ԴՈՒՆ ԱՆՄԱՀ ԵՍ, ԿՈՄԻՏԱ՛Ս
Այսօր մեծանուն հանճարին՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 156 ամեակն է. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ նախօրօք բազմիցս խօսած ենք Կոմիտաս Վարդապետի մասին, սակայն կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդը քիչ բան գիտէ Կոմիտաս Վարդապետի մասին՝ չըսելու համար գրեթէ ոչինչ գիտէ. կը հաւատանք, որ Կոմիտաս Վարդապետ տակաւին ուսումնասիրութեան մեծ տեղ ունի, որովհետեւ մեր գիտցած հատ ու հատուկտուր տեղեկութիւններով մեծանուն վարդապետը ճանչցած չենք ըլլար:
Կոմիտասի ծննդեան առիթով դէմս ունիմ որոշ յուշագրութիւններ, որոնք գրի առնուած են անձերու կողմէ, որոնք մօտէն ճանչցած են Կոմիտաս Վարդապետը եւ անոնցմէ մէկն է Կոմիտաս Վարդապետի օծակից Վռամշապուհ Եպսկ. Քիպարեանը. անձ որ Փարիզի մէջ Կոմիտաս Վարդապետի առողջական խնդիրներով զբաղող յանձնախումբի նախագահն էր:
Ցաւ ի սիրտ, պատմութիւնը շատ տեղեկութիւններ չի փոխանցեր Վռամշապուհ Քիպարեանի մասին, սակայն, Կոմիտասի կապակցութեամբ կարեւոր է անոր պատմած յուշերը, որոնք կը նկարագրեն մեծանուն հանճարին կեանքի վերջին հանգրուաններն ու հոգեկան տագնապները: Վռամշապուհի պատմած յուշերը թիւով քիչ են, սակայն, Կոմիտաս Վարդապետի վերջին օրերը հասկնալու համար կարեւոր աղբիւր կարելի է նկատել։ Նախ ըսենք, որ առաջին անգամ երբ Կոմիտաս Վարդապետ Պոլիսէն Փարիզ տարուեցաւ, հոգեբուժարան դրուելու մտադրութիւն մը չկար. ան պարզապէս Փարիզ կը ղրկուէր, որովհետեւ այդտեղի բժշկութիւնը շատ աւելի զարգացած ու արդիւնաւէտ կը նկատուէր։ Ան պիտի մնար եկեղեցւոյ երիցատունը, ուր պիտի անցընէր իր բուժման շրջանը, սակայն, երբ իր մտերիմները տեսան, որ վիճակը կը վատթարանայ՝ նախընտրեցին, որ մեծանուն հանճարը մշտական հսկողութեան տակ ըլլայ:
Վռամշապուհ օր մը հոգեբուժարան կ՚այցելէ, սակայն, բժիշկները չեն արտօներ, որ ան Կոմիտասին մօտենայ. բժիշկները փորձերով կ՚ուզեն Կոմիտասի մէջ հին յուշեր արթնցնել։ Վռամշապուհ կը տեսնէ, որ Կոմիտաս Վարդապետ հանգիստ նստած է ծառերուն տակ, երբ Թորգոմ անունով երիտասարդ մը կը սկսի ջութակով նուագել յայտնի երաժիշտ Ֆրանց Շուպերթի մէկ եղանակը. ըստ երեւոյթին բժիշկները կ՚ուզեն տեսնել, թէ երաժշտութիւնը անոր մէջ ինչպի՛սի յիշողութիւններ պիտի արթնցնէ. Վռամշապուհ կը պատմէ. «Կոմիտաս նստած տեղէն վեր ցատկեց եւ ծառին ճիւղերը կոտրտելով սկսաւ պոռալ. «բա՛ւ է, բա՛ւ է, ամօ՛թ ձեզ... ի զուր մի տանջուիք... ես ասոնց կարիքը չունիմ... ո՞ւր կորսնցուցիք դուք իմ երգերս...»:
Այս երեւոյթը կարելի է մեկնաբանել երկու տարբեր ձեւերով.
Ա.- 1915-ի իրադարձութիւններու ժամանակ Կոմիտասի շատ մը մշակումներն ու երգերը ոչնչացան։ Անոր հարազատներն ու բարեկամները կրցան որոշ ձեռագրեր փրկել, սակայն, անոնցմէ շատեր կորսուեցան: Կոմիտաս Վարդապետ այլ մտաւորականներու հետ միասին ձերբակալուելով աքսորուեցաւ, սակայն, «փրկուեցաւ» իր հոգեկան խանգարումներուն պատճառով։ Կոմիտաս Վարդապետ գուցէ մինչեւ իր մահը չկրցաւ մոռնալ այն բոլորը՝ որ ապրեցաւ աքսորի ճամբուն վրայ. չկրցաւ մոռնալ իր այն բոլոր աշխատութիւնները՝ որոնց համար զոհած էր իր առողջութիւնը, իր ժամանակը եւ տեսած անոնց ոչնչանալը:
Բ.- Կոմիտաս Վարդապետ նոյնիսկ իր հոգեկան խանգարումներ ունեցած վիճակին մէջ կ՚ուզէր լսել միայն հայերէնն ու հայկականը. օտարազգի Շուպերթի երաժշտութիւնը իրեն ուրախութիւն կամ խաղաղութիւն չէր պատճառեր. ան կ՚ուզէր ի՛ր երգերը՝ որոնք ազգին երգերն էին. անոնց մէջ կային հայրենիք ու հայրենասիրութիւն. օտար հողի վրայ, հոգեբուժարանին մէջ գուցէ միայն ի՛ր երգերը կարենային ամոքել մեծանուն հանճարին ցաւերը:
Վռամշապուհ կը պատմէ նաեւ այլ յիշատակ մը. օր մը դարձեալ հոգեբուժարան այցելելով կը յաջողի տեսնել իր օծակիցը եւ ուժգին կը փաթթուի վարդապետին: Կոմիտաս Վարդապետ իր երկու ձեռքերը դնելով Վռամշապուհի ուսերուն հետեւեալ հարցը կու տայ. «Ըսէ՛ տեսնեմ, անմա՞հ է այն գործը, որուն համար ես մեռայ...». Վռամշապուհ կը պատմէ, որ հազիւ կրցած է զսպել իր յուզումը ու շշնջացած. «Դուն անմահ ես, Կոմիտա՛ս»:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ Կոմիտաս ժողովուրդին կողմէ թէեւ սիրուած, քիչ չէին նաեւ զինք հալածողները։ Կոմիտաս Վարդապետը իր ամբողջ անձը նուիրեց հայ երաժշտութեան եւ ի սէր անոր կորսնցուց առողջութիւնը, կորսնցուց հոգեկան անդորրութիւնը եւ հասաւ հոգեբուժարան։ Կոմիտաս ծափահարութեան եւ գնահատանքի կարօտ անձ մը չէր, սակայն, գուցէ կ՚ուզէր միտքին մէջ վերլուծել, թէ արդեօք արժե՞ց այս բոլոր տառապանքը այն նպատակին համար՝ որ կ՚ուզէր իրագործել։ Այդ բոլոր զոհողութիւնները հասա՞ծ էին իրենց նպատակին. կրցա՞ծ էր անմահացնել հայ երաժշտութիւնը. Կոմիտաս Վարդապետ կը փորձէր հայ երաժշտութիւնը անմահացնել, առանց նկատելու, որ ժողովուրդին եւ հայ ազգի պատմութեան մէջ ի՛նքն էր, որ կ՚անմահանար:
Սակայն, Կոմիտաս իր հարցումին պատասխանը ստացած էր. Վռամշապուհ իր վերջին այցելութեան ժամանակ Կոմիտաս Վարդապետի խնդրանքով գիշերանոց մը տարած էր. Վարդապետը ինք խնդրած էր, որպէսզի չմրսի. Կոմիտաս Վարդապետ առնելով գիշերանոցը ըսած էր. «Չե՞ս մոռցած... բայց պարապի բերած ես... թող իմ ժողովուրդս ողջ մնայ. ես անոր սիրտին մէջ երբեք չեմ մրսիր...»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հայ ժողովուրդը կրցա՞ւ գնահատել Կոմիտաս Վարդապետը:
Պատասխան. Հայ ժողովուրդը սկզբնական շրջանին դժուարութեամբ ընկալած ու գնահատած է Կոմիտաս Վարդապետի գործունէութիւնը՝ մա՛նաւանդ անոր կեանքի տագնապալի ժամանակներուն: Ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը, զոր Կոմիտաս Վարդապետ հաւաքեց, մշակեց եւ հանրութեան ներկայացուց, սկզբնական շրջանին շատերու համար անհասկնալի թուեցաւ, սակայն, ժամանակի ընթացքին անոր ունեցած դերը դարձաւ գնահատուած: Անոր երաժշտութիւնը այսօր ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին մշակոյթին մէկ մասն է, այլ աշխարհի երաժշտական գանձերէն մէկն է եւ այսօր Կոմիտասը մեծ նշանակութիւն ունի թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայաստանէ դուրս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան