ՓԱՐԻԶԻ ՆՈԹՐԸ-ՏԱՄԻ ԵՐԳԵՀՈՆԱՀԱՐԻՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ անմոռանալի ձեռնարկ մը, որ խոր տպաւորութիւն գործեց երաժշտասէրներուն վրայ։ Այսպէս, համերգով մը հանդէս եկաւ Փարիզի Նոթրը-Տամի տիտղոսաւոր երգեհոնահար Վենսան Տիւպուա հանդէս եկաւ բացառիկ համերգով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ելոյթը կազմակերպուած էր՝ «Վահագն Ստամպոլցեան» երգեհոնային երաժշտութեան 3-րդ միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս։ Վենսան Տիւպուա կախարդական մեղեդիներով երաժշտասէրներու սիրտը նուաճեց։
Երաժիշտը հանդէս եկաւ «Յարգանքի տուրք Պախին» ծրագրով՝ կատարելով մեծանուն յօրինողի ստեղծագործութիւնները։ Ունկնդիրները երաժիշտի վարպետութեան եւ ստեղծագործութիւններու գեղեցկութեամբ այնքան հիացած էին, որ ծափահարութիւնները Տիւպուան ստիպեց քանի մը պիս նուագելու, ինչ որ թագն ու պսակը եղաւ յայտագրին։ Այս փուլին ան մատուցեց նաեւ անակնկալ մը՝ Երեւանի մէջ մեկնաբանելով Արամ Խաչատուրեանի «Գայիանէ» պալէի «Սուսերով պար»ը։
Ըստ մեկնաբաններուն՝ ունկնդիրները այնպէս մը տպաւորուեցան, որ կարծես ամբողջ նուագախումբ մը կար բեմին վրայ։
Տիւպուայի համերգը կազմակերպուած էր՝ Հայաստանի Ֆրանսական կաճառի աջակցութեամբ։ Վերոյիշեալ փառատօնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ։