ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐ ԱՆՑ

Մերձաւոր Արեւելքը մեղմ ասած կ՚եռայ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 80-րդ նստաշրջանի բացման զուգահեռ։ Սուրիա կը մասնակցի երկար ժամական վերջ՝ դուռ բանալով վաթսուն տարի առաջուան եւ այսօրուան միջեւ բաղդատութիւններու։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի սկիզբի օրերն են։ Թիւով արդէն 80-րդ նստաշրջանն է, որուն առաջին անգամ կը մասնակցի Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա։ Սա կը նշանաւորուի տարբեր առումներով։ Կարեւորութեան պատճառներէն մին է, որ վաթսուն տարիէ ի վեր Սուրիա՝ իբրեւ պետութիւն, չէր կարողացած իր ձայնը լսելի դարձնել։ Բաց աստի, Սուրիոյ ներկայութիւնը կը համընկնի այնպիսի պահու մը, երբ Մերձաւոր Արեւելքը թէ՛ բուն եւ թէ փոխաբերական իմաստով կ՚եռայ։ Շարա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկ-նած է  նշանակալից այցելութեամբ՝ մա՛նաւանդ, որ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ։

Ահմէտ Շարա իշխանութեան եկած էր անցեալ դեկտեմբերին, երբ ընդդիմադիր լայն շրջանակներու աջակցութեամբ յաջողած էր տապալել Սուրիոյ երկարամեայ նախագահ Պեշար Էսատը։ Այսպէսով, ան դարձաւ Սուրիոյ առաջին ղեկավարը, որ վաթսուն տարուան բացակայութենէ ետք մեկնեցաւ ԱՄՆ եւ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն՝ Նուրետտին Աթասիի 1967-ի ելոյթէն վերջ։

Այս իրադարձութիւնը ջրբաժանի մը առջեւ կը դնէ Սուրիան։ Ուստի, հետաքրքրական է համեմատել Շարայի այս օրերուն կատարած այցը եւ ունեցած ելոյթը՝ շուրջ վաթսուն տարի առաջ Աթասիի այցելութեան ու ելոյթին հետ։

ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Պատմական խորհրդանշականութիւն - Երկու ելոյթներն ալ կը փորձեն Սուրիան ներկայացնել՝ իբրեւ ինքնուրոյն դերակատար միջազգային բեմին վրայ։

2. Քաղաքական անցումի ժամանակաշրջան - 1967-ին Աթասիի ելոյթէն քիչ անց Սուրիան ճաշակած էր վեցօրեայ պատերազմի աղէտը։ Այսօր Շարա կը ներկայանայ անմիջապէս այն պահուն, երբ նոր իշխանութիւնը տապալեց Էսատներու երկարամեայ վարչակարգը։ Երկու դէպքերն ալ կը կապուին իշխանափոխութեան եւ ճակատագրական շրջադարձերու հետ։

3. ԱՄՆ մուտքի բացառիկ առիթ - Սուրիոյ ղեկավարներ հազուադէպ եղած են Ուաշինկթընի կամ Նիւ Եորքի մէջ։ Աթասիի եւ Շարայի այցերը կրնան դիտարկուիլ՝ իբրեւ անսովոր եւ ուշագրաւ դէպքեր։

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Միջազգային համատեսք - Աթասիի ելոյթը տեղի ունեցած էր արաբա-իսրայէլեան պատերազմի օրերուն, երբ Սուրիան պարտութիւն կրած եւ արժանապատուութիւնը վիրաւորուած էր։ Շարայի ելոյթը տեղի ունեցաւ՝ իբրեւ նոր ղեկավարի յաղթանակի ներկայացում եւ միջազգային ճանաչում ապահովելու փորձ։

2. Ներքին իշխանական դիրքաւորում - Աթասի մասն էր «Պասս» կուսակցութեան վերնախաւին եւ իր ուժը կախեալ էր զինուորական վարչամեքենայէն։ Շարա եկած է իշխանութեան հակաէսատեան դաշինքի մը գլխաւորութեամբ։

3. Արտաքին արձագանգի ակնկալիքներ - Աթասի ՄԱԿ կը դիմէր Իսրայէլը դատապարտելու եւ արաբական միասնականութիւնը շեշտելու համար։ Շարա կը դիմէ միջազգային ընտանիքին՝ օրինականութիւն եւ աջակցութիւն ստանալու, Սուրիոյ համար վերակառուցման եւ նոր դիւանագիտական ուղեգիծ մը հաստատելու նպատակով։

«ՄԱՐՄԱՆԴ ԿՐԱԿԻ» ՎՐԱՅ

Այս ամբողջը կը դիտարկուի Սուրիա-Իսրայէլ հաւանական համաձայնութեան մը պրիսմակէն։ Վերջին օրերուն ակնյայտ է, որ Սուրիա կը մտնէ նոր քաղաքական փուլ մը։ Առաջին անգամ չէ, որ Շարա խօսած է «անվտանգութեան համաձայնագիր»ի մը մասին, սակայն, այս անգամ իրավիճակը աւելի խորքային է։ Երկար տարիներու պատերազմէն եւ վերջերս կատարուած իշխանափոխութենէն ետք, Դամասկոս կը փորձէ խուսափիլ նոր զինեալ առճակատումներէ եւ ամրապնդել իր դիրքերը միջազգային թատերաբեմին վրայ։ Աւելի վաղ Շարա յայտարարած էր, որ Իսրայէլի հետ հաւանական համաձայնագիրը չի նշանակեր երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում։ Ակնյայտ է, որ Սուրիա կը փորձէ զանազանել անվտանգութեան նեղ հարցերը քաղաքական լայն համաձայնութիւններէն։ Այս մօտեցումը ցոյց կու տայ թէ՛ խոր անվստահութիւն Իսրայէլի դէմ եւ թէ իրատեսական ձգտում՝ խուսափելու նոր պատերազմներէ։

ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ Լոնտոնի մէջ վերջերս կազմակերպուած հանդիպման կողմերը փորձեցին նախնական համաձայնութիւն մը մշակել։ Սա կը մատնանշէ արտաքին ճնշումներու ներկայութիւնը։ Իսրայէլի պահանջը Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքին ապառազմականացած երեք գօտիներու ստեղծումն է։ Սա ցոյց կու տայ, որ Թել Աւիւ կը փորձէ ընդարձակել իր անվտանգութեան գօտին՝ զայն ընդլայնելով Սուրիոյ տարածքին մէջ։ Հերմոն լերան վերահսկողութեան պահպանումը Իսրայէլի կողմէ կը վկայէ, թէ ան պատրաստ չէ զիջելու իր նոր ռազմավարական դիրքերը։ Փաստացի, այս պայմանները կը պարտադրուին Սուրիոյ, որ այժմ կը գտնուի փխրուն վերականգնման փուլի մը մէջ։

Վերլուծաբանները հարց կու տան. արդեօք Սուրիա անվտանգութեան գրաւականը կը տեսնէ միջազգայի՞ն միջնորդութիւններու եւ պայմանագրերու մէջ կամ թէ կը փորձէ ժամանակ շահիլ՝ սպասելով աւելի նպաստաւոր զարգացումներու։ Ամէն պարագայի այժմու գործընթացը կրնայ դառնալ սկիզբ մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի ուժային նոր դասաւորութեան համար։

Շարա վերջերս յայտարարեց, որ չի բացառուիր Սուրիոյ կողմէ անվտանգութեան համաձայնագրի մը ստորագրումը Իսրայէլի հետ։ Այդպիսի քայլ մը պիտի չնշանակ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում կամ Աբրահամեան համաձայնագրերու միացում։ Խմորուած փաստաթուղթը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս նմանը 1974-ի տարանջատման պայմանագիրին։ «Սուրիա Իսրայէլին չի վստահիր, բայց նաեւ չի փափաքիր կռուիլ անոր դէմ», կ՚ըսէ Շարա։ Յիշեցնենք, որ վերջերս Լոնտոնի մէջ բանակցութիւններ վարած էին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու Իսրայէլի ռազմավարական ծրագրաւորման նախարարը։

Ըստ արաբական աղբիւրներու՝ Իսրայէլ կը պահանջէ հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ երեք ապառազմականացուած գօտիներու ստեղծում՝ Սուրիոյ մէջ։ Այդ գօտիները տարբեր անվտանգութեան դրութիւններ պիտի ունենան՝ կախեալ սահմանէ հեռաւորութենէն։ Սուրիա պիտի կարենայ տեղակայել ոստիկանութիւն, բայց, թռիչքները արգիլուած պիտի ըլլան։ Իսկ Իսրայէլ պիտի պահէ Հերմոն լերան վրայ վերահսկողութիւնը, զոր ստանձնած էր 2024-ի դեկտեմբերին, Դամասկոսի իշխանափոխութեան ընթացքին։

Շարայի Նիւ Եորք այցելութիւնը կարելի է դիտարկել՝ իբրեւ բազմաշերտ եւ պատմական նշանակութամբ իրադարձութիւն։ Այս այցը կը համընկնեցաւ այնպիսի պահու մը, երբ Սուրիա ներքին ճգնաժամի ու պատերազմական աւերներու մէջէն կը փորձէ նոր պետական օրակարգ մը ձեւաւորել։ Նոր ղեկավարութիւնը ունի իրաւազօրութեան հարց՝ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին հարթութիւններու վրայ։ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ելոյթ ունենալը ո՛չ միայն խորհրդանշական քայլ է, այլեւ փաստացի փորձ մըն է միջազգային ընտանիքին ներկայանալու համար՝ իբրեւ օրինական իշխանութիւն։

Բաց աստի, Շարայի մօտեցումները կը մատնանշեն յստակ ռազմավարական փոփոխութիւն մը։ Էսատներու վարչակարգի տարիներուն Սուրիա արտաքին աշխարհին կը ներկայանար իբրեւ ճակատման կողմ, որ կը պայքարէր ընդդէմ աշխարհի անարդարութիւններուն։ Շարա, սակայն, կը փորձէ այլ հռետորաբանութիւն․ Սուրիա պատրաստ է երկխօսութեան, պատրաստ է անվտանգութեան հարցերը զատորոշելու քաղաքական բարդ նիւթերէ, պատրաստ է գործակցութեան միջազգային ուժերու հետ։ Սա, իր հերթին, կը նշանակէ, որ Դամասկոս կ՚որդեգրէ նոր մօտեցում մը եւ այս մէկը կրնայ միաժամանակ ամրապնդել կամ տկարացնել իր դիրքերը՝ կախեալ թէ որքան յաջող պիտի ըլլայ միջազգային հարթակներու վրայ։

Շարայի այցը Սուրիան կը դնէ Մերձաւոր Արեւելքի ուժային քարտէսին վրայ, որ կը վերաձեւուի։ Մինչ Էսատը գոյութիւնը կը կապէր իրանեան եւ ռուսական աջակցութեան հետ, Շարա կը փորձէ հաւասարակշռուած խաղ մը վարել՝ միաժամանակ չկտրելով կապերը տարածաշրջանային աւանդական դաշնակիցներուն հետ, բայց, նաեւ դուռ բանալով արեւմուտքի առջեւ։ Այսպիսի մօտեցում մը ապագային Սուրիոյ համար կրնայ դառնալ կա՛մ հսկայական հնարաւորութիւն մը եւ կամ նոր վտանգ մը, որովհետեւ ուժային ճամբարներու միջեւ ճկունութիւն պահելը միշտ ալ ունի գինը։

Վերջապէս, Սուրիա-Իսրայէլ  հաւանական անվտանգութեան համաձայնագրի մասին քննարկումները կը յուշեն, թէ նոր իշխանութիւնը կը փնտռէ իր գոյատեւման համար ռազմավարական ուժեղ երաշխիքներ։ Թէեւ շեշտադրուած է, որ այդ համաձայնագիրը պիտի չնշանակէ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորում, սակայն, քննարկման գոյութեան փաստը ինքնին ցոյց կու տայ տարածաշրջանի նոր տրամադրութիւնները։ Տարիներ շարունակ Դամասկոս-Թել Աւիւ կապը կը սահմանափակուէր միայն ռազմական թշնամանքով։ Այսօր օրակարգի վրայ կարելի է պատկերացնել՝ նուազագոյն անվտանգութեան մը ապահովումը։

Այս ամէնը կը վկայէ, թէ Սուրիա թեւակոխած է շրջադարձային փուլ մը․ միջազգային քաղաքականութեան մէջ այլեւս չի փափաքիր մենաւոր խաղացող ըլլալ, այլ կ՚ուզէ տեղ ունենալ ուժային նոր դասաւորումներու մէջ։ Շարայի ՄԱԿ-ի ելոյթը այս իմաստով կրնայ դառնալ Սուրիոյ նոր դարաշրջանի սկիզբը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2025