Օրթագիւղի Թարգմանչաց վրժ.ի աշխատաժողովի լոյսին տակ. դիտարկումներ ուխորհրդածութիւններ՝ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերուն շուրջ (2)
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած՝ երկրորդ «Ուսուցիչէ ուսուցիչ» աշխատաժողովին վերաբերեալ դիտարկումներու եւ խորհրդածութիւններու լոյսին տակ կը բիւրեղանան քանի մը հիմնական կէտեր։ Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերը բազում հարթութիւններու վրայ կը քննարկուին եւ թէկուզ անխուսափելիօրէն ի յայտ կու գան հակասութիւններ։ Կարծիքներու զանազանութեան տեսակէտէ սա կրնայ հանդուրժելի ըլլալ՝ քանի բազմակարծութիւնը կարելի է հակադրել անտարբերութեան։ Պոլսահայութեան պարագային այդ հակասութիւնները կ՚անթադրեն վտանգ մը կամ դժուարութիւն մը, որովհետեւ համայնքէն ներս գոյութիւն չունի մասնագիտական մարմին մը, որ այդ ամբողջ կարծիքները համադրելով, հակասութիւնները հարթելով կրնայ ընդհանուր ուղղութիւն մը տալ կրթադաստիարակչական բնագաւառին, դպրոցներու ցանցի ընդհանուր գործունէութեան։
Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերուն ձօնուած լիագումար նիստին ընթացքին յառաջ քշուեցան քանի մը կարեւոր հարցեր. օրինակ՝ ինչպէ՞ս պահել ինքնութիւնը, ինչպէ՞ս ժառանգել զայն։ Ատենախօսները առողջ պատկերացումներ ունէին այս կապակցութեամբ՝ մա՛նաւանդ, որ ինքնութեան եւ մշակոյթի որակի յարաբերակցութիւնը յստակօրէն ընդգծուեցաւ։ Անոնք այս տեսակէտէ խնդիր մատուցեցին նաեւ համայնքային կեանքի պարունակութիւնը ձեւաւորելու կամ խմորելու պրիսմակէն։ Ապագայատեսիլ ընթացք մը որդեգրելու տեսակէտէ շատ ընդունելի էր՝ անցեալը այդքան ալ չիտէալականացնելու կոչը։ Արդարեւ, անշուշտ, անցեալը օրինակներ քաղելու կամ բաղդատութիւններ ընելու տեսակէտէ օգտակար է, սակայն, անկէ կառչած մնալը կրնայ խոչընդոտել մերօրեայ համայնապատկերի առարկայական ըմբռնումը։ Առողջ մօտեցում էր նաեւ համայնքի կարելիութիւնները պայքարի ձեւի մը վերածելու առաջարկը։ Արդարեւ, սա դուռ կը բանայ գործնականութեան ու ձեւով մը առիթ կ՚ընձեռէ, որ մարդիկ դադրին անկարելիութիւններու պատրուակներու ետին թաքնուելէ ու առանց այլեւս աւելի յապաղելու, ծով նետուին, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները։
Յուսադրիչ էր նաեւ այն մօտեցումը, թէ մասնագիտական հաւաքի մը ժամանակ ինքնութեան եւ իրարու միջեւ կապի, շփման անփոփոխ ստորոգրելին համարուեցաւ մայրենին։ Սփիւռքի համայնքներու միջեւ կապերը զարգացնելու միջոցաւ, համընդհանուր ու փոխադարձ սնման պայմաններ գոյացնելու մղումը իսկապէս շատ ողջունելի է։ Բայց եւ այնպէս, այս կէտին վրայ ալ կան հակասութիւններ։ Ատենախօսները դիտել տուին, որ դասական սփիւռքի համայնքներուն միջեւ կայ վիհ մը եւ ի շարունակութիւն կարելի է աւելցնել, որ այդ անջրպետը բազմապատիկ մեծ է պոլսահայութեան պարագային։ Ասուլիսի մասնակիցները նման դժուարութիւններու յաղթահարման տեսակէտէ մատնանշեցին թեքնոբանութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ մասնաւորապէս արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ)։ Հասկնալի է, որ համացանցային միջոցներու շնորհիւ որոշ չափով կրնան յաղթահարուիլ այդ խնդիրները, բայց եւ այնպէս, ամէն ինչ այդքան պարզ կամ մակերեսային չէ։ Խորքային իմաստով, իրարու հաղորդ դառնալ չի նշանակեր միայն իրարու հետ կապի մէջ ըլլալ։ Այս երկուքի տարբերութեան տեսակէտէ անկարելի է շրջանցել, որ թրքահայ կեանքէն ներս հայատառ մամուլի եւ դպրոցներու ցանցի յարաբերութիւնը ուր որ է խզուած է եւ համագործակցութեան մը մասին խօսիլը վաղուց դարձած է դժուար։ Մամուլը՝ մանաւանդ հայատառ մամուլը թրքահայ համայնքին կողմէ աշխարհի հայութեան վրայ բացուած հիմնական պատուհանն է, համայնքի հայելին է եւ աշխարհի հայութեան կողմէ կ՚ընկալուի՝ որպէս համայնքի հաւաքական ձայնը։ Ուստի, մամուլ-դպրոց կապի վերականգնումը ինքնաբերաբար կրնայ նպաստել ո՛չ միայն կապի մէջ ըլլալու, այլեւ իրարու հաղորդ դառնալու վերաբերեալ խնդիրներու լուծման։ Արդարեւ, շարքային պոլսահայը այսօր համահայկական ընդհանուր օրակարգէն կտրուած է. մամուլին հետեւելու շնորհիւ այդ օրակարգի զանազան ծալքերուն կրնայ վերահասու դառնալ, իսկ մասնագիտական շփումներու կամ համագործակցութեան պարագային կարելի կրնայ ըլլալ առողջ ենթագետին մը, գործնական նախադրեալներ ապահովել։ Այլ խօսքով՝ համայնքէն ներս կրթական մշակը պէտք է վերստին զգայ, թէ հայատառ մամուլի սպասաւորը իր լծակիցն է։ Անշուշտ, լռելեայն հաշուի պէտք է առնել, որ այդ զգացումը ունենալու համար կրթական մշակը պէտք է գոնէ հետեւի հայատառ մամուլին, ինչ որ այսօրուայ պարագան չէ եւ դպրոց-մամուլ կապը կը վերածէ կործանարար աճպարարութեան մը։
Արտահամայնքային հնարաւորութիւնները, բնականաբար պէտք է արժեւորուին՝ անկախ անոնց հրապոյրի խնդիրէն։ Աշխատաժողովի ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ INALCO-ին, Հայաստանի զանազան ծրագրերուն ու նոյնիսկ Գերմանիոյ մէջ հաստատումը նախատեսուած նոր ամպիոնի մը։ Այս բոլորը լաւ են, աւելին՝ հրապուրիչ։ Տակաւին հաշուի պէտք է առնել միջազգային վաւերականութիւններու հաւանական առաւելութիւնները։ Յամենայնդէպս, այս բոլորը վերջին հաշուով օժանդակ ազդակներ են։ Եթէ որեւէ համայնքի կամ գաղութի պարագային տեղւոյն վրայ չըլլայ ամուր ենթագետին մը, ապա օժանդակ գործօնը ոչինչի կը ծառայէ։ Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման տեսակէտէ պոլսահայ կրթական համակարգը վաղուց լպրծուն գետնի մը վրայ է, ուր օժանդակ գործօնները ի զօրու չեն կրնար ըլլալ ճակատագիր փոխելու։
Մօտաւոր անցեալին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան դպրոցներու նահանջը նկատած էր նոր ժամանակներու անխուսափելի հետեւանքը։ Ան հայախօսութեան, հայոց լեզուի աւանդման առկայ անբաւարար մակարդակը հիմնաւորած էր՝ համայնքի անդամներուն մօտ ազգայնականութեան մակարդակի անկումով։ Աշխատաժողովի ընթացքին մասնագէտները այլ մօտեցում ալ բարձրաձայնեցին՝ նշելով, որ լեզուի ուսուցումը կապ չունի ազգայնականութեան հետ։ Հանրային կարծիքի աչքին առջեւ միշտ կը յառաջանան այսպիսի հակասական տպաւորութիւններ։ Մէկ կողմէ մասնագէտներուն ըսածը ճիշդ է, որովհետեւ որեւէ լեզու սորվելու մղումը անպայման կրնայ չըլլալ ազգայնականութեան արդիւնքը։ Պատրիարքին ըսածն ալ մերժելի չէ այն առումով, որ հայերէն սորվելով անձի մը քաղելիք արդիւնքը կամ ձեռք ձգելիք առաւելութիւնը կրնայ անբաղդատելիօրէն նուազ ըլլալ, ուստի, հայերէնի յարատեւութեան պարագային պէտք է յոյս դնել ազգային պատկանելիութեան գործօնին վրայ։
Այս բոլորէն անդին, կան այլ ճշմարտութիւններ։ Գիտականօրէն վաղուց հնարաւոր է, որ ամէն տարիքային սահմանէ անձ կրնայ ամէն լեզու սորվիլ, եթէ մտային անբաւարարութիւն մը չունի։ Այս առարկայական ճշմարտութիւնը, չես գիտեր ինչո՞ւ, կ՚անտեսուի թրքահայ իրականութեան պարագային։ Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման տեսակէտէ հաւաքական արդիւնքը խիստ անբաւարար է։ Առկայ ահագնացող նահանջի պայմաններուն ներքեւ վարչայինները յաճախ ահազանգ կը հնչեցնեն, որ դպրոցներու աշակերտութեան թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Սա թէեւ կը համարուի մտահոգիչ, սակայն շատ հասկնալի է։ Արդարեւ, անկարելի է ակնկալել, որ հաստատութիւն մը՝ այս պարագային պոլսոհայ վարժարաններու ցանցը բարձր ձգողականութիւն ունենայ՝ չծառայելու իր լինելութեան, բո՛ւն առաքելութեան նպատակներուն։ Ինչպէս որ բուն գործը լաւ ընող անհատը կ՚ըլլայ ի պատուի, նոյնը հաստատութեան պարագային ալ ի զօրու է։ Պոլսոհայ դպրոցներու վարիչները բոլոր բնագաւառներու մէջ գիտութեան նորութիւններուն հետամուտ ըլլալ կը ձեւացնեն, բայց, միայն հայերէնի պարագային այդպէս ձեւանալու նախընտրութիւնը չունին։ Միշտ կը խօսուի, որ աշակերտները հայախօս ծնողներ չունին, ընտանեկան յարկէ ներս հայերէնի հետ չեն շփուիր, ուստի, դպրոցը անճար կը մնայ։ Բայց, ո՞վ կրնայ ըսել, որ օտար վարժարաններ արձանագրուած հայ տղոց ընտանեկան յարկէն ներս անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն կամ իտալերէն կը խօսուի։ Մնաց որ, կարելի է շատ աւելի նուազ թիւով աշակերտութեան հանդուրժել, եթէ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման տեսակէտէ արդիւնքը աւելի բարձր պիտի ըլլայ։ Այսօր, թրքահայ իրականութեան մէջ համատարած հոսանք մը կայ դպրոցներու շէնքերը պաշտելու, կուռքացնելու, ինչ որ գերազանցած է հայ դպրոցի առաքելութեան նկատմամբ զգայնութիւնն ու ուշադրութիւնը։ Ժողովրդական համատարած անտարբերութիւնը եւ վարչայիններու ամբոխավարութիւնը հայ դպրոցը դատապարտած են հիւծիչ միջակութեան։
Աշխատաժողովի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման խնդիրներուն ձօնուած լիագումար նիստին յաճախ մատնանշուեցան ինքնութիւնն ու պատկանելիութեան զգացումը։ Արտայայտութիւններու ընդմէջէն միշտ բիւրեղացաւ՝ թէ՛ աշխարհին քայլ յարմարցնելու եւ թէ չկորսուելու երկսայրի միտումը։ Բնականաբար, անհատներն ու մանաւանդ՝ հաւաքականութիւնները կը յարատեւեն շնորհիւ իրենց ինքնուրոյնութիւններուն։ Մայրենին այդ ինքնուրոյնութեան ամենաբնական նախադրեալն է։ Աւելին, սփիւռքը աշխարհի չորս ծագերուն կ՚ապրի փոքրամասնութեան կարգավիճակով, բազմամշակոյթ մթնոլորտի մէջ։ Սփիւռքահայերը ինքնահաստատուած կը զգան՝ լայն հասարակութեան հաւանութեան, սպասումները արդարացնելու պարագային։ Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, լայն հասարակութիւններէ մարդիկ հայոց հետ կը վարուին այն մեկնակէտով, թէ իրենց երկխօսը գիտէ հայերէն։ Բայց, ինքնահաստատման ձգտումով կամ որոնումով հանդերձ, սփիւռքահայը անպատեհ չի նկատեր այդ սպասումը չարդարացնել։ Այս ընդհանրութիւնը ի զօրու է նաեւ թրքահայութեան պարագային։
«Մենք մեր համար որոշենք, թէ ինչպիսի՞ համայնք մը կը նախատեսենք ապագային»… Աշխատաժողովի ընթացքին այս միտքը ընդհանուր համաձայնութեան մը արժանացաւ։ Անշուշտ, սա ճիշդ է, նաեւ կու գայ մատնանշել համայնքի հիմնական անելը։ Արդարեւ, ինչպէս ատենախօսները արձանագրեցին, համայնքը կեդրոնական ծրագրաւորման դրութենէ մը զրկուած է՝ սահմանադրութեամբ նախատեսուած համակարգի բացակայութեան հետեւանքով։ Այս պատկերը առաւել չափով կը ցոլանայ կրթութեան ոլորտին վրայ։ Վարչակազմակերպչական բարդութիւնները այսօր հասած են, ինչպէս նոր մասնագէտներու հասնիլը խոչընդոտելու, այնպէս ալ տուեալ մասնագէտներու աշխատանքին արդիւնքը փոշիացնելու կէտին։
Աշխատաժողովի ատենախօսները, հասկնալիօրէն, կարգ մը վիճելի միտքեր ալ արտասանեցին։ Սա հասկնալի է նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ հայերէնի ուսուցիչները շատ ջլատիչ պայմաններու ներքեւ կ՚աշխատին։ Յամենայնդէպս, խօսքը կը վերաբերի ընդհանուր ռազմավարութեան մը։ Առկայ նահանջին մէջ կարելի է հանդուրժել մարտավարական փոփոխութիւններ, սակայն, անընդունելի է անոնց ընդհանուր ռազմավարութեան վրայ ստուեր ածելը։ Կրթական մշակները կ՚ուզեն հայախօսութիւնը, հայերէնի օգտագործումը խրախուսելու համար տղոց սխալներուն հանդուրժել, որպէսզի զանոնք կարողանան սիրաշահիլ եւ անոնց առթել մայրենիի սէրը։ Այս մարտավարութիւնը ունի իր հիմնաւորումը։ Միւս կողմէ, որեւէ լեզուով հաղորդակցիլը եւ որեւէ լեզուով արտադրելը նոյն բանը չեն։ Այդ տարբերութեան խաչմերուկին կը բիւրեղանայ նաեւ սխալներու պարագային հանդուրժողութեան մարտավարութեան եւ սխալները արդարացնելով ընդհանուր ռազմավարութեան վրայ ստուեր ածելու տարբերութիւնը։ Աշխատաժողովի ընթացքին հայերէն դասագիրքերու մէջ սպրդած