ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆԸ

Նոր կտակարանին չորս աւետարանները այլ եւ այլ տեղեր գրուած, առաքեալներու նամակները իրարմէ զատուած եւ հեռու քաղաքներու եկեղեցիներու ղրկուած ըլլալով բաւական ժամանակ անցաւ, մինչեւ որ այն գրուածներուն ամէնը ժողվուելով մէկ գիրք եղաւ։

Պէտք է յիշել, թէ հիմակուան հետ բաղդատելով որչափ սակաւ հաղորդակցութիւն կար այն ատեն այլ եւ այլ երկիրներու եւ միեւնոյն երկրին այլ եւ այլ քաղաքներուն մէջտեղ։ Բաց աստի, այն ատենները տպագրութեան մամուլներ եւ այլ հաղորդակցութեան միջոցներ չկային, որ գիրքերը բազմանային եւ տարածուէին, որպէսզի եկեղեցիները բոլոր Սուրբ Գիրքերէն օրինակներ դիւրաւ ստանալու կարող ըլլային։ Ուստի, ամէն օրինակ ձեռքով գրել հարկ ըլլալով, գիրքերը սակաւաթիւ էին եւ, ի հարկէ, նախապէս իւրաքանչիւր եկեղեցի կը բաւականանար Նոր կտակարանին միայն գլխաւոր գրութիւններու օրինակներով։

Բայց եւ այնպէս, յայտնի է, թէ արդէն վաղ ժամանակներէն իսկ բոլոր այն գրութիւնները հաւաքելու ջանքեր եղան։ Պետրոս առաքեալ (Բ ՊԵՏ. Գ 15-16) Պօղոս առաքեալի նամակները կը յիշէ այնպիսի կերպով՝ որ կը ցուցնէ, թէ քրիստոնեաներ առ հասարակ ունէին եւ կը կարդային այն թուղթերը՝ նամակները։

Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն մնացած եկեղեցական գրութիւններ կան, թէպէտեւ քիչ, որոնցմով կարելի է ապացուցուիլ, թէ այն ատենները Նոր կտակարանը ծանօթ եւ հասարակօրէն մարդոց ձեռքը գտնուած գիրք էր։ Իգնատիոս վկայ, որ Ա. դարուն վերջին մասին Անտիոքի եպիսկոպոս էր. իր նամակներէն մէկուն մէջ համառօտիւ կը խօսի աւետարաններուն եւ առաքելական գրուածներուն վրայ։ Կեղեմէս եւ Պողիկարպոս եւս, որ նոյնպէս առաքեալներու ընկերակից էին, իրենց նամակներուն մէջ, որոնք տակաւին կը կենան՝ Նոր կտակարանին այլ եւ այլ գիրքերէն վկայութիւններ կը բերեն։ Բ. դարուն վերջին կիսուն մէջ, Երանոս Եպիսկոպոս Լիոն՝ Ֆրանսա, հերետիկոսներու դէմ գրած գիրքերուն մէջ անունով կը խօսի Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի աւետարաններուն վրայ։

Գ. դարուն սկիզբը Կղեմէս Աղեքսանդրացի եւ Տէրտուղիանոս Կարքեդոնացի նոյնպէս թէ՛ դէմքով, թէ՛ անունով կը խօսին նոյն աւետարաններուն վրայ։ Ասոնք իրենց գրուածներուն մէջ առաքեալներուն գրեթէ բոլոր նամակներէն ալ վկայութիւններ կը բերեն։ Մանաւանդ Տէրտուղիանոս այնպէս կը խօսի նոյն գիրքերուն վրայ, որպէս թէ բոլոր անոնք թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ հեթանոս եւ համայն աշխարհին քննութեանը առջեւ բա՛ց էին։

Այս վկայութիւններէն եւ այսպիսի ուրիշ վկայութիւններէ յայտնի է, թէ այն ժամանակները, այսինքն՝ Ա. եւ Բ. դարերու մէջ եւ Գ. դարուն սկիզբը, նաեւ այնպէս հեռաւոր տեղեր, ինչպէս են՝ Լիոն՝ Ֆրանսա եւ Կարքեդոն՝ Ափրիկէ, Նոր կտակարանին գիրքերը հասած էին թէ՛ քրիստոնեաներուն եւ թէ հեթանոսներուն ձեռքը։

Երկրորդ դարուն կէսէն առաջ, եւ ըստ ոմանց, Ա. դարուն, Նոր կտակարանին, նաեւ՝ Հինին գիրքերը ասորերէն թարգմանուած են, Ասորիի հիւսիսային կողմը եւ Միջագետի մէջ բնակող քրիստոնեաներուն գործածութեան համար։ Այս թարգմանութիւնը «Բեշիդոյ», այսինքն՝ պարզ եւ բառ առ բառ թարգմանութիւն կոչուած է։ Նոր կտակարանին բոլոր գիրքերը ամբողջովին կան այս թարգմանութեան մէջ, բացի Պետրոսի Բ., Յովհաննէսի Բ. եւ Գ. նամակներէն եւ Յուդայի նամակէն եւ Յայտնութեան գիրքէն։

Յայտնութեան գիրքը այլաբանութեամբ ըլլալուն համար, միւս նամակներն ալ փոքր ըլլալով ամէնուն ծանօթ չըլլալուն պատճառաւ, եւ Եբրայեցիներու գրուած նամակն ալ եւս քրիստոնեայ եկեղեցիներէն ոմանք նախապէս չընդունեցին Նոր կտակարանին այն մասերը։ Եւ որովհետեւ երեւան ելած էին ուրիշ քանի մը գիրքեր ալ, որոնք Քրիստոսի կեանքին եւ վարդապետութեան վրայ տեղեկութիւն տալ կը խոստանային, խնդիր ծագեցաւ, թէ ո՞ր գիրքերը վստահութեան արժանի են եւ որո՞նք չեն։ Ասիկա բոլոր այս այլ եւ այլ գիրքերու վաւերականութեան ապացոյցները քննելու եւ եկեղեցիներէն ընդունուածներուն ցուցակը շինելու առիթ տուաւ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 5, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025