ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը նախընթաց օր իրաւասութիւն տրամադրեց Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ նոր համաձայնագիր մը ստորագրելու նպատակին ուղղեալ բանակցութիւններու սկսելուն համար։ Ըստ Եւրոմիութեան պաշտօնական կայքէջին, Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ նոր համաձայնագրի մը ստորագրման ուղղեալ բանակցութիւնները պիտի սկսին մինչեւ տարեվերջ։ Այդ նոր համաձայնագիրը պիտի փոխարինէ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ներկայիս գործող Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրը։ Կայքէջին վրայ նշուած է, թէ Եւրոմիութիւնը յանձնառու է Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի հետ շարունակաբար զարգացնել եւ ամրապնդել համապարփակ համագործակցութիւնը՝ համատեղ կարեւորութիւն ներկայացնող բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Հարկ է նշել, որ ԵՄ-ի եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու Ռիկայի գագաթաժողովին ընթացքին, 22 Մայիս 2015 թուականին, ԵՄ եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները հանդէս եկած էին համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս վերջնոյն բովանդակութեան մէջ ողջունուած էր ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ գոյացած փոխադարձ համաձայնութիւնը՝ նոր համաձայնագիր մը կնքելու վերաբերեալ։
Այս նոր համաձայնութիւնը պիտի ըլլայ համապարփակ եւ պիտի ունենայ իրաւական ուժ։ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը համապատասխան բանակցութիւններուն համար լիազօրած է Եւրոյանձնաժողովն ու ԵՄ-ի բարձր ներկայացուցիչը։
Այս զարգացումը ողջունուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Լիազօրութեան տրամադրման որոշման կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որ լիայոյս է, թէ նոր փաստաթուղթը յարաբերութիւնները պիտի բարձրացնէ նոր մակարդակի մը։ Նախընթաց օր Լիւքսեմպուրկի մէջ հրապարակուած որոշման առընչութեամբ Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ. «Կը կարեւորենք Եւրոմիութեան խորհուրդին կողմէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու նոր իրաւական հիմքի ձեւաւորման շուրջ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ Եւրոյանձնաժողովին լիազօրութիւն տրամադրումը։ Լիայոյս ենք, որ բանակցութիւններու արդիւնքին մշակուելիք փաստաթուղթը լաւագոյնս պիտի արտայայտէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորութիւնը, պիտի արտացոլացնէ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի մը բարձրացնելու համատեղ յանձնառութիւնը ու պիտի ուրուագծէ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներէն ներս համապարփակ համագործակցութիւնը»։
Իր կարգին, այս իրադարձութեան կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Ֆրանսայի Եւրոպայի գործերու գծով պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիր, որ բոլորովին վերջերս այցելած էր Երեւան։ Ան ողջունեց լիազօրութեան հաստատումը, որու հիման վրայ ԵՄ-Հայաստան համագործակցութեան վերաբերեալ շրջանակային համաձայնագիր մը պիտի կնքուի։
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան կողմէ տարածուած յայտարարութեան համաձայն, Առլէմ Տեզիր սոյն որոշումը կարեւոր փուլ մը համարած է Եւրոմիութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից Հայաստանի յարաբերութիւններուն համար։ «Ըստ Ֆրանսայի կողմէ սատար կանգնուած բացառիկ համարկման բանաձեւին, ապագայ համաձայնագիրը պէտք է հնարաւորութիւն ընձեռէ ամրապնդելու տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային շփումները Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ՝ միեւնոյն ժամանակ յարգելով Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամակցելու Հայաստանի որոշումը», նշեց Տեզիր։
Վստահելով այդ բանակցութիւններու նկատմամբ հայկական իշխանութիւններու շինիչ ներգրաւուածութեան, Առլէմ Տեզիր կոչ ուղղած է արագ կնքել համաձայնագիրը ու վերահաստատած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու համար Հայաստանին. երկրի արդիականացման եւ տնտեսական զարգացման համար անհրաժեշտ բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ։