ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ թաղականները Սամաթիոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան ընդառաջ Գումգաբու այցելեցին՝ ստանալու համար Ամեն. Ս.Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց Սահակեան-Նունեան վարժարանի վերջին կացութեան եւ թաղային խորհուրդի ընդհանուր գործունէութեան շուրջ։ Ան արտայայտեց իր գնահատանքը՝ ներկայացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւնները Սամաթիոյ ընտանիքի պատասխանատուներուն՝ յաջողութեան եւ կարողութեան մաղթանքով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2025