ՆԱԽՆԱԴԱՐԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՄԵՋ. ՀՍԿԱՆԵՐԸ՝ ԿՐԿԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔՈՅ
Այս օրերուն լոյս տեսած հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը՝ հրապարակուած «arXiv.org» գիտական հարթակին վրայ (օգոստոս, 2025), նորէն ուշադրութիւն հրաւիրեց Հայկական Բարձրավանդակին խորհրդաւոր ժառանգութեան վրայ։
Յօդուածը, որ կը կրէ «Հայկական լեռնաշխարհի վիշապաքարերը. հնագիտական եւ ջուրի պաշտամունքային համաթեքստեր» խորագիրը՝ կը բացատրէ, թէ վիշապաքարերը՝ պրոնզէ դարէն մնացած հնագիտական յուշարձանները, կարեւոր դեր ունեցած են ջրային պաշտամունքին մէջ, իսկ իրենց տեղադրութիւնը յաճախ համընկած է արեւածագի կամ արեւմուտքի կէտերուն հետ։ Այս նորագոյն ակադեմական վերլուծութիւնը դարձաւ առիթ՝ կրկին անդրադառնալու վիշապաքարերու խորհրդաւոր աշխարհին, ուր կը միախառնուին գիտութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ եւ կենդանի աւանդութիւն։
ՔԱՐԱՐՈՒՆ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ
Հայկական լեռներու ստորոտներուն, ծովու մակերեսէն 2500-3000 մեթր բարձրութեան վրայ, կը կանգնին կամ կը պառկին հսկայական քարեր։ Ժողովուրդը զանոնք դարեր շարունակ կոչած է «վիշապ»։ Անուն մը, որ առաջին պահուն կը զարմացնէ. ի՞նչ կապ ունի վիշապը՝ առասպելական հրէշը, այս քարերուն հետ։ Գիտնականներու մեկնաբանութեամբ՝ բառը կրնայ ծագած ըլլալ տեղական առասպելաբանական ընկալումներէ, ըստ որոնց՝ քարերը երեւակայուած են իբրեւ ջուր պահող հսկաներ։ Բայց նոյնքան հաւանական է, որ «վիշապ» եզրը սերած է հին պաշտամունքային ծէսերէն։ Ինչ ալ ըլլայ ծագումը, քարերուն այս անունը խորհրդաւոր է, որ մինչեւ այսօր կը գրաւէ այցելուներուն ու հետազօտողներուն երեւակայութիւնը։
Վիշապաքարերը կը թուագրուին Նախքան Քրիստոս երրորդ-երկրորդ հազարամեակներուն։ Անոնք այդքան հեռուէն եկած պատգամներ են։ Ըստ հնագէտներու՝ այս հնութիւնները բացառապէս բնորոշ են Հայկական Բարձրավանդակին․ այլուր նման յուշարձաններ չեն հանդիպիր։
Առաջին անգամ անոնց գոյութիւնը արձանագրած է հայ գրող ու հետազօտող Ատրպետ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ Յաջորդը Նիկողայոս Մառը, իր օգնականը՝ Սմիռնովը, ապա Աշխարհաբէկ Քալանթարն ու Էմմա Խանզադեանը աւելի խոր ուսումնասիրութիւններ կատարած են։ Սկզբնական մեկնաբանութիւնը գործնական էր․ կը կարծուէր, թէ վիշապաքարերը ջրաբաշխական հանգոյցներու վրայ դրուած նշաններ են։ Այս բացատրութիւնը մասամբ ճշմարիտ էր, որովհետեւ քարերու մեծ մասը տեղադրուած է աղբիւրներու մօտ։ Սակայն ժամանակի ընթացքին հետազօտողները հասան աւելի լայն եզրակացութեան․ վիշապաքարերը միայն քարէ կոթողներ չեն, այլ կրած են հսկայական մշակութային եւ ծիսական իմաստ։
ԵՐԵՔ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔ, ԵՐԵՔ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Վիշապաքարերը հիմնականին մէջ երեք տեսակի են՝ ցլակերպ, ձկնակերպ, ձկնացլակերպ։
Այս կերպարանքները զուտ զարդարանք չեն․ անոնք հին աշխարհի մարդուն խորհրդանշական մտածողութեան արտացոլանքն են։ Ցուլը կը խորհրդանշէ ուժն ու արական պտղաբերութիւնը, ձուկը՝ ջուրի առատութիւնը եւ բերքաբերութիւնը, իսկ ձկնացուլը կը միացնէ երկուքին իմաստները՝ իբրեւ բնութեան տարրերու ներդաշնակ յարաբերութիւն։
Քարերուն վրայ յաճախ կը տեսնենք փորագրուած ջրային հոսքերու պատկերներ, որոնք աւելի կը շեշտեն անոնց կապը առատութեան ու կեանքի աղբիւր ջուրին հետ։
«arXiv.org»ի նոր հետազօտութիւնը աւելի նոր լոյս մը կը սփռէ այս խորհրդաւոր ժառանգութեան վրայ։ Հեղինակները կը փաստեն, որ վիշապաքարերու մեծ մասին տեղադրութիւնը՝ ուղղուած արեւածագի կամ արեւմուտքի կէտերուն, նաեւ աստղագիտական գործառոյթ ունի։ Այդպիսով նշագրուած են գարնանային ու աշնանային գիշերահաւասարը, ամառնային ու ձմեռնային արեւադարձերը։
Այս փաստը կը հաստատէ, որ նախնադարեան մարդը բնաւ «խաւար աշխարհ»ի բնակիչ չէր․ անոր աստղագիտական գիտելիքները ունէին գործնական եւ ծիսական նշանակութիւն։ Ջուրի պաշտամունքը եւ արեւի շարժման հետ կապուած ծէսերը միահիւսուած են՝ ստեղծելով հզօր խորհրդանիշ մը՝ բնութեան ուժերու ներդաշնակութեան։
ՎԻՇԱՊՆԵՐՈՒ ԹԻՒԵՐ ԵՒ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ
Մինչ այժմ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է շուրջ իննսուն վիշապաքար։ Անոնցմէ յիսունը փաստագրուած են, երեսունչորսը կանգուն են իրենց բնիկ տեղերուն մէջ։ Ամենամեծ խումբը կը գտնուի Արագածի լեռնային շրջանները․ այստեղ գրեթէ տասը վիշապ իրարու քով կը կազմեն խորհրդաւոր շղթայ մը։
Վիշապաքարերը կեդրոնացած են հիմնականին մէջ բարձր լեռնային գօտիներու վրայ։ Այս միջավայրը պատահական չէ․ բարձր լեռները նախապատմական մարդու համար սրբազան վայրեր էին, ուր երկինքը եւ երկիրը կը հանդիպէին։ Հոն ծնած է այն պատկերացումը, թէ վիշապները պահապաններ են, որոնք կ՚ապահովեն ջուրին առատութիւնը։
Ժողովուրդը մինչեւ այսօր վիշապներու մօտ մոմ կը վառէ։ Այս սովորութիւնը կը վկայէ շարունակական պաշտամունքային շղթայի մը մասին։ Բազմաթիւ հետազօտողներ կը նկատեն վիշապաքարերը որպէս խաչքարերու նախատիպ։ Պատահական չէ, որ Աղաւնաձորի մէջ երկու վիշապ կանգնած են եկեղեցիի մօտ, իսկ իրենց մակերեսին վրայ փորագրուած են խաչեր։ Այս անցումը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս հին ջրային ու արեւային խորհրդանիշները անցան քրիստոնէական մշակոյթին մէջ՝ նոր ձեւ ստանալով, բայց պահելով իրենց էութիւնը։
ՎՏԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ՍԽԱԼՆԵՐ
Վիշապաքարերուն հանդէպ սխալ վերաբերմունքը այսօր մեծագոյն վտանգն է։ Բազմաթիւ պարագաներու մարդիկ փորձած են պառկած վիշապները կանգնեցնել, սակայն՝ գլխիվայր։ Այսպիսի սխալ միջամտութիւնը կը խաթարէ քարերու յուշարարական դիրքը եւ անոնց խորհրդանշական ամբողջութիւնը։
Աւելի մեծ վտանգը տեղափոխութիւնն է․ Երեւանի այգիներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ վիշապաքարերու, որոնք իրենց բնիկ միջավայրէն այդպէս հեռու բերուած են եւ իբրեւ քանդակ դրուած են։ Մինչդեռ վիշապաքարը զուտ քանդակ չէ․ ան կապուած է լեռներու եւ աղբիւրներու հետ։ Մասնագէտները կ՚ահազանգեն, որ երբ վիշապը կը կտրեն բնիկ միջավայրէն, ան կը դառնայ լոկ քարէ ձեւաւորում եւ իմաստազուրկ կ ՚ըլլայ։
Գիտնականներու պնդումով՝ պէտք է ստեղծուին «արգիլուած գօտիներ», ուր վիշապաքարերը կը պահպանուին իրենց իսկական միջավայրին մէջ։ Վիշապաքարը ամբողջութեամբ հասկնալու համար պէտք է դիտել զայն բնութեան ու մշակոյթի ամբողջական համատեսքին մէջ։
ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՆԵՐՈՒԺ
Արագածի վիշապախումբը կը կազմէ բացառիկ շարք, ուր կրնան համատեղուիլ գիտական հետաքրքրութիւն եւ զբօսաշրջային գրաւչութիւն։ Այստեղ լեռնային բնութեան հարստութիւնը կը միանայ նախաքրիստոնէական ժառանգութեան խորհրդաւոր ներկայութեան։
Եթէ Հայաստանը ճիշդ ձեւով ներկայացնէ վիշապաքարերը միջազգային հանրութեան, անոնք կրնան դառնալ գիտութեան եւ մշակոյթի տպաւորիչ խորհրդանիշներ, նաեւ՝ զբօսաշրջութեան նորագոյն ուղիներու հիմք։
ՀՍԿԱՅ ՔԱՐԵՐՈՒՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Երբ կը կանգնիս վիշապաքարերու դիմաց, կը զգաս քարերու լռութիւնը։ Այդ լռութիւնը դատարկ չէ․ ան կը պատմէ անցեալ հազարամեակներու մասին։ Վիշապը կանգնած է նոյն տեղը հազարաւոր տարիներ շարունակ, տեսած է ժողովուրդներու յառաջացում ու նահանջ, պատերազմներու աղմուկ ու խաղաղութեան լռութիւն։
Եւ այսօր, երբ մարդը դարձեալ կը մօտենայ անոր, երբեմն գիտական հետաքրքրութեամբ, երբեմն զբօսաշրջային զարմանքով, երբեմն ալ պարզապէս աղօթքով ու մոմով, վիշապը կը մնայ նոյն լուռումունջ պատգամաբերը։
Այս քարերը մեզի կը յիշեցնեն, որ մեր լեռներուն մէջ ամփոփուած են բնական հարստութիւն, հոգեւոր ժառանգութիւն, որուն պահպանումը մեր պարտականութիւնն է։
Վիշապաքարերը նախնադարեան քաղաքակրթութեան կենդանի վկայութիւններն են։ Անոնք կը միացնեն ջրային պաշտամունք, աստղագիտական գիտելիք եւ խորհրդանշական մտածողութիւն, կապ կը ստեղծեն միջնադարեան խաչքարերուն հետ, մեզի կը յիշեցնեն բնութեան ու կեանքի նկատմամբ յարգանքի մասին։
Այսօր, երբ «arXiv.org»ի նոր հետազօտութիւնը կրկին կը շեշտէ անոնց աստղագիտական եւ ծիսական դերը, պարզ կը դառնայ, որ վիշապաքարերը բացի անցեալի յուշարձաններ դիտուելէ, նաեւ պէտք է ընկալուին իբրեւ ներկայի ու ապագայի պատգամ։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը՝ հազարամեակներ առաջ, գիտակցաբար ու հոգեւոր հմտութեամբ յարաբերութիւն հաստատած է բնութեան, ջուրի, արեւի ու երկնային մարմիններու հետ։
Հայկական լեռնաշխարհի վիշապաքարերը հսկայական աւանդ կը ձգեն մեր ինքնութեան վրայ։ Ապահովելով անոնց պահպանութիւնը՝ մենք կը յարգենք անցեալը, կը փոխանցենք մեր սերունդներուն մեր մշակութային եւ գիտական ժառանգութիւնը։
Վիշապաքարերը կը մնան լեռներու լռութեան պահապաններ, մինչեւ որ մարդը կրկին վերադառնայ անոնց դիմաց՝ վախի, հիացմունքի եւ յարգանքի համադրումով։
Այս հսկաները կը շարունակեն փոխանցել հին աշխարհը, ուղեցոյց են մարդկութեան համար, որ գիտութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը երբ մէկտեղենք, կ՚ըմբռնենք այն կապը, որ մեզ կապած է մեր բնօրրանին ու նախնիներու հոգեւոր աշխարհին հետ։
ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հայկական լեռնաշխարհը պատմականօրէն հարուստ է հեթանոսական մշակոյթով, որու շարքին վիշապաքարերը միայն մէկ մասն են։ Բնակիչները դարեր շարունակ պատմած են քարերու եւ աղբիւրներու առասպելներ, որոնք բնութիւնը դարձուցած են հոգեւոր դասաւանդութիւններու կրիչ։ Այս տարածքը, իր բարձր լեռներով, վարար գետերով ու փարթամ անտառներով, հազարամեակներ շարունակ բնակեցուած է ժողովուրդներով, որոնք կապուած են բնութեան եւ աստղերու հետ՝ ստեղծելով իւրօրինակ պաշտամունքային համակարգեր։ Բնութեան տարրերը՝ ջուր, լեռ, արեւ, աստղ, դարձած են իրադարձութիւններու եւ ծէսերու կեդրոններ։
Հայկական լեռներուն եւ հովիտներուն մէջ պահպանուած են սրբավայրեր, որոնք դարեր շարունակ գործածուած են որպէս զոհասեղաններ, աղօթավայրեր եւ հոգեւոր կեդրոններ։ Բնակիչները յարգանքով կը վերաբերուէին աղբիւրներու, լճակներու եւ ջուրի այլ հոսանքներու հանդէպ։ Յաճախ ջուրը դիտուած է ո՛չ միայն կենսական, այլ նաեւ սուրբ եւ կրած է յատուկ պաշտամունքային իմաստ։ Այս լեռնաշխարհը լեցուն է առասպելներով եւ պատմութիւններով, որոնք կը վկայեն, թէ նախնադարու մարդը ջուրն ու լեռները դիտած է իբրեւ պաշտպան եւ հաղորդակից՝ իր հոգեւոր աշխարհին։
Ծիսական միջոցառումները, ինչպէս զոհաբերութիւնները եւ տօնակատարութիւնները, սովորաբար իրականացուած են բնական հանգոյցներուն մէջ՝ լեռներու գագաթները կամ ջրհորներու կողքը։ Անոնք կը միախառնեն հեթանոսական պատկերացումներ, բնական փաստեր եւ համայնքային արժէքներ, ստեղծելով կեանքի ու հոգեւորութեան հզօր համակարգ։
Բնակիչները պատմած են, որ լեռներու եւ աղբիւրներու հոգիները կրնային «խօսիլ» մարդոց հետ՝ նախազգուշացնելով փոթորիկի, անձրեւի կամ բերքի փճացման մասին։
Հայկական տարածքի հեթանոսական ժառանգութիւնը անմիջական ազդեցութիւն ունեցած է նոր կրօնական եւ մշակութային համակարգերու ձեւաւորման վրայ։ Երբ հայ ժողովուրդը 4-րդ դարուն ընդունեց քրիստոնէութիւնը, հին ծիսակարգերը եւ պատկերացումները անմիջապէս չվերացան․ անոնք զգալի չափով անցան նոր կրօնական ու մշակութային միջավայրին մէջ՝ ստանալով այլ ձեւեր, բայց պահպանելով իրենց էութիւնը։ Օրինակ՝ որոշ աղբիւրներու, քարերու եւ լեռներու կողքին կանգնած եկեղեցիները կամ խաչքարերը անխուսափելիօրէն կրնան դիտուիլ իբրեւ հեթանոսական պաշտամունքի եւ քրիստոնէական հաւատքի համադրման արտայայտութիւններ։ Անոնց խորհրդանշական նշանակութիւնը ընդարձակուած է քրիստոնէութեան միջոցով։
Այս փոփոխութիւնը ստեղծած է իւրօրինակ մշակութային խճանկար. հեթանոսական պատկերները՝ կենդանիներ, արեւային եւ աստղային խորհրդանիշներ, փորագրուած են եկեղեցիներու պատերու եւ խաչքարերու վրայ ու առաջին հայեացքով կարծես զուտ զարդարանք են։ Բայց մասնագէտները պարզած են, որ անոնք չընդհատուող կապ կը պահեն անցեալի հետ՝ փոխանցելով նախնադարեան աշխարհահայեացքը։
Այս մշակութային շերտը մեզի համար որքան ուսուցողական է, նոյնքան՝ զարմանքի արժանի․ այն ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդը կարող էր պահպանել իր հնագոյն հոգեւոր ժառանգութիւնը՝ ընդունելով նոր հաւատք, որ կը միտէր ամբողջովին փոխել իր աշխարհընկալումը։ Միաժամանակ մասնագէտներ կը փաստեն պարզ ճշմարտութիւն մը․ մարդը իր իսկական ուժը կը գտնէ այն ատեն, երբ կ՚ապրի ներդաշնակ բնութեան եւ հոգեւոր աշխարհին հետ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան