ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանը դիմաւորեց խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ առաջին զանգը հնչեց հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Թէ՛ տղաքը եւ թէ կրթական մշակները զիրար ողջունեցին եւ ուրախութիւն յայտնեցին աշխատանքային նոր շրջան մը միասնաբար դիմաւորելու կապակցութեամբ։ 

Վերամուտի հանդիսութեան մեծարուեցաւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Պեթիւլ Արատ Գույումճու։ Այս վերջինը քսանհինգ տարիէ ի վեր դպրոցի համակարգիչի ուսուցչուհին է եւ յոբելենական այս փուլին իրեն յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի, որ նուիրեալ կրթական մշակի վաստակին համար արտայայտեց բարձր գնահատանք։ 

Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը տեղեկացուց, որ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար այս տարի եւս կը գործադրուի «Prodigies» երաժշտական համակարգը, ինչ որ անոնց տեսակէտէ անբացատրելի հրապոյր մը ունի։

Նոր կրթական շրջանի տակաւին առաջին քայլափոխին Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ուրախութիւնը բազմապատկուեցաւ՝ աշակերտներու յաջողութեան վերաբերեալ լուրերով։ Այսպէս, դպրոցէն խումբ մը սաներ անցեալ տարեվերջին մասնակցած էին Քէյմպրիճի համալսարանին կողմէ կազմակերպուած, «Երիտասարդները անգլերէն կը սորվին» խորագրեալ քննութիւններուն, որոնց արժեւորումը կատարուած է յաջորդած ամիսներուն։ Վերամուտին տնօրէնութիւնը տեղեկացուց, որ դպրոցի սաները բարձր յաջողութեան հասած են այս քննութիւններուն մէջ։ 

Միւս կողմէ, վերամուտի տրամադրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն Մէրամէթճեան վարժարան այցելեց սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական փրոֆ. Յակոբ Այնթապլեան, որ այցելեց քաղաքս։ Իրեն ընկերացաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Երէց սերունդէ համակրելի մտաւորականը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրնկալուեցաւ՝ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղի գլխաւորութեամբ։ (Լուսանկարները՝ դպրոցէն)

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025