մը՝ քրիստոնէական հաւատքի տեսակէտէ։ Անով նաեւ սահմանուեցան աստուածաբանական եզրեր եւ հիմնադրոյթներ, բարձրացուեցաւ Քրիստոսի եկեղեցին՝ որպէս ընդհանրական եւ առաքելական։
«Ժողովի մէջ ընդունուած 20 կանոնները եւս կարեւոր ուղենիշ դարձան եկեղեցւոյ ծիսականոնական կեանքին մէջ, նուիրապետական կեանքի ընկալումներուն տեսակէտէ», մատնանշեց Վեհափառ Հայրապետը եւ աւելցուց, որ Առաջին տիեզերաժողովը աշխարհի ծագերէն 318 հայրապետներու համախմբումով գումարուած էր, դարձած էր վահանը քրիստոնէական հաւատի եւ վկայութիւնը եկեղեցւոյ ընդհանրականութեան եւ միասնականութեան։
Համաժողովի բացման Նորին Սրբութիւնը արձանագրեց, որ Նիկիոյ Հանգանակը այսօր եւս կը միաւորէ զանազան մշակոյթները եւ միջավայրերէ քրիստոնեաները եւ կը շարունակէ մնալ ուժ ու զօրութիւն պարգեւող քրիստոնէական հաւատի ակունքը։ Իր խօսքով՝ այսօր եկեղեցւոյ փորձառութեամբ ու սուրբ հայրերու կողմէ փոխանցուած օրինակներով պէտք է առաւել ջանք գործադրել՝ ի խնդիր հաւատքի պահպանութեան, աշխարհի վրայ խաղաղութեան, մարդոց միջեւ հաճութեան երկնային պատգամի տարածման համար։
«Նիկիոյ տիեզերաժողովը 1700 տարի անց համախմբած է ձեզ երկրի մը մէջ, որ անասելի հալածանքներու, նեղութիւններու եւ փորձութիւններու ենթարկուած է յանուն Քրիստոսի։ Այսօր ալ մեր ժողովուրդը փորձութիւններու միջով կ՚անցնի։ Տակաւին չեն ամոքուած այն վէրքերը, որոնք բացուեցան մեր ժողովուրդին 2020թուականին Ատրպէյճանի պարտադրած պատերազմին հետեւանքով», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ ընդգծելով, որ 2023 թուականին Արցախէն բռնի տեղահանուեցաւ ամբողջ բնակչութիւնը, իսկ Ատրպէյճանի մէջ առ այսօր կը շարունակեն ապօրինաբար պահուիլ ռազմագերիներ եւ պատանդներ։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ Արցախի մէջ ներկայիս կ՚ոչնչացուին եւ կը վնասուին հայկական բազմադարեայ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը, պատմական սրբավայրերը, նաեւ կ՚իւրացուին ոչ-հայկական ըլլալու կեղծ պատճառաբանութեամբ։
Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ աշխարհի վրայ այժմ առկայ ցաւալի պատկերի յանդիման աւելի հրամայական կը դառնայ եկեղեցիներու համագործակցութեան ոգիի դրսեւորումը։ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ աղօթքի, երկխօսութեան, արդիւաւոր յարաբերութիւններու եւ միասնական ջանքերու միջոցաւ հնարաւոր կ՚ըլլայ մարդկութեան կեանքէն ներս առատացնել հաճութիւնն ու համերաշխութիւնը, որպէսզի կանխուին եղեռնագործութիւնները, դադրին դժբախտութիւնները եւ աշխարհի վրայ գերակայէ Աստուծոյ կամքը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած քառօրեայ համաժողովին բանախօսութիւններով ու զեկուցումներով հանդէս կու գան Արեւելեան Ուղղափառ, Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Լուտերական եւ այլ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Նախատեսուած են նաեւ քննարկումներ՝ օրակարգային հարցերու եւ նիւթերու շուրջ։ Համաժողովի մասնակիցները կ՚այցելեն զանազան սրբավայրեր եւ թանգարաններ, կը մասնակցին էքիւմենիք աղօթքներու, կը ծանօթանան Հայոց Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան։