ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՌՈՒՄՆԵՐ

Հոգեւոր բաներու վրայ խօսելու ժամանակ մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն վերաբանութիւն կամ նմանութիւն։ Մտքի եւ մտաւոր գործողութիւններու վերբերեալ գաղափարներ, ըմբռնումներ այս կերպով միայն կրնան բացատրուիլ։ Մարդկային ցեղերուն տղայութեան ժամանակ գրեթէ միշտ գործածուած է այս «այլաբանական լեզու»ն. հասարակ իրողութիւններ եւ իրեր անգամ այլաբանական բառերու օգնութեամբ նկարագրուած կը գտնենք։

Զոր օրինակ, որովհետեւ մտքի ըմբռնելու գործողութիւնը նմանութիւն ունի աչքի գործողութեան հետ, կ՚ըսուի թէ. «միտքը կը տեսնէ». «հոգի», բառը նախապէս կը նշանակէր «շունչ». «խորհրդածել» բային բառական նշանակութիւնն է՝ խորհուրդը դարձեալ բերել՝ ներկայացնել. «ուշադրութիւն» կամ «մտադրութիւն»՝ որ մտաւոր գործողութիւն է՝ կը նշանակէ միտքը բանի մը վրայ դնել՝ կեդրոնացնել, կեցնել։

«Ածել» եւ «դնել» բառերը, որոնք կը նշանակեն մարմնի անդամներով՝ անոնց միջոցաւ կատարուած գործողութիւններ՝ վերաբերութեամբ եւ կամ նմանութեամբ ըսուած են իմացական գործողութիւններու համար։ Մարդկային ընդհանուր վիճակը այնպէս է, որ մարդս չի կրնար պարզ կերպով, այսինքն՝ առանց զգալի բաներու բառերը կամ անունները գործածելու, բացատրել մտքի կամ վերացեալ ճշմարտութիւններու վերաբերեալ գաղափարներ։

Իմացական գաղափարներ բացատրելու համար մեր այս վերոյիշեալ բնական կերպին զիջանել ուզելով, Աստուած մեզ ծանօթ զգալի-շօշափելի իրերու նշաններով կամ բառերով հաղորդած է մեզ կրօնական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ. ուրիշ խօսքով, ծանօթացուցած է զանոնք մեզի «ընտանի» միջոցներով։

Ուստի, հոգեւոր ճշմարտութիւններ բացատրելու համար Սուրբ Գիրքը «այլաբանական լեզու»ի գործածութեան օրինակներով լեցուն է։ Զոր օրինակ, Աստուծոյ համար ըսուած է, թէ «լոյսի» մէջ կը բնակի, կը հաստատէ Իր «թագաւորութիւնը». երկինքն է Անոր «աթոռը»։ Այս ուղղութեամբ, քրիստոնեային հաւատքը նկարագրուած է հասարակ կամ զգալի գործողութիւններ բացատրող բառերով. զոր օրինակ, ըսուած է. «Կենաց Խօսքը բռնել», «Աներեւոյթը տեսնել», «Քրիստոսի երթալ», «Քրիստոսի կռթնիլ»։

Դարձեալ, Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ վրայ կը խօսի որպէս թէ «մարդ»ու վրայ, իբրեւ թէ Աստուած ունի մարդկային կիրքեր եւ կը կատարէ մարդկային գործողութիւններ։ Այսպէս նաեւ Աստուծոյ ընծայած է ձեռք, աչք եւ ոտք՝ որոնց նշանակութիւնն է, թէ Աստուած կարո՛ղ է կատարել բոլոր այն գործերը եւ գործողութիւնները, որոնք մենք կը կատարենք մեր այդ անդամներով եւ գործարաններով։ Այս կերպով Աստուած կը նմանցնենք մարդու, մինչդեռ մարդը կը նմանի Աստուծոյ։ Եւ այս տեսութիւնն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ թերահաւատութեան։ Այն՝ որ ճշմարտութիւնը կը դիտենք մարդու աչքով եւ չենք դիտեր Աստուծոյ «աչք»ով։ Աստուած կ՚իջենցնենք մարդուն մակարդակին, փոխանակ մարդը բարձրացնելու Աստուծոյ…

«ՇՆՈՐՀՔ» բառին ընդհանուր նշանակութիւնն է՝ «պարգեւ», «բարերարութիւն»։ Երբ Աստուծոյ վրայ է խօսքը, կը նշանակէ «բարերարութիւնը՝ զոր մարդոց ըրաւ Աստուած» եւ որուն արժանի չեն մարդիկ. այս իմաստով կը գտնուի հետեւեալ խօսքին մէջ. «Իր նախասահմանութեանը եւ շնորհներուն նայելով». (Բ ՏԻՄ. Ա 9)։ «Շնորհք» կը նշանակէ նաեւ տեսակ տեսակ, զանազան պարգեւներ՝ որ կու տայ այս պարգեւը. զոր օրինակ, «արդարացում»ը, ինչպէս (ՀՌՈՎՄ. Ե 15)ի մէջ. «զօրութիւն եւ սրբութիւն»։ Նաեւ՝ «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 9)։

«Շնորհք» կը նշանակէ նաեւ՝ «յաւիտենական փառք». (Ա ՊԵՏ. Ա 13)։ (ԳՈՐԾՔ. ԺԴ 3)ի «Շնորհքի խօսք» ըսելով կը հասկցուի Աւետարանը։ Նոյնպէս՝ (ԵԲՐ. ԺԳ 9)ի «Շնորհք» բառով կը հասկցուին Աւետարանին վարդապետութիւնները։

Այս առթիւ հարկ է աւելցնել մեր խորհրդածութիւններուն, թէ Սուրբ Հոգին հլու եւ հնազանդ քրիստոնեային չի թելադրեր ընդունիլ այնպիսի վարդապետութիւն կամ իմաստ, որ Սուրբ Գիրքի մէջ պարունակուած չէ։ Ուստի, Սաղմոսերգուն կ՚աղօթէ, որ Տէրը հաճէր բանալ անոր աչքերը որպէսզի կարող ըլլար հրաշքներ տեսնել Աստուծոյ օրէնքէն. (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 18)։ Հաւատքը՝ հասկնալով միայն կարելի է կատարելագործուի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 27, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025