ԹԱՂՄԱՆՍ
Թանկագի՜նս…
Եթէ իրականութիւնը կ՚ուզես, ապա չեմ գիտեր, թէ ես ե՞րբ պէտք է գրեմ քեզի… Բոլոր բառերը, ինչ որ կրնայ կարօտած մատիտ մը գրել՝ գրած եմ քեզի, երբ այնտեղ էի: Իսկ հիմա… ոչ մէկ բան կայ, որ կարենամ չկրկնել զայն ականջներուդ… Ի՞նչ ըսեմ քեզի: Ըսե՞մ, ինչպէս ոեւէ մէկը կ՚ըսէ, թէ քու սէրդ անզսպելիօրէն արեանս մէջ որպէս յորձանուտ կ՚ընթանայ: Կրնայ քեզի այդ ըսել, եթէ երակներուս մէջ կատարուածը արժէքաւոր ըլլար… Սակայն, իրականութեան մէջ, ես հիւանդ մարդ մըն եմ…: Արիւնը որ մէջս կ՚այրի, բնա՛ւ արժէք չունի: Ան արիւն է, որ ծեր մարդու մը կը վայելէ, կիսամահ, կիսահանգիստ, որու կուրծքին մէջ բացի անցեալի կղպուած սնտուկներէն, ուրիշ ոչինչ կայ, իսկ իր ապագան պարզապէս մոմ մըն է, որ լոյս կու տայ իր վերջին բոցին, որպէսզի շիջանի եւ ապա ամէն ինչ կ՚աւարտի…:
Թանկագի՜նս, կը կարծէի, թէ երբ օրերը անցնին, քիչ մը պիտի բալասանեն վէրքը… Սակայն, կը թուի ինծի, թէ ա՛լ աւելի կը քայքայուիմ՝ նմանելով բանի մը, որ յանկարծակի պարպուած է իր ամբողջականութենէն եւ չի գիտեր, թէ ի՛նչը կը պահէ զինք տակաւին: Իւրաքանչիւր օր անդառնալի ճաք մը կը փորէ դիմադրողականութեանս մէջ: Իւրաքանչիւր վայրկեան կ՚ապտակէ դէմքս ճշմարտութեամբ մը, որ աւելի դառն է քան ճշմարտութիւնը…: Այսօր առաւօտեան վազելով բարձրացայ աստիճաններէն եւ երբ անոնց աւարտին կը հասնէի՝ զգացի, թէ ինչպէս սիրտս կողոսկորներուս դէմ կ՚երգէ, կը լարուի՝ գրեթէ կտրուելու աստիճան: Ի՜նչ երիտասարդութիւն է ասիկա: Ի՞նչ արժէք մնացած է, ո՜վ թանկագինս: Ի՞նչ արժէք: Ինչո՞ւ համար աւելի առջեւ քալեմ: Ի՞նչ բան է, որ ուրուականի պէս թաքնուած է մութին մէջ, որու սեւութիւնը աւելի սեւ է, քան բռնակալի մը խիղճը: Ի՞նչ ստացած եմ այս ամբողջ կեանքէս… Այո՛, ի՞նչ:
Բայց ես կ՚ապրէի վաղուան համար, ուր վախ պիտի չըլլար…, եւ կ՚անօթենայի, որպէսզի օրին մէկը կշտանամ: Եւ կ՚ուզէի, որ այս վաղուան հասնիմ: Այն ատեն կեանքս արժէք չունէր, բացի անկէ, որ խորունկ ու կանաչ յոյսը կու տար, թէ երկինքը այդքան անսահման անգութ չի՛ կրնար ըլլալ…, եւ թէ այս երեխան, որու շրթներուն վրայ ջարդուեցաւ ապահովութեան ժպիտը, իր կեանքը այսպէս պիտի անցընէ, պատռտուած հոկտեմբերի ամպերուն նման, մոխրագոյն՝ ինչպէս մառախուղով լեցուած հովիտները, կորսուած՝ ինչպէս արեւը, որ ծագելու եկաւ, բայց իր հորիզոնը չգտաւ…:
Սակայն երկինքը, երկիրը եւ ամէն բան, փոքրիկին ունեցած յոյսերուն հակառակն էին… Ամիսները դանդաղ եւ դաժան անցան: Երբ մեծցաւ, իր ընտանիքը յանձն առաւ զինք, որպէսզի տայ անոր պատառը, որ տուած էր այն օրը, երբ չէր կրնար ինք առանձինն վերցնել զայն…: Պատասխանատուութիւնը գեղեցիկ բան մըն է, սակայն այն մարդը, որ պատախանատուութեան մը կը բախուի, զոր չի՛ կրնար կրել, կամաց-կամաց իր տղամարդկութիւնը կը խլէ՝ պահանջքին ճնշումին տակ…: Աշխարհի մէջ ամէն բան իր դէմը կանգնած էր…, իւրաքանչիւր մարդ կ՚ապտակէր զինք, իւրաքանչիւր օրը որ կ՚անցնէր, կը թքէր իր դէմքին անփութութեան դառն ու սուր՝ պատասխանատուութեան մէջ թերանալուն զգացումը:
Հակառակ այդ բոլորին, ես ինծի կ՚ըսէի. «Ա՛յ տղայ, համբերէ, տակաւին կեանքը առջեւդ է եւ վաղը, միւս օրը նոր արեւ մը պիտի ծագի, այդ ապագային համար չէ՞, որ հիմա կը պայքարիս: Պիտի պարծենաս, թէ դուն կառուցած ես զայն քու եղունգներով, առաջին իսկ հիմքէն… մինչեւ վերջ»: Այս յոյսը կ՚արդարացնէր ինծի ամենօրեայ ցաւը եւ ես դէպի առջեւ կը նայէի, կը կոխէի չոր ճամբուս վրայ եղած փուշերուն վրայ, կարծէք նեղ ճամբայ մը ըլլար գերեզմանի մը մէջ…:
Ապա գեղեցիկ բան մը պատահեցաւ. հեռաւոր լոյսէ մը կուտակուած ամպերը ճեղքուեցան, պահանջքի ճնշումէն քիչ մը ազատագրուեցայ… Ապա…, ապա ծանօթացայ քեզի հետ. կը յիշե՞ս: Փոքրիկ հանդիսութիւն մը մեզ միացուց եւ երբ աչքերս աչքերուդ հանդիպեցան՝ զգացի, թէ բրիչ մը յարձակած է կուրծքիս վրայ եւ կը քանդէ ամէն դառնութիւն, որ մանկութենէս ի վեր հաւաքած էի…: Մազերդ հրաշալի խառնաշփոթի մէջ էին, իսկ աչքերդ՝ գրաւիչ մգութիւն մը ունէին…: Զգացի, թէ անգիտակցաբար կը նայէի քեզի եւ դուն այդ պահին մասին քու օրագիրիդ մէջ գրեցիր -որ յետագային կարդացի- թէ քեզի հաճելի թուացած է այս նաւաստին, որ կը նայէր այնպէս՝ կարծես իր խարիսխը պիտի նետէր նաւահանգիստին մէջ…:
Ամէն անգամ երբ կը տեսնէի քեզ, կը նկատէի, որ ես ինքզինքիս ա՛լ աւելի փակած եմ… Առջեւդ կը կանգնէի երեխայի մը նման, որուն գունաւոր ապակիէ լուսամուտ մը հեռու կը պահէ զինք իր խաղալիքէն… Հիւծող բառերը կը դողային կոկորդիս մէջ, ապա մէկ առ մէկ կ՚իյնային կուրծքիս մէջ եւ ես կը լսէի անոնց ուժգին բաբախումը, որ կողերս կը դողացնէր… Աւելի եւ աւելի ճանչնցայ քեզ… Եւ այդ օրերուն մասին գրեցիր քու օրագիրիդ մէջ…:
«Կը սպասեմ, որ զինք աւելի եւ աւելի ճանչնամ…». ես ուժ չունէի տակաւին, քու մասիդ որեւէ մէկ բան գրելու…:
Ապա, ա՜հ, ո՜վ թանկագինս, քեզ սիրեցի անդորրութիւն փնտռող մարդու մը կողերուն մէջ եղող ամբողջ զօրութեամբ…, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին տառապած սիրտի ամբողջական բաբախիւնով…, անօթի, տեղահանուած եւ ցաւած կողերու ամբողջ կարծրութեամբ…, այդ պահուն համար…: Դուն այն փարոսն էիր, որ յանկարծակի փայլեցաւ կորսուած մակոյկին դիմաց… եւ ես անդորրութիւն փնտռելու ամբողջ կարօտով կառչեցայ այդ գտածիս…:
Այդ օրերուն, գրեցիր ինծի, ըսելով. «Ինչո՞ւ ես քեզի այսքան կարօտով կը կարօտնամ. ուրեմն, այդ “ես”ը մեզ երկուքս կը նշանակէ՞ր, ինչպէս համաձայնեցանք»: Իսկ ես յոյսս կը գրկէի կոպտութեամբ, ինչպէս կը վայելէր իրեն: Եւ կ՚ուզէի քեզ… կ՚ուզէի…, ինչքան որ այս բառին մէջ ուզել կայ…: Ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ վերջապէս կեանքը ժպտաց ինծի եւ ցաւի մռայլ բերդը, այս բերդը, որ դառն քարի մը վրայ կը բարձրանար իմ գոյութեան մէջ…: Այս բերդը, որու վրայէն հիմա ես կը նայիմ այս ամբողջ երջանկութեան… Եւ այս պատկերացումը ինծի բաւականաչափ բաւարարուածութիւն տուաւ…:
Քեզմէ բաւական հեռացայ, ուր ապրելուս պատառը խլելով կը խլէի…: Եւ այնտեղ, այդ հեռաւոր երկրին մէջ, որ ամէն ինչ ունէր եւ ոչինչ ունէր…, այն երկիրը, որ ամէն ինչ կու տար եւ ոչինչ կու տար, այն հեռաւոր երկրին մէջ, որու հորզիոնը իւրաքանչիւր մայրամուտի կը գունաւորուի դառն զրկանքներով եւ որու առաւօտը անողոք անհանգստութեամբ կը լուսնայ…: Այնտեղ, կ՚ապրէի այն յոյսով, որ պիտի կարենամ օր մը ամէն ինչին վերջ մը տալ… եւ քեզի հետ նորովի սկիզբէն սկսիմ…: Բայց ճակատագիրը չէր ուզեր, որ առագաստները ուղղուէին ըղձանքներու քամիին մէջ, եւ երբ բժիշկին աչքերը նետուեցան երակներովս հոսող սարսափի լուրին վրայ՝ զգացի, թէ ինչպէս իմ ներսիդիս բոլոր առագաստները կը փլուզուին, եւ լսեցի փլուզումի աղմուկը ականջներուս մէջ, աշխարհը չորս կողմս պտտեցաւ՝ մինչեւ որ աչքերս տաք մշուշով ծածկեց…: Բժիշկին աչքերը առջեւս՝ կը պատանքէին ապագաս, իսկ անոր լայն ճակատին քրտինքները կը ներկայացնէին ինծի չոր տանջանքի մանրամասնութիւնները:
Երբ ջիղերս դարձեալ վերականգնեցան, լսեցի բժիշկին փսխած խորք չունեցող խօսքերը. խօսքեր յոյսի, քաջութեան, գիտութեան եւ երիտասարդութեան մասին…: Բառեր, որոնք իրենց բոլոր իմաստները կորսնցուցած են եւ անոնց տառերը վերածուած են սոսկ փոքրիկ որդերու, որոնք առանց որեւէ մէկ արդարացումի՝ իրենք իրենց չորս կողմը կը դառնային…: Ի՞նչ է այն զօրութիւնը, որ բժիշկը կը պահանջէ ինձմէ. դիմագրաւեմ ապագա՞յ մը, որ գիտեմ, թէ զրկուածութեամբ եւ թախիծով լեցուն է, թէ՞ ճակատագրականութեամբ յանձնուիմ այն ապագային, որ վայել է ծերուկի մը, որ իր կեանքը ծախած է, որպէսզի իր հանդերձեալ կեանքը գնէ, ինչպէս վաճառական մը, որ դրամագլուխ չունի: Ի՞նչ է յոյսը, երբ վստահ եմ, որ ոչինչ կայ հորզիոնին վրայ…: Ի՞նչ երիտասարդութիւն, այո՛, ի՞նչ երիտասարդութիւն է ասիկա, որ բնաւ չի՛ փայլատակեր…, որ տակաւին չէ՛ ապրած… Ի՞նչ երիտասարդութիւն: Ինչքա՞ն անիմաստ ու անարժէք կ՚ըլլան բժիշկին արտասանած խօսքերը, զորս կը կրկնէ պարզապէս այն պատճառով, որ բժշկութեան գիրքերը ատոնք ըսած են:
Սակայն աւելի զօրաւոր ապտակը ստացայ, երբ աստիճաններէն իջայ՝ բժիշկին աշխատատեղէն վերադառնալով: Յիշեցի քեզ… Եւ այն պահուն երբ կենդանի դէմքդ փայլատակեց աչքերուս մէջ, կուրծքիս մէջ փայլատակեց յուսահատութեան սեւ շանթը…: Այս աղջիկը հիւանդ մարդ մը կ՚ընդունի՞, որպէսզի անկէ հիւանդ զաւակներ ծնի: Կը համաձայնի՞ բուժքոյր ըլլալ, ապրիլ երիտասարդի մը հետ, որ կիսամեռ է:
Եկող օրերը շատ աւելի դաժան էին… Ձախողեցայ հերոս մը, կամ քաջ մը ըլլալու, ինչպէս ուզեց բժիշկը, որպէսզի ըլլամ եւ զգացի, թէ մանր բաները, որոնք կեանքս մանրամասնութիւններով կը լեցնէին, իրենց կարեւորութիւնը կորսնցուցած էին ինծի համար եւ թէ գալիք օրերը ո՛չ մէկ բան կը շալկեն իրենց թեւերուն վրայ, ո՛չ մէկ նոր զարկ այս խեղճ սիրտին համար…: Ձախողեցայ հերոսի դերը կերպաւորելուն մէջ… Կեանքին մէջ ամէն բան կը պայքարէր ինծի դէմ եւ կը ներծծէր դիմադրողականութիւնս, կանգնելով տկարութեանս դիմաց՝ որպէս յուսահատութեան հսկայական ամբարտակ մը…:
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