ՎԱՂԸ՝ ՆՈՐ ԿԵԱ՛ՆՔ
Կեանքի նեղութիւններ, դժուարութիւններ թող չվախցնեն մեզ՝ վաղը նոր կեանք մը պիտի սկսի։ Ուստի, անցեալի սխալները մէկ կողմ դնենք եւ նորէն սկսինք։ Աստուած միշտ նոր պատեհութիւն մը, առիթ մը կու տայ. մենք զմեզ չբեռնաւորենք, ուրեմն եւ անձկութեան չմատնենք եւ նեղութիւնը չբարդենք։
Եթէ Աստուծոյ ներողամտութիւնը լոկ արդարին համար ըլլար եւ անոնց՝ որոնք չեն մեղանչած, ինչի՞ պիտի ծառայէր Անոր երկայնամտութիւնը եւ գութը։ Ուստի, յիշենք, թէ ի՞նչ ըսաւ Յիսուս Մարիամին մասին. «Որուն որ շատ ներուեցաւ. ան շատ կը սիրէ»։
Եւ իրապէ՛ս, ինչո՞ւ կը մտահոգուինք եւ ինչո՞ւ կը խռովինք, քանի որ Աստուած պատրա՛ստ է մեզի տալու ամէն տեսակ բարի բաներ, սակայն մեր կեանքերը արատաւորուած են մտահոգութեամբ եւ սրտմաշուքով։ Բայց Աստուած կրնայ օրհնել շնորհակալ եւ զուարթ սիրտերը։ Եւ ուրեմն, անպատճառ եւ անպայման ուրախ եւ զուարթ պէտք է ըլլանք, ուրախութիւնը առաքինութիւն է…
Այս ընթացքին մէջ՝ սիրոյ պակասը ճամբան կը գոցէ։ Պէտք է սիրենք ամէնքը, անոնք՝ որոնք կը նեղեն եւ կը մաշեցնեն մեզ եւ անոնք՝ որոնք չեն նեղեր։ Կիրարկենք սէրը եւ մեր կեանքը հաստատենք սիրոյ վրայ։ Եւ ասիկա մեծագոյն դասը եւ թելադրանքն է։ Պէտք է ունենանք մեծագոյն Ուսուցիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Պէ՛տք է սիրենք. այլապէս ինչպէ՞ս կրնանք բնակիլ Անոր մէջ՝ ուր ոչ մէկ սէր չունեցող մարդ կրնայ մտնել։
Կիրարկենք սէրը եւ Ան չափազանց պիտի օրհնէ մեզ, շատ աւելի՛ քան ինչ որ մենք կրնանք երեւակայել եւ խնդրել։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի զօրութիւնը եւ կարողութիւնը սահման չունի՝ քանի որ Ան սիրոյ մարմնացո՛ւմն է։ Մեր կարելին ընենք եւ մնացեալը Անոր ձգենք եւ այն ատեն խաղաղութիւնը եւ վստահութիւնը պիտի պատեն մեր էութիւնը։ Չվախնա՛նք. Ան մեր պաշտպա՛նն է՝ մեզ անսահման սիրողը, քանի որ Ան ամբողջովին սէ՛ր է։
Մեզի կը մնայ միայն հաւատալ, քանի որ «Ի՞նչ է հաւատքը։ Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր…», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։ Երիքովի պատերը հաւատքով փլան, եւ ո՛չ՝ բահով-բրիչով կամ մարդկային գործիքներով։ Հաւատացեալ ժողովուրդի Գոհութեան եւ փառաբանութեան երգերը եւ Խօսքը՝ իմաստութիւնը եւ սէրը ի գլուխ հանեցին այդ գործը։
Այսպէս՝ մեր առջեւ կանգնած բոլոր պատերը պիտի իյնան նաեւ հաւատքով՝ վստահութեա՛մբ։ Չկա՛յ երկրային-մարդկային զօրութիւն՝ որ կարենայ դիմադրել Անոր զօրութեան։ Ուստի անհրաժե՛շտ են Հաւատք՝ Յիսուսի զօրութեան, եւ այս երկուքը կենսական են մարդուս համար։ Եւ ուրիշ բան՝ ո՛չինչ։ «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ…». (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1)։
Քալենք քայլ առ քայլ, եւ Աստուծոյ կամքը պիտի յայտնուի կամաց-կամաց։ Երբեք չդադրինք գոհութիւն յայտնելէ՝ փառք տալէ, շնորհակալ ըլլալէ այս ժամանակին համար՝ երբ մենք խաղաղութեան մէջ ենք եւ վստահութեամբ ամրապնդուած, բայց զուրկ՝ մարդկային ապահովութենէ։ «… այս ամենուն համար տրտունջներ չեն ուղղուիր Քեզի, այլ՝ անլռելի գոհաբանութիւններ…». (ՆԱՐԵԿ, ԲԱՆ ՁԲ)։ «Երբ հայրդ եւ մայրդ երեսի վրայ ձգեն քեզ, այն ատեն Տէրը պիտի վերցնէ քեզ». եւ այս կը նշանակէ բացարձակապէս վստահիլ Յիուսի…
Երբ մարդկային պաշտպանութիւնը կամ որեւէ տեսակի նիւթական օգնութիւն վերանայ՝ այն ատեն գործի կը սկսի Տէր Յիսուսի զօրութիւնը։ Ուստի, նետենք մեր անթացուպերը եւ Յիսուսի զօրութիւնը այնպիսի եռանդով մը պիտի լեցնէ մեզ՝ որ դէպի յաղթանակ, դէպի խաղաղութիւն պիտի քալենք։ Ուստի, երբեք չսահմանափակենք Տէր Յիսուսի զօրութիւնը։
Անոր զօրութիւնը անսահմա՛ն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 10, 2025, Իսթանպուլ