ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԸ ՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ

Մեր օրերուն մարդիկ զարգացած երկիրներու շարքին կը դասեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական երկիրները, սակայն կը հաւատանք, որ ժամանակ մը ետք՝ գուցէ դարեր ետք Միջին Արեւելքի ու Ասիոյ մէջ գտնուող երկիրները շատ աւելի զարգացածի դիրքին մէջ պիտի յայտնուինք՝ քան Ամերիկան ու Եւրոպան: Այդ օրերը գուցէ մենք չտեսնենք, սակայն, վստահ ենք, որ մեր թոռներուն թոռները գուցէ տեսնելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենան, որովհետեւ այդ մեր օրերուն «զարգացած» նկատուող երկիրները այնպիսի նոր սերունդ, այնպիսի երիտասարդութիւն մը առաջ կը բերեն, որ ակամայ կը ստիպուինք հարցականի տակ դնել այդ երկիրներու ապագան: 

Այդտեղ հասակ առնող նոր սերունդի վիճակը նկարագրենք այսպէս. վիճակագրական տուեալներու համաձայն, այսօր Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունի աւելի քան 750 հազար անչափահաս յղի աղջիկներ եւ այս մէկը համեմատած 2015 թուականի տուեալներուն՝ անհամեմատելի բարձր է եւ այս ընթացքով պիտի շարունակէ աճ արձանագրել: Անցնող երկու տարիներու տուեալներու համաձայն, այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան երկու միլիոն անչափահաս թմրանիւթ կը գործածէ. այս բոլորը կը խօսինք անչափահասներու մասին՝ զանց ընելով աւելի քան ինն միլիոն երիտասարդները՝ որոնք այդ թոյնով կը փորձեն ապրիլ: Ամերիկայի պատանիներուն 29 առ հարիւրը՝ ընդամէնը 12-13 տարեկան դպրոցական կրթութիւն չեն ստանար: Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կան աւելի քան 80 հազար անչափահաս գողեր, որոնք հեռու են դպրոցէն ու գողութեամբ իրենց «ապրուստը հոգալ» կը փորձեն: Տարեկան դրութեամբ այս կամ այն պատճառով աւելի քան 10 հազար պատանի ինքնասպանութեամբ վերջ կու տայ իր կեանքին։ Աւելի քան 5 հազար պատանի անյայտացած է, իսկ միւս կողմէ աւելի քան 8 հազար պատանիներ՝ ոմանք ակամայ, կը զբաղին պոռնկութեամբ: 

Ունենալով նման պատանիներ, վստահաբար, երիտասարդութեան վիճակը աւելի դրական ու փայլուն չէ. աւելի քան 10 միլիոն երիտասարդուհիներ կը զբաղին պոռնկութեամբ եւ համացանցի մէջ իրենց մերկութիւնը ցուցադրելու «արուեստ»ով. ոճիր, սպանութիւն, թմրանիւթ եւ գրեթէ բոլոր այն բաները՝ ինչ որ նոր սերունդը դէպի անդունդ կ՚առաջնորդէ:

Երազային երկիր թուացող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսօր աւելի քան մէկ միլիոն մարդ կը շարունակէ մնալ անտուն եւ անօթեւան. սակայն մտահոգիչը այն է, որ անոնց թիւը պակսելու փոխարէն օրական դրութեամբ նորերը կ՚աւելնան։ Եթէ այսօր կայ տաս հազար թմրանիւթ օգտագործող՝ վաղը կը դառնայ 10,200-10,800 եւ այսպէս անդադար կ՚աւելնայ: 

Անցեալին Միջին Արեւելքը յետամնաց ու դժբախտ ժողովուրդ նկատող զարգացած այդ երկիրները չեն զգար, սակայն, կամաց կամաց իրենք կը դառնան դժբախտ, որովհետեւ այդ համաշխարհային տիղմը՝ որուն մէջ կը գտնուին գրեթէ աշխարհի բոլոր ազգութեան նոր սերունդները, շատ աւելի մեղմ է՝ քան անոնցինը: 

Զարգացած երկիրներու երիտասարդութեան մտածելակերպը հասկնալու համար յաճախ կը դիտեմ փաստագրական ժապաւէններ. օրինակի համար, տակաւին երէկ դիտեցի ոստիկանական հարցազրոյցը այն երիտասարդին, որ առանց պատճառի սպաննած էր իր հասակակից աղջիկներէն մէկը, որպէս պատճառ յայտնելով հետեւեալը. «Չեմ գիտեր ինչո՞ւ սպաննեցի»։ Ամերիկայի մէջ 29 տարեկան երիտասարդ մը կը դատուի եւ ցմահ բանտարկութեամբ կը պատժուի, սակայն ժպիտը դէմքին է. ունի երկու անչափահաս զաւակներ. ո՞վ պիտի պաշտպանէ եւ անոնց պէտքերը հոգայ, ո՞վ հայրութիւն պիտի ընէ՝ յստակ չէ: 

Այսօր Ամերիկայի մէջ կան աւելի քան 9 միլիոն մանուկներ՝ որոնք ունին մայր, սակայն անոնց հօր ո՞վ ըլլալը յստակ չէ: Բացէ՛ք եւ աչքէ անցուցէք ամերիկեան դատավարութիւնները. ամուսնացած ամուսին մը տասը տարի ետք կը գիտնայ, որ այն զաւակները՝ որոնց այսքան տարի գուրգուրացած է, իրականութեան մէջ ուրիշին կը պատկանին. անդին կին մը իր ամուսնոյն ունեցուածքին տիրանալու համար անոր մահը կը ծրագրէ եւ այդ երազը իրագործելու համար մարդասպան կը վարձէ: 

Այս բոլորը, անշուշտ, կամաց կամաց դէպի մեր երկիրները կը մօտենան. սակայն տակաւին մենք շատ աւելի լաւ ու «զարգացած» վիճակի մը մէջ կ՚ապրինք՝ քան անոնք. այս պատկերէն հեռու չէ նաեւ Եւրոպան, որ խելացի երիտասարդներ ունենալով հանդերձ քիչ չէ թիւը այս տիղմին մէջ գտնուողներուն:

Իրականութեան մէջ չենք գիտեր, թէ կա՞յ արդեօք լուծում այս բոլորին, որովհետեւ խնդիր մըն է, որուն մէկ օրէն միւսը կարելի չէ լուծում գտնել։ Վստահ եղէք, որ ամերիկացիք եւս գոհ չեն այս կացութենէն, սակայն այս բոլորը կանխելու ձեւերն ու միջոցները կը պակսին. իրականութեան մէջ այս բոլորին մեղաւորը երիտասարդները չեն. այդ զարգացած երկիրներն են, որոնք «ազատութիւն» անուան տակ ձգեցին, որպէսզի երիտասարդութիւնը դէպի անդունդ առաջնորդուի։ Ամերիկան եւ Եւրոպան քանդողը նոյնինքն այս ազատութիւնը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ազատութիւնը անառարկելի ձեւով պարգեւ մըն է մարդուն, սակայն, ազատութեան իմաստը այն չէ՝ ինչ փորձած են հասկնալ ամերիկացիք:

Անոնց քով վիճակը այսպէս է… եթէ մենք չդիմադրենք, կամաց կամաց մեր մօտ ալ նոյնը պիտի սկսինք տեսնել ու ապրիլ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Նոր սերունդը դէպի լա՞ւ, թէ դէպի վա՞տ կ՚առաջնորդուի:

Պատասխան. Այս առումով նոր սերունդը կանգնած է բարդ ընտրութեան դիմաց, որովհետեւ աշխարհն ու գիտական զարգացումը մարդուն կու տան աննախադէպ հնարաւորութիւններ, սակայն, միաժամանակ կը ստեղծեն վտանգներ ու խնդիրներ: Նոր սերունդին դէպի լաւ կամ դէպի վատ առաջնորդուիլը կախեալ է միջավայրէն, կրթութենէն եւ անոնց ունեցած արժեհամակարգէն: Ճիշդ դաստիարակութիւնը եւ արժէքներու հանդէպ գիտակցութիւնը զանոնք կրնան դէպի լաւը առաջնորդել։ Արդիւնքը նոր սերունդէն աւելի կախեալ է կրթութենէն, մշակոյթէն եւ ընկերային պայմաններէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2025