ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը կ՚ընկալուի՝ որպէս տարածքային պահանջք։ Համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի նոր՝ 80-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու ծիրէն ներս ան Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ ելոյթ մը, որու աւարտին ուղղուեցաւ դէպի Սթրազպուրկ, ուր կը մասնակցի Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նոր նստաշրջանի բացման։ Վաղը նախատեսուած է իր ելոյթը։
Վարչապետ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ TRIPP ուղիին, որու մասին պաշտօնապէս յայտարարուած էր անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու գագաթաժողովին։ Իր խօսքով՝ TRIPP ենթակառուցուածքային նախագիծ մըն է, որ պիտի գործէ Հայաստանի տարածքին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի ձեւաչափով համաձայնեցուած գործարար մոտելով մը։ TRIPP-ը պիտի ունենայ թէ՛ տարածաշրջանային եւ թէ համաշխարհային նշանակութիւն։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Ուաշինկթընի հռչակագրին մէջ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը գոյութիւն չունի։ Ան յիշեցուց, որ համապատասխան հռչակագրին տակ կը գտնուի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրութիւնը։ Այսպէսով Փաշինեան արձագանգած եղաւ Իլհամ Ալիեւի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչեցուցած ելոյթին, որու ժամանակ ան հերթական անգամ խօսած էր «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին։
«Ուրախ եմ արձանագրել, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաստատուած է աննախադէպ դրական երկխօսութիւն մը։ Նախագահ Էրտողանի հետ իմ հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն՝ փոխադարձ վստահութեան աճող մակարդակով։ Սա ձեռքբերում մըն է, զոր ես չափազանց բարձր կը գնահատեմ եւ համոզուած եմ, թէ տեսանելի ապագային պիտի ապահովէ դրական արդիւնք՝ Երեւան-Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում եւ սահմանի լիարժէք բացում», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ TRIPP նախագիծին տեսակէտէ կարեւոր է Թուրքիա-Հայաստան սահմանի երկաթուղիի, ցամաքուղիներու, խողովակաշարներու եւ ելեկտրահաղորդման գիծերու զարգացումը։
Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն դիտել տուաւ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան սերտ երկխօսութեան մէջ կը գտնուին եւ այլեւս երբեք չեն շեղիր խաղաղութեան ուղեգիծէն։ Վարչապետը վերահաստատեց Երեւանի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին։
Ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուց, որ յաջորդ տարի՝ 2026 թուականի հոկտեմբերի 18-30-ին, ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմաբանութեան մասին պայմանագրի կողմերու 17-րդ համաժողովը (COP17) պիտի կազմակերպուի Հայաստանի տանտիրութեամբ, Երեւանի մէջ։
«Հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր առջեւ։ Մենք կ՚աշխուժացնենք մեր յարաբերութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն հետ», ըսաւ վարչապետը։
Բացի ելոյթէն, Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սուուտի հետ։ Այս առթիւ կողմերու միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրուեցաւ՝ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կազմակերպման շուրջ։ Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ Նիւ Եորքէն ուղեւորուեցաւ դէպի Լեհաստան՝ մասնակցելու համար Վարշաւիոյ անվտանգութեան ֆորումին, որ կը սկսի այսօր եւ որու շրջանակներէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։