ՔԾՆԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Քաղաքականութեան մասին գրելէ կը խուսափիմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ այդ մէկը մեր՝ մահկանացուներուս հասկնալիք բանը չէ, որովհետեւ իրականութեան մէջ այդտեղ այդքան ալ հասկնալու բան մը չկայ. պիտի ըլլայ այն՝ ինչ նախապէս որոշուած է. մնացածը պարզապէս ցուցադրութեան բաժինն է՝ բեմականացումը անյաջող թատերգութեան մը, որուն ծախսը ժողովուրդը ի՛նք կը հոգայ: Սակայն, քաղաքականութեան մասին չգրելու որոշումս ակամայ կը խախտուի՝ երբ տեսնեմ «անձապաշտութիւն»ը, որովհետեւ մինչեւ օրս կան անմիտներ, որոնք կը հաւատան, որ գոյութիւն ունի «առողջ» քաղաքականութիւն ըսուած վերացական երեւոյթը: Հայրենիքի շահերը պաշտպանելու համար այսօր քաղաքական պայքար գոյութիւն չունի. այսօրուան պայքարը իշխող կողմ ըլլալու եւ իշխող կողմ ըլլալ ուզելու պայքար մըն է եւ ո՛չ աւելին եւ հետեւաբար բոլոր ցեխարձակումները կը միտին մէկ բան ունենալ որպէս հիմք. սեփական շահեր: Անշուշտ եթէ այս լոյսին տակ դիտենք ամէն բան, ապա «անձապաշտութիւն»ը կրնայ ըլլալ համոզիչ գտնենք՝ որովհետեւ իշխանութեան գլուխը գտնուողը ինչքան «պաշտես»՝ յոյս կայ, որ այդքան աւելի բարձր պաշտօն ու սեփական շահ ապահովուի. այս մէկը համաշխարհային երեւոյթ մըն է: 

Մեր հայկական իրականութեան մէջ այդ անձապաշտութեան օրինակները շատ են՝ եւ ամբողջական ձեւով ճշմարտութիւնը կը փաստեն վերոյիշեալ իրողութեան. այս երեւոյթը լաւագոյնս ներկայացնողներէն մէկը նախկին «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանն է։ Մօտաւորապէս երեք տարի առաջ Յովիկ Աղազարեան սրբադասելու

չափ կը մեծարէր Փաշինեանը. նոյնիսկ յետարցախեան պատերազմին ու ամօթալի պարտութեան, ան ճիշդ կը նկատէր Փաշինեանի քայլերը. այժմ դէմս ունիմ մի քանի տարի առաջուան կատարած արտայայտութիւնները. «Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի մէջ անառարկելի հեղինակութիւն ունեցող քաղաքական գործիչ է». լրագրողներու տուած հարցազրոյցի ժամանակ կը շեշտէր, որ «աշխարհի վրայ Նիկոլ Փաշինեանին ինձմէ աւելի հաւատարիմ մարդ գոյութիւն չունի»։ Խօսքը ուղղելով ընդդիմադիրներուն՝ կ՚ըսէր, որ Փաշինեան երբեք չի՛ կրնար հեռանալ իշխանութենէն, որովհետեւ այդ մէկը ժողովուրդին ընտրութիւնն է. տակաւին շատ աւելի առջեւ երթալով, Աղազարեան հարցազրոյցի մը ընթացքն ըսած է. «Նիկոլ Փաշինեան իր կեցուածքով զիս համոզեց, որ Յիսուս Քրիստոս եղած է»: Այս բոլորը ընդամէնը մի քանի տարիներ առաջ. եկէ՛ք այսօր լսենք, թէ Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի ճամբով փաստող նախկին պատգամաւորը ի՛նչ կ՚ըսէ. «Փաշինեանը Հայաստանը այսօր դէպի կորուստ կը տանի. Կ՚ընէ այն՝ ինչ Ալիեւը կ՚ըսէ»։ Տարուան մը մէջ այս ի՜նչ մեծ փոփոխութիւն... այս ի՜նչ հակասութիւն. տակաւին երէկ Քրիստոսի գոյութիւնը փաստող վարչապետը, այսօր որպէս «դաւաճան» կը ներկայացուի. Աղազարեան այլ տեղ մը կ՚ըսէ. «Փաշինեանը բարոյապէս սպառուած է»: 

Իրականութեան մէջ այստեղ կը տեսնենք, որ բարոյապէս սպառուածը իրականութեան մէջ Յովիկ Աղազարեանն է, որովհետեւ երբ տակաւին պատգամաւոր էր, երբ տակաւին այդ կուսակցութեան անդամ էր, Նիկոլը կը տեսնէր որպէս սուրբ, իսկ այսօր նոյն Նիկոլը կը տեսնէ որպէս «դաւաճան»։ Իրականութեան մէջ Նիկոլը չէ փոխուած. այն է՝ ինչ որ էր, սակայն ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ նոյն Նիկոլին մասին Յովիկ Աղազարեան տարբեր ժամանակաշրջաններու տարբեր հայեացքներ կ՚ունենայ. երբ պաշտօնը եւ շահը վերջ գտաւ, նո՞ր բանականութիւնը սկսաւ աշխատիլ: 

Անշուշտ, Յովիկ Աղազարեան նման «անձապաշտական» երեւոյթին մէջ յայտնուած միակ անձը չէ. կան շատեր, որոնք տակաւին «պաշտօն»ի վրայ են եւ հետեւաբար ունին այն հայեացքները՝ ինչ որ ունէր Աղազարեան մի քանի տարիներ առաջ: Շատեր այսօր նոյն այդ շողոքորթի ու քծնողի դերին մէջ կը գտնուին՝ դարձեալ Փաշինեանը սրբացնելու աստիճան: 

Համացանցի վրայ յայտնուած է այլ սփիւռքահայ երիտասարդ մը՝ որ այժմ ըստ երեւոյթին կ՚աշխատի իշխանութեան պատկանող կառոյցներէն մէկուն մէջ եւ անդադար Աղազարեանի նախկին օրինակով կը շարունակէ Նիկոլի հանդէպ «անձապաշտութեան» ծիսակատարութիւնը։ Վերջերս Նիկոլ Փաշինեանի նկարներէն մին տեղադրելով անոր վրայ գրած էր. «Վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ». եւ իրեն համար այս խոնարհը ուրիշ մէկը չէր՝ բացի Նիկոլ Փաշինեանէն. յաջողակ քծնող մը պարզապէս: Նոյն երիտասարդը իր մեկնաբանութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Առաջնորդ ունեցողը կ՚որդեգրէ առաջնորդի ձեւակերպումները»՝ այսինքն թութակի պէս կը կրկնէ այն՝ ինչ կը լսէ՝ առանց կարեւորելու անոնց իրաւացի ըլլալ կամ չըլլալը: 

Թող Նիկոլը յայտարարէ, թէ մածունը սեւ է եւ աչքերս գոց կրնամ վստահեցնել, թէ նման անձեր պիտի գտնեն «համոզիչ» պատճառներ մածունին սեւ ըլլալը փաստելու համար, որովհետեւ իրենց համար ճշմարտութիւնը կարեւոր չէ. կարեւորը մեծաւորին «թմբուկ»ը զարնելն է՝ սեփական շահերը ապահովելու համար:

Թող Աստուած խելք, քիչ մըն ալ պատիւ ու արժանապատուութիւն շնորհէ նման մարդոց, որոնք իրենց շահերուն համար պատրաստ են ամէն տեսակի սրբութիւն զոհել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Քաղաքական դիրքորոշում ունենալ կը նշանակէ՞ հաւատալ այն բոլորին՝ ինչ որ կ՚ըսուի:

Պատասխան. Քաղաքական դիրքորոշում ունենալ չի նշանակեր անպայման հաւատալ այն բոլորին, ինչ որ կ՚ըսուի եւ կը քարոզուի: Տեսակէտ ունենալը եւ սեփական գնահատում ունենալը շատ աւելի կարեւոր է քան կուրօրէն հետեւիլն ու հաւատալը ղեկավարին ըսածին: Իրական դիրքորոշումը կը սկսի ձեւանալ, երբ մարդ կը սկսի հարց տալ, քննադատել ու վերջապէս իր համոզումին հիման վրայ ընտրել ճիշդն ու սխալը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2025