ԿԵՐՊԱՐԻ ՄԸ ՀԵՏ ՈԳԵՒՈՐ ՇՓՈՒՄ
Երէկ, Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սիլիքոնեան հովիտի յայտնի ձեռներէցներէն Մակտալենա Եշիլը, որ համբաւ կը վայելէ թեքնոբանութեան ու գործարարութեան աշխարհէ ներս ուշագրաւ նախաձեռնութիւններով։ Պոլիսէն հասած է Մակտալենա Եշիլ, որ ԱՄՆ-ի մէջ համալսարանական ուսում ստանալէ վերջ՝ արհեստավարժ կեանքէ ներս արձանագրած է լուրջ թռիչք մը։ Իր վերելքի պատմութիւնն ու մարմնաւորած կերպարը մագնիսացուցին ուշադրութիւնը բոլոր անոնց, որոնք երէկ լեցուցած էին դպրոցի սրահը։ Համայնքային այլ վարժարաններէ աշակերտներ ու կրթական մշակներ ալ մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։
Մակտալենա Եշիլ սեփական փորձառութեան լոյսին տակ խորհուրդներ տուաւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք մանաւանդ վառ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան արհեստական բանականութեան (ԱԲ) ապագայի վերաբերեալ անոր խորհրդածութիւններուն։ Մակտալենա Եշիլ սպառիչ պատասխաններ տուաւ՝ երիտասարդներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն։