ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ՈՒՍՈՒՑԻՉԷ ՈՒՍՈՒՑԻՉ» ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ
Շաբաթավերջին, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր աշխատաժողով մը, որ առիթ հանդիսացաւ թրքահայ կրթադաստիարակչական օրակարգի զանազան երեսակներու քննարկման։ Կրթական մշակներու մեծ հաւաք մըն էր այս մէկը։ Անոնց համախմբումը առիթ ընձեռեց, որպէսզի թէ՛ մասնագիտական խնդիրները հանգամանօրէն արծարծուին եւ թէ անոնք բիւրեղանան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի համայնապատկերին վրայ։
2025-2026 կրթական շրջանի մեկնարկի փուլին Օրթագիւղի ընտանիքը՝ այս տարի արդէն երկրորդ անգամ հիւրընկալեց «Ուսուցիչէ ուսուցիչ» այս աշխատաժողովը, որ դրական օրինակներու փոխանակման հիմքով հարցերու լուծման հետամուտ ըլլալու նպատակը կը հետապնդէր։ Նախաձեռնութեան առանցքին էր այն մօտեցումը, թէ այսօրուայ կրթական մշակները ուղղութիւն կու տան նաեւ ապագայի կրթութեան։ Հետեւաբար, նախագիծը պարզ փորձառութեան փոխանակում ըլլալէ անդին՝ բաժնելով ամրանալու եւ միասնաբար սորվելու բնոյթը ունէր։ Կրթական մշակները ունեցան փորձառութեան փոխանակումներ ու ձեւով մը իրենք զիրենք վերապատրաստեցին՝ բաժնելով դրական օրինակներ։ Այս առումով սոյն աշխատաժողովը եղաւ արդարացած նախաձեռնութիւն մը՝ մանաւանդ, որ յայտագիրը թէեւ միօրեայ էր, սակայն, ժամանակը շատ լաւ ու նպատակասլաց արժեւորուեցաւ։
Աշխատաժողովի բացման փուլին ելոյթներով հանդէս եկան՝ Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, այս աշխատաժողովի ակադեմական ծրագրաւորման խորհրդական Լարա Էօզէր եւ հայերէնի ուսուցիչ Արփէն Չընար։ Քննարկումներու բոլոր փուլերուն, անշուշտ, թէ՛ անխուսափելիօրէն եւ թէ շատ տեղին ձեւով թեքնոբանութեան եւ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) վերաբերեալ նիւթերը անուշադրութեան չմատնուեցան։ Աշխատանքային օրուայ առաջին կէսը ընդգրկեց երկու հիմնական լիագումար նիստ՝ մին հայերէնով, իսկ միւսը թրքերէնով։ Հայերէն լիագումար նիստը հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերուն շուրջ խորհրդածութիւններով ընթացաւ։ Զրուցավարն էր՝ հեռուստահաղորդավար Գարոլին Մամիկոնեան։ Ատենախօսներն էին՝ հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Սաթար, հրատարակիչ Վահագն Քեշիշեան եւ խմբագիր ու վիպագիր Ռոպէր Քոփթաշ։ Թրքերէն լիագումար նիստը առիթ դարձաւ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու ուղեցոյց ուսուցիչներու դիտարկումներուն եւ տպաւորութիւններուն վրայ։ «Իւրաքանչիւր խելք ինքնուրոյն կը սորվի. ուշադրութիւն, դժուարութիւններ եւ խրախուսանք» խորագրեալ այս ասուլիսը վարեց հոգեբան Էմէլ Հեքիմօղլու։ Ատենախօսներն էին նոյն բնագաւառէն՝ Ժանին Մարազեան, Թանիա Թուրղայ եւ Նատին Ինեափան։
Այս երկու լիագումար նիստերուն ի շարունակութիւն հանդէս եկաւ արուեստագէտ Եղիա Աքկիւն, որ իր մօտեցումները ներկայացուց՝ խաղերով փոխակերպումներու կապակցութեամբ, անշուշտ, ներկայացնելով զանազան տեսանիւթեր։
Այսպէսով աշխատանքային օրուայ առաջին կէսը հասաւ իր աւարտին։ Դադարէ վերջ, աշխատաժողովը շարունակուեցաւ խմբային քննարկումներու ձեւաչափով։ Բազում աշխատանոցներու մէջ նախատեսուած էին բազմակողմանի քննարկումներ, որոնց հանրագումարը արդէն տարրական տպաւորութիւն մը կը ստեղծէր՝ թրքահայ մանկավարժական օրակարգի ինչ-ինչ երեսակներուն շուրջ, որոնք մեծ հաշուով զիրար կը համալրեն։
Բացի Տիրուհի Պերինէն եւ Լարա Էօզէրէն, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ հովանաւորուած այս աշխատաժողովի կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմած էին հետեւեալները.
Անի Մալաթեալը (Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կրթութեան գծով անդամուհի), Լիզա Թեմելճի (Թարգմանչաց վարժարանի միջնակարգի բաժնի համակարգող), Մարի Քալայճը (հայերէնի ուսուցչուհի), Պիանքա Պոյաճըօղլու (գիտութեան ուսուցչուհի), Դալար Չիտեմ (դասարանի ուսուցչուհի), Մատլէն Չաղլա (նախադպրոցական բաժանմունքի պատասխանատու), Սէրտա Տաղլեան (միջնակարգի ուղեցոյց ուսուցչուհի), Թալին Աւետիքեան (գիտութեան ուսուցչուհի), Գարին Եիւքլիւ (անգլերէնի ուսուցչուհի), Լարա Քիւրքճիւկիլ (անգլերէնի ուսուցչուհի), Լիանա Ճինկէօզ (անգլերէնի ուսուցչուհի), Շիլա Թոսուն (անգլերէնի ուսուցչուհի), Մելիսէ Աքքուշ (դասարանի ուսուցչուհի) եւ Նատին Եանճը (մանկապարտիզպանուհի)։
Աշխատանոցի եզրափակիչ փուլին բոլոր կրթական մշակները ունեցան դրական տպաւորութիւն ու միասնաբար հարստացած ըլլալու զգացում։ Հարկ է նշել, որ Օրթագիւղի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած այս աշխատաժողովը հետեւողականութեան տեսակէտէ ողջունելի կէտի մը հասած է։ Նկատի ունենալով, որ կրթութեան բնագաւառի պարագային հետեւողականութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի՝ այս աշխատաժողովի նախընթացներն ալ ձեւաւորման հունի մէջ կը գտնուին։ Այս նախաձեռնութիւնը աստիճանաբար կրնայ վերածուիլ հարթակի մը՝ թրքահայ կրթական օրակարգի եղափոխութեան հետեւելու եւ կարգ մը սկզբունքներու նկատմամբ հաւատարմութիւն ապահովելու տեսակէտէ։
*
Ծ.Խ.- Այսօրուան տարրական այս նկարագրականէն վերջ, վաղուընէ սկսեալ պիտի հրատարակենք հայերէնի վերաբերեալ լիագումար նիստի ընթացքին ի յայտ եկած գաղափարներուն կապակցութեամբ։