վրիպումները եւ աշակերտներու սխալները նոյնականացնելու ուղղեալ խորհրդածութիւններ հնչեցին։ Ըստ երեւոյթին, միտքերու խառնարանին մէջ նրբութիւնները պէտք է տարանջատուին։ Աշխարհի վրայ անսխալական մարդ, անշուշտ, չի կրնար ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, արհեստավարժի մը դաւանած սկզբունքները պէտք է կատարելագործութեան հետամուտ ըլլան։ Հրատարակիչ մը չունի բարոյական իրաւունքը՝ պնդելու համար, թէ հայերէնի դասագիրքի մը մէջ կրնան վրիպումներ պատահիլ եւ յաջորդ տպագրութեան ժամանակ զանոնք կը սրբագրուին։ Սա հանդուրժողութենէ կամ ճոխութենէ անդին անլրջութեան եզրին կը հասնի։ Անշուշտ, սխալը կրնայ պատահիլ, բայց, սխալի մը արդարացումը չի կրնար կանխավարկած մը ըլլալ։ Այլ խօսքով՝ հայախօսութեան, հայերէնի ուսուցման առկայ նահանջի պայմաններով պէտք է հաշտուիլ՝ այդ տագնապին դէմ պայքարելու համար։ Մետայլի միւս երեսակին, այդ տագնապը ոեւէ մէկուն չի կրնար բարոյական իրաւունք ծնիլ, որպէսզի ոմանք ակնկալեն, որ մարդիկ զիջանին վրիպումներով լեցուն դասագիրքերու կամ սխալագրութիւններու։
Աշխատաժողովի ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ հայոց մօտ քննադատական մշակոյթի պակասի հարցը։ Թրքահայ իրականութան մէջ ալ կայ այս խնդիրը։ Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման քննարկումներուն ժամանակ ատենախօսները տեղին ձեւով յայտնեցին, որ քննադատութիւնները եւ գնահատանքը յաճախ կ՚ըլլան չափազանցուած եւ ամբողջ մը չեն կազմեր հետեւութիւններու, կատարելագործումներու գետին պատրաստելու բաւարարութեան։ Պարզ է, որ այսքան ջլատիչ պայմաններու ներքեւ աշխատելով՝ հայերէնի ուսուցիչները գնահատուելու եւ խրախուսուելու կարիքը կը զգան։ Սա արդար սպասում մըն է։ Յամենայնդէպս, տխուր է, որ այդ ակնկալութիւնը այժմ բացարձակապէս իրատեսական չէ։ Արդարեւ, պոլսոհայ կրթական համակարգը այնպիսի մոլորութեան մը մատնուած է, որ ընդհանուր արժեւորման չափանիշներ գոյութիւն չունին։ Այսպիսի, կենսական պակասի մը պայմաններուն ներքեւ ո՛չ քննադատութիւնը, ո՛չ ալ գնահատանքը կրնան նպատակի մը ծառայել։
Հուսկ, կ՚եզրափակենք մեր դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները՝ Թարգմանչաց վարժարանի մէջ կազմակերպուած «Ուսուցիչէ ուսուցիչ» երկրորդ աշխատաժողովի լոյսին տակ։ Կը շնորհաւորենք Օրթագիւղի ընտանիքը, որ այսպիսի ծաւալուն քննարկման մը առիթը ընձեռած է, ինչ որ վարչական կամքի բացակայութեան եւ անսկզբունքայնութեան առկայ մթնոլորտին դիմադրելու տեսակէտէ օրինակելի նախաձեռնութիւն մը կը համարուի։ Պոլսոհայ կրթական մշակները, վերջին հաշուով, կը համարուին բանակ մը, որու զինուորները, տարրերը չեն կրնար աւելի լաւ արդիւնքի մը հասնիլ՝ առանց իրարու վստահելու, առանց իրարու հաւատալու եւ առանց իրարու հետ աշխատելու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
- վերջ -