ՊԱՅՐՈՒԻ ԴԷՄ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը անվստահութիւն յայտնեց երկրի կառավարութեան դէմ, որու գլուխը կը գտնուէր վարչապետ Ֆրանսուա Պայրու։ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր կ՚ընդունի վարչապետ Պայրուի հրաժարականը եւ այսպէսով կը սկսի երկրի նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը։ Նախագահ Մաքրոն պիտի նշանակէ նոր վարչապետ մը, որ պիտի կազմէ իր նախարարաց խորհուրդը եւ այդ մէկը պիտի դիմէ Ազգային ժողովի վստահութեան քուէին։

Ֆրանսայի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս տագնապալի իրադարձութիւնները իրարու կը յաջորդեն՝ մանաւանդ անկայունութեան համեմատութիւններու հասնելու չափ։ Պայրուի կառավարութեան կողմէ պատրաստուած նոր ծրագիրը, ըստ էութեան, հասարակական լուրջ դժգոհութեան պատճառ դարձած էր Ֆրանսայէ ներս, ինչ որ անոր տապալման ենթագետինը ստեղծած է։

Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Էմմանիւէլ Մաքրոնի՝ որպէս նախագահ, պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը Ֆրանսայի մէջ կը բնորոշուի կառավարութիւններու եւ վարչապետներու իրերայաջորդ փոփոխութիւններով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2025