ՔԱՐ ՄԸ ԱՌ՝ ԵԿՈ՛ՒՐ
Մի քանի շաբաթներ առաջ տեղի ունեցած մեր նշանախօսութեան առթիւ շատերու շնորհաւորանքը ստացանք։ Անշուշտ, շնորհաւորողներուն թիւը շա՜տ շատ էր, սակայն, կար միայն մէկ հոգի՝ որ կեղծանունով փորձած էր «քննադատել» այդ մէկը: Անշուշտ, կարելի չէր զանց առնել այդ մէկը, որովհետեւ ամէն մէկ քննադատութիւն, ամէն մէկ դատողութիւն մարդ արարածին կու տայ վերլուծելու, մտածելու եւ երեւոյթները մեկնաբանելու հնարաւորութիւն: Անշուշտ, անձին կեղծանունով քննադատելը ինքնին ապացոյցն է այն իրողութեան, որ այդ քննադատութիւնը բխած չէ անկեղծ սիրտէ՝ բարեպաշտ հաւատացեալի մը հաւատքէն, սակայն, յամենայնդէպ, կ՚արժէ անդրադառնալ այդ քննադատութեան:
Կեղծանուն (անանուն) քննադատը կը դատապարտէ մեր նշանախօսութիւնը՝ առարկելով, որ Աստուծոյ դիմաց խոստում տուած նախկին եկեղեցական մը ինչպէ՞ս կրնայ դէպի նշանախօսութիւն եւ ապա դէպի ամուսնութիւն դիմել. ան այս մէկը կը նկատէ սխալ եւ կը հաւատայ, որ ժողովուրդը ի՛նք պէտք է հաշիւ պահանջէ (եւ կամ գուցէ դատէ) նման արարք մը։ Եթէ պահ մը նկատի առնենք, որ այս անանուն քննադատը իրապէս քրիստոնէական մաքուր հաւատքով կը բարձրաձայնէ այս բոլորը, ապա որպէս քրիստոնեայ պարտի գիտնալ հետեւեալները.
Մարդ արարածին եւ Աստուծոյ միջեւ գոյութիւն ունեցած ցանկացած խոստում, երդում եւ մեղք անհատական է. երկրորդ, երրորդ եւ կամ չորրորդ անձեր այդ բոլորը գնահատելու, վերծանելու եւ կամ դատավճիռ մը արձակելու իրաւասութիւնը չունին։ Մարդ, որ սխալ կը գործէ, անոր հաշուետուն ի՛նք կ՚ըլլայ. այս մէկը հասկնալու համար բաւարար է կարդալ Եզեկիէլի մարգարէութեան 18:20 բաժինը: Իւրաքանչիւր մարդ իր գործերուն համար ի՛նք պատասխանատու է. մարդ արարած ինք չի՛ կրնար որոշել, թէ ո՛ր մեղքն է Աստուծոյ համար ներելի եւ ո՛ր մեղքը ոչ, որովհետեւ ինչպէս Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. մարդ արարած մի՛շտ կը նայի արտաքինին, սակայն Աստուած ի՛նք է, որ կը քննէ սիրտերը եւ Աստուած մարդոց արարքներէն աւելի իրենց սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ տեղ գտածին հիման վրայ է, որ կը դատէ:
Այս բոլորը աւելի յստակ դարձնելու համար մեր անանուն քրիստոնեային յիշեցնել տանք հետեւեալները. Մովսէս մարգարէ երիտասարդ տարիքին սպաննած էր եգիպտացի մը. Դաւիթ թագաւորը սպաննած էր Գոլիաթին, ինչպէս նաեւ պատերազմի ժամանակ բազմաթի՜ւ մարդիկ. Պօղոս առաքեալ անձամբ կը հալածէր քրիստոնեաները, սպանութիւններ կը կատարէր եւ մարդոց նիւթական ու բարոյական վնասներ կը պատճառէր… սակայն, հակառակ այդ բոլոր արարքներուն՝ աւարտը բացայայտ է: Անշուշտ, այս բոլորը մեր մարդկային կեանքի մէջ կարելի չէ հասկնալ, որովհետեւ մեր մէջ այդ բարութիւնը շատո՜նց վերացած է. պատկերացուցէք անձ մը, որ նախապէս գող էր, սակայն այսօր որոշած է մաքուր կեանք մը ապրիլ. այդ անձը հրաշքներ ալ գործէ, իր վրայէն պիտի չյաջողի թօթուել «գող» անուանումը, որովհետեւ մերօրեայ ընկերութեան մէջ միշտ վատը աւելի առաջնահերթ է ու շեշտուող՝ քան լաւը: Մովսէս մարգարէ, Դաւիթ թագաւոր եւ կամ Պօղոս առաքեալ եթէ այսօր ապրէին, գուցէ չհասնէին իրենց սրբութեան մակարդակին, որովհետեւ մերօրեայ ընկերութեան համար ինչ լաւ գործեր ընելդ, հոգիիդ մաքրութիւնը եւ կամ սիրտիդ բարի նպատակները ո՛չ մէկ իմաստ ունի. բաւարար է, որ վատ կէտ եղած ըլլայ՝ նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ըլլայ տասնամեակներ առաջ:
Անշուշտ, Դպիրներու եւ Փարիսեցիներու ճամբով մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս նման մարդոց համար ըսաւ. «Ձեզմէ ո՛վ որ անմեղ է թող առաջին քարը նետէ»։ Անշուշտ, ներկայ օրերուն քար նետողներ անպայման կ՚ըլլան, որովհետեւ չես գիտեր ուրկէ մարդոց մէջ ծնունդ առած է «փոքր» մեղքի եւ «մեծ» մեղքի գաղափարը. մարդիկ դատաւոր ըլլալով սկսած են որոշել, թէ ո՞ր մեղքը կարելի է ներել ու նկատի չունենալ եւ ո՞ր մեղքը՝ ոչ: Այս բոլորը շատ աւելի յստակ դարձնելու համար յիշեցնենք, որ Քրիստոսի աջակողմը խաչուած աւազակը՝ որ իր ամբողջ կեանքը գողութեամբ, սպանութեամբ եւ վատութեամբ ապրեցաւ, այսօր Երկինքի Արքայութեան մէջ է: Իսկ անդին շատ շատեր՝ որոնք իրենք զիրենք այդ աւազակէն շատ աւելի անմեղ ու արդար նկատեցին՝ գուցէ դժոխքի մէջ:
Պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ եկեղեցական ուխտէն հրաժարիլը աւելի մեծ մեղք մը չէ քան բոլոր այն մեղքերը՝ որոնք եկեղեցին կը յիշէ իր խոստովանութեան մէջ.- յիշեցնենք, որ մեր եկեղեցին մեղք կը նկատէ խորամանկութիւնը, անզգամութիւնը, յանդգնութիւնը, երկչոտութիւնը, շռայլութիւնը, ժլատութիւնը, անիրաւութիւնը, չարահաւանութիւնը, յուսահատութիւնն ու թերամտութիւնը: Մեր եկեղեցին մեղք կը նկատէ նենգութիւնը, ատելութիւնը, անժուժկալութիւնը, արբեցութիւնը, ստախօսութիւնը, հակառակութիւնը, վիճաբանութիւնը, ծաղրը, զրախօսութիւնը, տրտնջելը, դժգոհելը եւ ամենէն կարեւորը որ ազգովի ժառանգած ենք՝ բամբասելը: Անշուշտ, ասոնց վրայ տակաւին կարելի է յաւելել մնացածը:
Տարօրինակ է, որ շատ անգամ հաւատքէն եւ կամ Աստուածաշունչէն որոշ տողեր մեզի «կարեւոր» ըլլալ կը թուի՝ մանաւանդ երբ նիւթին մէջ անձ մը «դատել» ու «դատապարտել կայ» (մոռնալով որ նոյն այդ կրօնը՝ քրիստոնէութիւնը առաջին հերթին կը դատապարտէ իր նմանը դատողները). այդ պատճառով, որպէսզի անանուն մեր բարեկամին քրիստոնէական լաւ ուսուցման միջոց մը ըլլայ, կ՚առաջարկենք կարդալ (հաւատալո՛վ կարդալ) Ա. Յովհաննէս 1:9-ի մէջ գրուած առաքեալի խօսքերը: Իսկ եթէ մեր անանուն բարեկամը զերծ է վերոյիշեալ բոլոր մեղքերէն, թող առնէ՛ իր քարը եւ գայ. հազա՜ր բարի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդը կրնա՞ր որոշել, թէ ո՛վ պիտի դատուի եւ ո՛վ արդարանայ Աստուծոյ դիմաց:
Պատասխան. Մարդը չի կրնար որոշել, թէ ո՛վ պիտի դատուի եւ ո՛վ արդարանայ Աստուծոյ դիմաց, որովհետեւ դատաստանն ու արդարութիւնը Աստուծոյ ձեռքին մէջ են: Մարդոց իշխանութիւնը սահմանափակ է՝ միայն սեփական գործերու եւ մտածումներու համար պատասխան տալու առումով եւ ոչ մէկ իրաւունք ունի գնահատելու ուրիշի հոգեւոր վիճակը կամ մեղքի ծանրութիւնը: Աստուածաշունչին մէջ Քրիստոս խստօրէն կը նախազգուշացնէ ուրիշները չդատել, որովհետեւ մարդու դատողութիւնը միշտ անկատար է եւ չի կրնար գերազանցել Աստուծոյ արդարութիւնը: Մարդ կրնայ խորհուրդ տալ, սակայն, եզրակացութիւնն ու արդարութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան