ՀԵՌՈՒՍՏԱՑՈՅՑՆ ՈՒ ՀԱՅԸ
Բոլոր այն ամէնը՝ որ այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք, ծնունդն են անձի մը գուցէ չգնահատուած յոգնութեան ու փորձերուն, որովհետեւ այսօր մեր շուրջ ինչ որ ունինք, նախ եղած է միտքի մը ծնունդը՝ որ զանազան զոհողութիւններով ու դժուարութիւններով վերածուած է իրականութեան: Այն բոլորը որ մեր առօրեային մաս կը կազմեն՝ հովահար, սառնարան, հեռուստացոյց, համակարգիչ, մեքենայ եւ նման բազմահազարներ, երեւակայութեան մը ծնունդն են:
Անոնցմէ շատեր այսօր մեր գործածութեան տակ են, սակայն, գրեթէ բոլորս լաւապէս չենք գիտեր անոնց պատմութիւնը. այդ իսկ պատճառով, մեր այսօրուան յօդուածը կը նուիրենք հեռուստացոյցին՝ որ 19-րդ դարու մեծագոյն գիւտերէն մէկը կը նկատուի:
Երբ 19-րդ դարուն լուսանկարչութիւնն ու հեռագրութեան գիւտը գործածութեան մէջ դրուեցաւ, շատեր սկսան մտածել, որ եթէ նկարը եւ ձայնը կարելի է արձանագրել եւ հեռու ղրկել, ինչո՞ւ համար հնարաւոր պիտի չըլլայ շարժական պատկեր մը՝ նկարով ու ձայնով հեռու չղրկել եւ սկսան լուրջ ձեւով մտածել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման բան մը ստեղծել: Շատեր մտածեցին այս մասին, սակայն քիչեր լաւ ու տրամաբանական լուծումներ սկսան առաջարկել. առաջին անձը, որ փորձեց հեռուստացոյց ստեղծել՝ ամերիկացի ելեկտրական գործերու մասնագէտ Ճորճ Քերին էր։ 1875 թուականին ան փորձեց հեռուստացոյցի գաղափարը յստակեցնել եւ անցաւ գործի։ Առաջին հերթին ան փորձեց հեռուստացոյցը նմանեցնել մարդու աչքին. ան երեւակայեց, որ մարդու աչքին զգայուն պատը՝ ցանցաթաղանթը փոխարինել սելենով (selenium) պատրաստուած թիթեղով, բոլոր այն ջիղերը, որոնք կապուած են մարդու ուղեղին, փորձեց նմանեցնել ելեկտրական լարերու, իսկ ուղեղին պատկեր փոխանցող բջիջները փորձեց նմանեցնել փոքր լամբերու եւ այս երեքին միացումով մտածեց, թէ կրնայ նման սարք մը առաջ բերել, սակայն, հակառակ բոլոր ջանքերուն՝ չյաջողեցաւ: Անշուշտ, միաժամանակ այլ գիտնականներ ու մտածողներ եւս որոշ աշխատանքներ սկսան տանիլ այս ուղղութեամբ. անոնցմէ յատկանշական եղաւ ֆրանսացի Տէ Պայվանը, որ առաջ բերաւ շատ կարեւոր տեսութիւն մը՝ որ մինչեւ օրս կը գործածուի։ Ան մտածեց, որ պատկերը ամբողջութեամբ մէկ անգամ փոխանցել փորձելու փոխարէն պատկերները փոխանցել կէտ առ կէտ, բաժին առ բաժին: Ան հաշուեց մարդու աչքի ընդունակութիւնը եւ անոր տեսողական յիշողութիւնը. որպէս մտածում այս մէկը ճիշդ էր, սակայն գործնականի վրայ՝ դժուար, որովհետեւ իւրաքանչիւր պատկերը երկվայրկեանի մը արագութեամբ ցոյց տալու եւ միւսին անցնելու համար անհրաժեշտ էր արտակարգ արագութեամբ աշխատող մեքենաներ՝ որպէսզի կարենան այդքան արագութեան մէջ մէկ պատկերէն միւս պատկերը անցնին:
Այս գաղափարով սկզբնական շրջանին ստեղծուեցան յատուկ սկաւառակներ, որոնց մէջ պահուած են պատկերներ եւ լոյսի ճամբով այդ պատկերները կը պարզուէին պատին. գաղափարը ճիշդ էր, տրամաբանական էր, սակայն, պայմաններու բերումով այդ մէկը դժուար էր: Այդ սկզբնական սարքերէն մէկն էր գերմանացի գիւտարար Նիփքովի սկաւառակը, որ կը գործէր վերեւ յիշուած տրամաբանութեամբ:
Անշուշտ, այս աշխատութիւնները տեւեցին տարիներ եւ մինչեւ 1920-ական թուականները մարդկութիւնը չունեցաւ հեռուստացոյց:
Սակայն որպէս հայ ժողովուրդ պէտք է նշել հետեւեալը. այդ ժամանակ նման աշխատութեան վրայ կ՚աշխատէր գիւտարար հայ մը՝ Յովհաննէս Ադամեանը։ Ան հեռուստացոյցի գիւտէն իսկ առաջ իր աշխատանքները կը տանէր պատկերները սփռելու եւ ասոր մեծագոյն փաստը 1913 թուականին գերմանական պետութեան կողմէ անոր ստացած արտօնագիրն է՝ քլիշէներու միջոցով պատկերները պաստառին փոխանցելու փորձեր կատարելու համար: Ադամեան հեռուստացոյցի գիւտի հետ կապուած տարբեր արտօնագրեր ստացած է 1920 թուականին, ինչպէս նաեւ 1931-ին: Մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածներէ պարզ կը դառնայ, որ Յովհաննէս Ադամեան իր այս աշխատութեան սկսած է տակաւին 1907 թուականին:
Ադամեան գրութեամբ մը կը բացատրէ պատկերը հեռու փոխանցելու եւ հեռուստացոյց ստեղծելու լուծումը. անոր համոզումով, հեռուստացոյցը պատրաստ կ՚ըլլար, երբ ապահովուէր հետեւեալները.
Ա.- Անհրաժեշտ է, որ հաղորդիչի վրայ ըլլայ բացարձակ զգայուն լուսաէլեմենտ:
Բ.- Անհրաժեշտ է, որ ընդունիչի վրայ ըլլայ լոյսի այնպիսի աղբիւր, որուն ուժը կարենայ կարգաւորել լուսահոսանքը եւ համապատասխանէ տատանումներուն։
Գ.- Անհրաժեշտ է, որ այս երկուքը միաժամանակ աշխատին՝ որպէսզի կարենան յստակ պատկեր փոխանցել:
Մեր այսօրուան այս կարճ պատմականը մեզի ցոյց կու տայ հիմնական մի քանի բաներ. ցոյց կու տայ, որ պէտք չէ յուսահատիլ. Ադամեան եւ իրեն նման բազմաթի՜ւ անձեր հեռուստացոյցի գիւտին համար աշխատած են տասնամեակներ՝ առանց յուսահատելու։ Կառչած մնացած են իրենց համոզումին, վստահած են իրենց իմացութեան եւ բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով կրցած են ստեղծել այն՝ ինչ ունինք այսօր: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ հայ գիտնականը ունի այնքան իմացութիւն՝ ինչքան օտարինը եւ հակառակ անոր, որ մենք այսօր Ադամեանը իր բազմատասնեակ գիւտերով հանդերձ այնքան ալ չենք արժեւորեր, համաշխարհային պատմութեան մէջ ան ունի իր բարձր դիրքը՝ որուն համար պարտինք հպարտ զգալ եւ չբաւարարուիլ միայն հպարտանալով. պէտք է առաջ բերել նոր Ադամեաններ եւ անոր մեծագոյն փաստը տակաւին մէկ շաբաթ առաջ հայ երիտասարդներու մեքենաշինութեան մրցումին տարած յաղթանակն է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կա՞յ գիւտ մը, որ մինչեւ այսօր մարդիկ կ՚աշխատին՝ բայց չեն գտներ:
Պատասխան. Այո, կան բազմաթիւ գիւտեր, որոնց մասին մարդիկ մտածած ու երազած են, սակայն մինչեւ այսօր չեն յայտնաբերած: Օրինակի համար՝ մարդիկ փորձած են ունենալ ելեկտրականութեան անսահման աղբիւրներ, որոնք առանց նիւթականի կրնան արտադրողականութիւն ունենալ: Կան որոշ հիւանդութիւններու կապուած բուժումներ՝ որոնք մինչեւ օրս ուսումնասիրութեան առարկայ են՝ սակայն տակաւին անոնց լուծումն ու բուժումը չէ յայտնաբերուած: Մարդկութեան գիտելիքը օրէ օր կը զարգանայ եւ անոր հետ միասին ապագայի համար նոր հնարաւորութիւններ կը ծնին, սակայն հակառակ անոր շարք մը գիւտեր կը մնան անհասանելի՝ մինչեւ մարդը բաւարար իմաստութիւն եւ միջոց ունենայ զանոնք կեանքի կոչելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան