ԱԿՆԱՐԿ - 137 - ՆԵՐԵԼԸ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆ Է

Այսօրուան նիւթականացած եւ եսակեդրոնութեամբ տառապող մարդկութիւնը մարդկային բոլոր արժէքները այլափոխած է. ո՛չ միայն այլափոխած է, այլեւ ոտանահարած է: Բազմաթիւ արժէքներ եւ իւրայատկութիւններ, որոնք մարդս մարդ կը պահեն, այսօր շրջուած են եւ կը ներկայացուին որպէս ժամակավրէպ եւ անիմաստ արժէքներ: 

Աշխարհը ինչքան ալ նիւթականանայ, մարդ ինչքան ալ եսակեդրոն դառնայ, մարդուն հոգին սակայն կը մնայ անփոփոխ եւ իր բնական կրումները, կարիքները կը մնան նոյնը: Մարդուն կատարած ընտրութիւնները իր հոգին կը տրտմեցնեն, կը խաւարեցնեն, կամ ճիշդ հակառակը՝ կը լուսաւորեն, կ՚ուրախացնեն: Մարդն է, որ իր ընտրութիւններով կը դառնայ եսակեդրոն, կը դառնայ նիւթին գերին եւ փոխանակ իրեն տրուած իշխանութեամբ կառավարէ իր ձեռքին տակ եղածները, ընդ որում նաեւ նիւթը, ինք կը կառավարուի նիւթէն, գերին կը դառնայ անոր եւ սայթաքումէ սայթաքումի երթալով, ի վերջոյ ինքզինք կորուստի կը մատնէ:

Այսօրուան ընկերութեան այլափոխած եւ շրջած արժէքներէն մէկը ներելն է, որ մարդուն մէջ եղող վսեմագոյն արժէքներէն մէկն է: Այսօրուան մարդուն երբ ներելու մասին կը խօսիս, յանկարծ կը խամրի, կը տխրի, ըսելով, թէ «ի՞նչ կը նշանակէ ներել, ես չեմ ներեր, ինչու ես այդքա՞ն տկար եմ, կամ թոյլ եմ, որ ներեմ», եւ նման բազմաթիւ արտայայտութիւններ: Աշխարհիկ մտածողութեամբ դեռ եւս կարելի է նմանատիպ մտածելակերպը արդարացնել, բայց բարոյական եւ հոգեւոր առումներով՝ երբե՛ք: 

Որպէսզի մարդ ճիշդ մօտեցում ունենայ ներելու գաղափարին, նախ եւ առաջ պէտք է գիտակցի, որ ներելը ո՛չ թէ տկարութեան կամ թուլութեան նշան է, ընդհակառակը՝ հասունութեան եւ զօրութեան: Տկար մարդիկը չե՛ն կրնար ներել, զօրաւորներն են, որ կը ներեն, աւելին՝ համարձակութիւն կը գտնեն իրենք իրենց մէջ ներելու:

Ի՞նչ կը նշանակէ ներել. ներել կը նշանակէ յաղթահարել ցաւը, որ պատճառուած է վիրաւորողին կամ թշնամիին կողմէ: Այս չի՛ նշանակեր, մոռնալ պատճառուած վնասը, այլ պարզապէս ցաւը յաղթահարելով, սթափ եւ զգօն ձեւով տիրապետել իրավիճակին: Եթէ իւրաքանչիւր վիրաւորանքի կամ թշնամանքի մարդ պատասխանէ, հակադարձէ, ապա ամէն օր վայրագութիւններու ականատես եւ ականջալուր կը դառնանք, չնայած այն իրողութեան, որ արդէն իսկ կը դառնանք:

Ներելը մարդուն մէջ եղող առաքինութիւն մըն է, որ թոյլ կու տայ անոր անզուանալու, բիւրեղանալու եւ առաքինաբար ապրելու: Չներելու պարագային մարդուն ներաշխարհը կը մթագնի, կը պղտորի, եւ ան այլեւս չի՛ կրնար տիրապետել իրավիճակներուն, որովհետեւ սթափ չէ, այլ՝ լեցուած է վրէժխնդրութեան մոլուցքով. մոլուցք մը, որ յաճախ մարդս կ՚իջեցնէ անբաններու մակարդակին, այսինքն կը զրկէ զինք մտածելու եւ տիրապետելու իր ունեցած իւրայատկութենէն:

Շատերու համար թերեւս տարօրինակ հնչեն այս բոլորը: Պահ մը, սակայն, եթէ զգօնութեամբ մտածենք այս ամէնուն մասին, պիտի գիտակցինք, թէ այդքան ալ տարօրինակ չէ, ընդհակառակը, մեր սեփականութիւնն է, որ աշխարհին մեզի տուած զբաղումներուն պատճառով, պահ մը վրիպած է մեր ուշադրութենէն, մնալով պահուըտած մեր հոգիին խորքերը: Շատերու համար այս գիտակցութեան գալը իրենց շահին չի՛ ծառայեր, որովհետեւ երկար ժամանակ ապրելով վրէժխնդրութեան մթնոլորտին մէջ, անոնց կեանքը այլ երանգ ստացած կ՚ըլլայ եւ չե՛ն կրնար պատկերացնել, որ իրենց ունեցած այդ վիճակին հակառակ վիճակն ալ կայ, որ շա՜տ աւելի հանգիստ եւ ապահով է: Արդարեւ, վրէժխնդրութեամբ լեցուն հոգին միշտ իրարանցումի մէջ կ՚ըլլայ, քանի որ կը մտածէ, թէ ինչպէ՛ս իր վրէժը լուծէ, ինչպէ՛ս հակադարձէ իրեն պատճառուած վնասին կամ վիրաւորանքին: Մինչ, ներող հոգին, խաղաղ հոգեվիճակի մէջ կ՚ըլլայ, սթափ վիճակով կը տրամաբանէ եւ կը գործէ, որպէսզի յառաջիկային նմանատիպ վիճակներու մէջ չյայտնուի, այլ խօսքով՝ թոյլ չտայ, որպէսզի վնասեն կամ վիրաւորեն զինք: Այդ վիճակին կը հասնի, սակայն, առաջին հերթին սրտանց եւ անկեղծութեամբ ներելով, իսկ երկրորդ՝ չմոռնալով իրեն պատճառուած վնասը կամ վիրաւորանքը:

Ինչպէս վերը նշեցինք, ներել չի՛ նշանակեր մոռնալ: Այո՛, եթէ մարդ կը ներէ, դեռ եւս ըսել չէ, թէ մոռցաւ կամ պիտի մոռնայ իրեն պատճառուածը, ո՛չ, ընդհակառակը այդ դէպքը իրեն պիտի օգնէ ա՛լ աւելի զօրանալու եւ քայլ մը աւելի խորանալու մարդկայնութեան իր կոչումին մէջ: Շատեր կ՚ըսեն, որ եթէ չես մոռնար քեզի պատճառուածը, ուրեմն գերին դարձած կ՚ըլլաս անցեալին. այս մտածումը ճիշդ կ՚ըլլայ այն պարագային, եթէ չմոռնալու կողքին տեղ գտնէ վրէժխնդրութեան զգացումը. այս պարագային է միայն, որ մարդ գերին կը դառնայ անցեալին, աւելին՝ գերին կը դառնայ ցաւին ու տառապանքին: Սակայն, եթէ չմոռնալը իրեն ենթահող ունի յառաջիկային նման իրավիճակներէ խուսափիլը, ապա մարդ յաջողած կ՚ըլլայ ձերբազատիլ վնասին ու վիրաւորանքին կապանքներէն եւ դէպի առաջ նայելով կը շարունակէ իր կեանքը ա՛լ աւելի զօրացած եւ իմաստնացած, խաղաղ հոգիով, զերծ վրէժխնդրութեան փնտռտուքէն, որ մարդուս հոգին կը քայքայէ, ինչպէս կը գրէ Լեւ Թոլսթոյ. «Վրէժ մի՛ փնտռեր. ատիկա կը քայքայէ հոգիդ: Ներէ՛, քանի որ ճիշդ այդպէս է, որ խաղաղութիւնը կը կառուցուի»:

Հոգեւոր առումով ներելու ամանէն մեծ տիպարը մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է, երբ խաչին վրայ եղած ժամանակ, բարձրաձայն ըսաւ. «Հայր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34): Այստեղ հարցումը՝ որ կը ծագի շատերուն միտքին մէջ այն է, թէ արդեօք Տէրը խաչողները կամ անոնք, որոնք պատճառ դարձան Տէրը խաչելուն՝ ներուեցա՞ն: Այս հարցումին պատասխանը կրնանք ունենալ, երբ մեր միտքերուն մէջ յստակ դառնայ հետեւեալ ճշմարտութիւնը, թէ՝ ներում կը ստանան, կամ կը ներուին անոնք, որոնք իրենց սխալներուն համար ճշմարտապէս կը զղջան, իսկ անոնք որոնք չե՛ն զղջար, ապա բնականաբար ներումի չեն արժանանար: Այս մէկը, անշուշտ, հոգեւոր գետնի վրայ: 

Ինչ կը վերաբերի մարդ-մարդ յարաբերութեան, մեր դիմացինին զղջալուն պէտք չէ սպասենք, որպէսզի ներենք, որովհետեւ եթէ սպասենք՝ շատ յաճախ մենք մեր դիմացինէն շատ աւելի գէշ վիճակներու մէջ յայտնուինք: Մարդ-մարդ յարաբերութեան մէջ մարդ առաջին հերթին իր ներքին խաղաղութեան ու անդորրին համար պէտք է ներէ եւ առջեւ անցնի. այլ խօսքով, մեր ներելը մեր օգուտին համար է, որովհետեւ կ՚ազատէ մեզ մեր մէջ կուտակուած չարութենէն եւ ուժ կու տայ շարունակելու մեր ընթացքը:

Չմոլորինք, ուրեմն, կարծելով, թէ ներելը տկարութիւն կամ թուլութիւն է, ընդհակառակը՝ զօրութեան նշան է ներելը, ազնիւ հոգի ունենալու նշան է ներելը: Միշտ յիշենք, որ տկարները քաջութիւն չունին ներելու, այլ՝ զօրաւորները, ինչպէս կը գրէ Մահաթմա Կանտի. «Թոյլերը երբեք չեն կրնար ներել: Ներելը զօրաւորներուն յատկութիւնն է»

Զօրաւո՛ր ըլլանք եւ թոյլ չտանք, որ աշխարհը մեզ խաբէ իր մոլորութիւններով, զրկելով մեզ մեր մարդկայնութենէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

25 սեպտեմբեր, 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2025