ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻՔԱՅԷԼ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանին, որ ներկայիս բանտարկուած է։ Վեհափառ Հայրապետը սրբազանի այցելութեան փութաց՝ «Երեւան-կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկը, ուր տեսակցեցաւ անոր հետ։ Նորին Սրբութեան ընկերացան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը ժամանակին ալ փափաք յայտնած էր կալանաւորեալ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանին, Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանին, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին այցելելու համար, սակայն, դժբախտաբար, այդ փափաքը մերժուած էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ հերթական անգամ տեղեկացուցին, որ խստօրէն կը դատապարտուին անոնց դէմ իրականացուած ապօրինի գործողութիւնները եւ պատուիրուած դատավարական գործընթացները։
Երկու սրբազանները եւ ազգային բարերարը բանտարկուած են՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։
Իր կարգին, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Իշխանութիւնները կը յաջողին ժողովուրդը մոլորեցնել, որովհետեւ ընդդիմութիւն չկայ։ Եթէ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւն ըլլար, ապա իշխանութիւնը վաղուց հեռացուած կ՚ըլլար»։ Նորին Սրբազնութեան խօսքով՝ ներկայիս երկրի ընդդիմութեան մէջ կը նկատուի պառակտում, բայց, համախմբում երբ որ ըլլայ, ապա իշխանութիւնները պիտի հեռանան։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, երէկ կատարուեցան կարգ մը նշանակումներ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր, որ Արթիկի թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Աւագեան համատեղութեան կարգով, առժամապէս նշանակուեցաւ Շիրակի թեմի հոգեւոր տեսուչ՝ առաջնորդական լիազօրութիւններով։ Այսինքն, այս կարգադրութեամբ գործնականօրէն կը փոխարինուի Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ կալանաւորուած ըլլալու պատճառով թեմին գլուխը գտնուելու հնարաւորութիւն չունի։