ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՍԽԱԼԵՑԷ՛Ք…
Սկսած ենք հաւատալ ու համոզուիլ, որ տարիքը մարդոց համար անտեսանելի սահմաններ են, որոնք մարդը անդամ կը դարձնեն ընդհանրութեան մը. մանուկը՝ խաղի, երիտասարդը՝ փորձառութեան իսկ մեծահասակը՝ պատասխանատուութեան. սակայն, այս սահմանները գաղափարական են, որոնք պայմանական են եւ պարտադրուած: Եւ այդ սահմաններու գոյութիւնը ապահովելու համար մարդկութեան պատմութեան ընթացքին հնչած են բազմաթի՜ւ խրատականներ: Չենք գիտեր, թէ մեր տարիքը ինչքանո՞վ կը ներէ «խրատական» մը տալու, սակայն, համարձակութիւնը կ՚ունենանք տալու աշխարհի ամենէն կարեւոր ու խիզախ խրատը՝ մա՛նաւանդ նոր սերունդին. սխալեցէ՛ք:
Գուցէ գորովով լեցուն մօր մը մեծագոյն բաղձանքը պիտի ըլլար, որ իր զաւակը չսխալի, սակայն, մենք կը հաւատանք, որ իմաստութեան ճշմարիտ աղբիւրը փորձառութիւնն է՝ որ կը կառուցուի սեփական փորձով, որպէս հիմք ունենալով ջ այն սխալները, ինչ որ կը գործենք: Հաւանաբար տարօրինակ հնչէ, սակայն, մեր խրատն է հետեւեալը. խաբուեցէ՛ք, ձախողեցէ՛ք, սխալեցէ՛ք եւ շատ անգամ թերացէ՛ք, որովհետեւ եթէ մարդ չգիտնայ խաւարին ինչութիւնը՝ պիտի չկրնայ հասկնալ նաեւ արժէքը այն լոյսին՝ որ ունի:
Դժբախտաբար մեր կեանքը լեցուած է շարք մը «մի՛»երով՝ մա՛նաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ հասակ առնող սերունդները մեծցած են այդ «մի՛»երու խստութեան տակ. մի՛ սխալիր, մի՛ խաբուիր, մի՛ մոլորիր, մի՛ ու մի՛... մոռնալով, որ այդ «մի՛»երը սեփական փորձով իրենց ճշմարիտ պատասխանն ու արժէքը կը ստանան եւ հետեւաբար զանոնք լաւապէս հասկնալու համար պէտք է նուազագոյնը անգամ մը յանձնուիլ անոնց։ Փիլիսոփայութեան մեծերէն Արիստոստել չսխալողը չէ՛, որ իմաստուն կը կոչէր. անոր համար իմաստուն էր ան՝ որ այդ սխալը կրնայ փորձառութեան վերածել: Մեր օրերուն ամէ՛ն մարդ կը փորձէ ինքզինք «անսխալական» ցոյց տալ, մինչ մեծ փիլիսոփաներ ճշմարիտ իմաստուն կը ճանչնան այն անձերը՝ որոնք քաջութիւնը կ՚ունենան սխալական ըլլալը ընդունելու եւ հաւատացէ՛ք, որ շատ աւելի դիւրին է մարդ ինքզինք «անսխալական» ճանչնայ՝ քան սխալական:
Նոյնիսկ կրօնականօրէն սխալիլը սխալ մը չէ. այսպէս, կրօնները մարդոց մեղք չգործելէ աւելի գործուած մեղքին համար զղջալ կը սորվեցնեն. կ՚ուզեն, որ մարդ անդրադառնայ եւ ապաշխարէ: Կրօնը՝ ի տարբերութիւն մարդկային եւ հասարակ օրէնքներուն՝ մարդուն սխալները չի՛ դատապարտեր, չ՚անտեսեր մարդը, այլ զինք կը հրաւիրէ զղջումի, գիտակցութեան. հետեւաբար նոյնիսկ կրօնական գետնի վրայ սխալիլը ո՛չ թէ պատիժ, դատապարտութիւն ու կործանում է, այլ միջոց՝ դարձեալ բարձրանալու եւ սորվելու:
Նոր սերունդին կ՚ըսենք սխալեցէ՛ք, որովհետեւ ինչպէս Այնշթայն կ՚ըսէ. «Այն ձեռքը որ չի սխալիր՝ նոր բան չի փորձեր» եւ հետեւաբար նորը ստեղծելու, բարձրանալու համար յաճախ սխալիլը անհրաժեշտ է. սխալիլը ընդունեցէք որպէս փորձի շրջան եւ ամէն անգամ սխալելէ ետք նորէն ու նորէն փորձեցէ՛ք, որովհետեւ յաջողութիւնը շատ անգամ հետապնդում կը պահանջէ։ Մեր դժբախտութիւնը նոր սերունդին մէջ սխալելու հանդէպ վախ ստեղծելն է. մերօրեայ երիտասարդները նուազագոյն ձախողութեան դիմաց կը յուսահատին, մինչ յաջողութեան հասնիլը ձախողութեան հանդէպ գիտակցութիւն ունենալէն կը սկսի։ Նոր սերունդը պէտք է հասկնայ, որ խրատները չե՛ն, որ կեանքի ճշմարիտ ինչութիւնը կը սորվեցնեն մարդուն։ Նոր սերունդին մեծագոյն ուսուցիչը միայն ու միայն սեփական սխալներն են, որովհետեւ մարդ իր սեփական սխալներէն շատ աւելի բան կը սորվի՝ քան հազար ու մէկ քարոզներէն՝ մա՛նաւանդ երբ այդ քարոզը կը տրուի ընտանիքի անդամին կողմէ։ Մանկավարժութիւնը կը վկայէ, որ մանուկ մը, պատանի մը օտարին խրատը շատ աւելի դիւրին կ՚ընդունի՝ քան ընտանիքի անդամին: Պէտք է արտօնել, որպէսզի մանուկը սխալի. համաշխարհային փիլիսոփայութեան մեծերէն՝ Նիցչէ կ՚ըսէ հետեւեալ խօսքը. «Կը սիրեմ այն անձը՝ որ կ՚ուզէ իրմէ բարձրը ստեղծել եւ որ կ՚իյնայ այդ ճամբուն վրայ»։ Նիցչէի այս խօսքը ունի հիմնական երկու խրատ. յաջողելու համար պէտք է մի՛շտ բարձրին ձգտիլ։ Վստահ եղէ՛ք, որ այդ բարձրը վերջ չունի, որովհետեւ եթէ վերջ ունենայ՝ մարդու կեանքը եւս կը դառնայ աննպատակ: Մեր մարդկային կեանքը իրականութեան մէջ մրցում մըն է այլոց հետ՝ աւելի բարձրը եւ աւելի լաւը ստեղծելու եւ չկարծէք, որ այդ «լաւը» կամ «բարձր»ը նիւթական մեծ ունեցուածքն է։ Աշխարհի ամենէն իմաստունները, աշխարհի մեծագոյն գիւտարարներն ու գիտնականները մահացած են աղքատութեան մէջ, սակայն անոնց գործի բարձրութիւնը զիրենք յաջողած է դարձնել անմահ: Մարդուն աւելի բարձրին ձգտիլը եսասիրութիւն կամ փառամոլութիւն չէ. այդ մէկը մարդկային բնազդին մէկ մասը կը կազմէ: Նիցչէի համար այդ ձգտումին յաջողութիւնը եւ ձախողութիւնը այնքան ալ կարեւոր չէ՝ ինչքան կամքն ու նպատակը: Ան կը մեծարէ այն անձը՝ որ այդ բարձրացումի ճանապարհին վրայ կը մահանայ՝ սակայն իր դէպի բարձրը ձգտելու գաղափարէն չի հրաժարիր:
Նոր սերունդը պէտք է սխալի եւ այդ սխալները զինք յուսահատութեան չառաջնորդէ։ Անկումն ու ձախողութիւնը մարդկային հասարակաց գիծերէն մէկն է. ամենէն յաջող անձերը նոյնիսկ իրենց սխալներուն, իրենց ձախողութիւններուն հաշւոյն է, որ յաջողած են եւ հետեւաբար մեր ապագայ սերունդը «մի՛ սխալիր»ով մեծցնելու փոխարէն պէտք է արտօնել, որպէսզի սխալի՝ սակայն չկորսուի. սխալելուն եւ կորսուելուն մէջ կայ մեծ անդունդ մը՝ որ պէտք է կարենալ զանազանել ու հաւասարակշռել: Հետեւաբար մեր ազգին պէտք են այնպիսի երիտասարդներ՝ որոնք սխալելէ չեն վախնար. երիտասարդներ՝ որոնք կրնան սխալէն սորվիլ ու դէպի ճիշդ առաջնորդուիլ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մանուկը պէ՞տք է վախցնել սխալելէ:
Պատասխան. Մանուկը երբեք պէտք չէ վախցնել սխալելէ, որովհետեւ սխալիլը անոր զարգացման բնական մէկ մասն է: Սխալելով մանուկը կը սորվի իր սահմանները եւ կը ճանչնայ իր սեփական ուժերը, կը զարգացնէ տրամաբանութիւնն ու ինքնավստահութիւնը: Սխալելու հանդէպ վախը կը նուազեցնէ անոր հետաքրքրութիւնն ու ստեղծագործական հմտութիւնները եւ զայն աւելի զգայուն կը դարձնեն քննադատութեան ու պարտութեան առջեւ: Համարձակօրէն փորձելով ու սխալելով՝ մանուկը կը սորվի պատասխանատուութիւն, համբերութիւն եւ պատրաստ կ՚ըլլայ կեանքի նոր բարդութիւններուն եւ փորձութիւններուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան