ԽԱՉԸ՝ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԻՆ ՄԷՋ
«Կեանքս քու ձե՛ռքդ է միշտ եւ սուրբ Խաչիդ կապած եմ յոյսս, ո՜վ երկնաւոր Թագաւոր, Քու սուրբերուդ բազմութիւնը բարեխօս ունիմ ինծի, դուն՝ որ ներողամիտ ես բոլորի հանդէպ՝ մի՛ մերժեր զիս որ քեզի ապաւինած եմ, այլ պատուական սուրբ Խաչովդ՝ խաղաղութեան մէջ պահէ զիս». (Կանոն Գիշերային ժամու աղօթքներու մաղթանք՝ որ կը կատարուի ծանր հիւանդներու վրայ, ցաւերու բժշկութեան եւ յանցանքներու քաւութեան եւ թողութեան համար)։
Խաչը կենսական կարեւորութեամբ կարեւոր եւ անուրանալի տեղ մը կը գրաւէ մեր առօրեային մէջ։ Արդարեւ, «խաչանիշ»ը՝ Քրիստոսի կնիքը կը դրոշմէ անոր վրայ, որ Իրեն կը պատկանի. ան կը նշանակէ նաեւ փրկութեան այն շնորհքը՝ զոր Քրիստոս մեզի համար ձեռք ձգեց Իր Խաչով։ Արդարեւ, խորհրդակերպերը Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած են սրբացնելու համար Եկեղեցւոյ կարգ մը պաշտօնատարութիւնները, կեանքի որոշ վիճակները, քրիստոնեայ կեանքին այլազան պարագաները, ինչպէս նաեւ մարդոց օգտակար եղող կարգ մը իրերու գործածութիւնը։ Անոնք կրնան նաեւ գոհացում տալ որոշ երկրամասի մը կամ ժամանակաշրջանի մը քրիստոնեայ ժողովուրդին յատուկ կարիքներուն, մշակոյթին եւ պատմութեան։ Անոնք միշտ կը բաղկանան աղօթքէ մը՝ որուն յաճախ կ՚ընկերանայ որոշ «նշան» մը, ինչպէս ձեռադրումը, Խաչի նշանը, օրհնեալ ջուրով սրսկումը՝ ի յիշատակ Մկրտութեան Սուրբ Խորհուրդին։
Խորհրդակերպերը Սուրբ Հոգիին շնորհքը չեն տար, ինչպէս որ կու տան զայն սուրբ խորհուրդները, բայց Եկեղեցւոյ աղօթքով՝ անոնք մարդիկը կը նախապատրաստեն շնորհքը ընդունելու եւ անոր հետ գործակցելու։ Խորհրդակերպերու շարքին կը պատկանին նախ եւ առաջ «օրհնութիւններ»ը անձերու, սեղանի, առարկաներու եւ վայրերու։ Ամէն օրհնութիւն գովաբանութիւնն է եւ փառաբանութիւնը Աստուծոյ եւ աղօթք՝ ընդունելու Անոր պարգեւները։
Քրիստոսի մէջ, քրիստոնեաները օրհնուած են Աստուծմէ. «ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով». (ԵՓՍ. Ա 3)։ Ասոր համար Եկեղեցին իր օրհնութիւնը կու տայ կոչելով Յիսուսի անունը եւ սովորաբար ընելով Քրիստոսի սուրբ Խաչանիշը։
Քրիստոնեան կը սկսի իր օրը, իր աղօթքները եւ իր գործերը Խաչին նշանով՝ խաչակնքուելով. «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյ Սրբոյ. ամէն»։ Մկրտուած ամէն անձ իր օրը կը նուիրէ Աստուծոյ փառքին եւ կը դիմէ Փրկչին շնորհքին՝ որ իրեն կարողութիւնը եւ կարելիութիւնը կու տայ գործելու Սուրբ Հոգիով՝ իբրեւ որդի Հօր։
Խաչին նշանը կը զօրացնէ մեզ փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ։
Աստուած կը կանչէ իւրաքանչիւրը ի՛ր անունով. (ԵՍ. ԽԳ 1), (ՅՈՎՀ. Ժ 3)։ Նուիրական է անունը ամէն մարդու. անունը՝ սրբանկարն է անձին։ Անունը յարգանք կը պահանջէ, իբր նշան զայն կրողին արժանապատուութեան։ Մինչ քրիստոնեան երբ Խաչի նշանով կը խաչակնքէ ինքզինք, կը պահպանէ նաեւ իր անուան արժանապատուութիւնը։
Ուստի, ամէն օր առնել իր խաչը եւ հետեւիլ Յիսուսի՝ ամենէն ապահով եւ անվտանգ ուղին է։
Առօրեայ կեանքին մէջ հոգեփոխումը կը կատարուի հաշտութեամբ, համերաշխութեամբ, աղքատներուն հոգածութեամբ, արդարութեան եւ իրաւունքի գործադրութեամբ եւ պաշտպանութեամբ. (ԱՄՈՎՍ. Ե 24), (ԵՍ. Ա 17), եղբայրներու եւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքներուն խոստովանութեամբ, եղբայրական խրատներով, կեանքի վերատեսութեամբ, խղճին քննութեամբ, հոգեւոր առաջնորդութեամբ, չարչարանքներու մէջ համբերութեամբ եւ քաջասրտութեամբ, արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար կրած հալածանքին տոկալով, մէկ խօսքով «խաչը կրել»ով։ Քանի որ նեղութիւններ, դժուարութիւններ, չարչարանքներ կան կեանքին մէջ, ապա ուրեմն կա՛յ Խաչը մեր առօրեային մէջ…
Եւ այս պատճառով, անհրաժեշտ է Խաչին ընկալումը՝ զոր կրելու ենք ամէն մէկս, ի՛նչ որ կեանքի անխուսափելի օրէնքն է։ Արդարեւ, Խաչը կ՚օգնէ մեզի կերպաւորուելու Քրիստոսի հետ, որ առանձին՝ մեր մեղքերը մեզի համար մի անգամ ընդ միշտ քաւեց։ Խաչին ընկալումը թոյլ կու տայ մեզի ժառանգակից ըլլայ յարուցեալ Քրիստոսի, «քանի որ բաժնեկից ենք Անոր չարչարանքին». (ՀՌՈՄ. Ը 17)
Խաչը միշտ ներկա՛յ է մեր կեանքին մէջ. պէտք է անդրադառնանք անոր ներկայութեան, որովհետեւ անով միայն կարելի է համակերպուիլ եւ միանալ Յիսուս Քրիստոսի։ Խաչը մեր ապաւէնն է, անով կը սկսի մեր օրը եւ կը վերջանայ՝ պատրաստուելով յաջորդ օրուան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 25, 2025, Իսթանպուլ