ՄԱՐԴ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Մարդիկ՝ որ ճշմարտութիւն կը սիրեն, ճշմարտութիւն կը փնտռեն եւ կ՚ըսեն, թէ՝ «մենք գիտենք ճշմարտութիւնը կեանքի մէջ, պէտք է որ հասկնանք Յիսուս Քրիստոսի խօսքին ուժը եւ արժէքը», որ միշտ պատրա՛ստ է մեզ պաշտպանել եւ նեցուկ կանգնիլ մեր նեղութիւններուն մէջ։ Եւ քրիստոնեաներ, թէեւ շատոնց, դարերէ ի վեր, սերունդով եւ ցեղով լսած են Փրկչին ձայնը եւ հետեւած են բազմութիւններ Անոր, որ միշտ պատրա՛ստ է հրաւիրելու մարդկութիւնը։
Ամէն անոնք, որոնք կը ճանչնան քրիստոնէութիւնը, կ՚երթան, կը հետեւին Անոր։ Բայց ոմանք կրնան հասկնալ այդ հրաւէրին իմաստը, քանի որ իմաստը ծածկուած կ՚ըլլայ իրենց։ Անոնք, որոնք գիտութեամբ եւ իմաստութեամբ կը մօտենան, հրաւէրին իմաստը բացայայտ կ՚ըլլայ։
Յիսուս իր խօսքերը քարէ տախտակներու վրայ չէ՛ քանդակած եւ զանոնք գետին զարնելով փշուր փշուր պիտի չխորտակէ Մովսէսի պէս՝ մարդուն տկարութիւններուն եւ մոռացումներուն, թերութիւններուն, անհամբերութիւններուն «ոսկի հորթ»ին առջեւ։
Յիսուս, քրիստոնէութիւնը՝ գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը կ՚ուզէ մարդուն կեանքին վրայ տեսնել, որպէսզի ուրիշներ ալ տեսնեն եւ փառաւորեն Հայրը՝ որ երկինքն է։
Երթալ Անոր, որպէսզի մամոնան սիրող եւ աշխարհէն անդին ուրիշ աշխարհ եւ իրականութիւններ տեսնել չուզող՝ մերժող, եւ այս աշխարհի գիտութիւնը եւ այս աշխարհի կեանքը եւ գործունէութիւնը սկիզբ եւ վախճան դաւանող, եթէ ոչ խօսքով գոնէ կենցաղով, ճշմարտութենէն հեռացող անձեր ուղիղ ճամբան գտնեն։
Ուստի, Յիսուս ջրհեղեղի մը սարսափով պիտի չվախցնէ մարդուն էութիւնը։ Ան ցոյց պիտի տայ Բարի Սամարացին, այդ ազնուատոհմութեան յաւակնութիւններէն զրկուած ինքնաբեր քրիստոնեան. մարդ ինքնին պիտի հասկնայ, թէ ի՞նչ է կեանքը. ի՞նչ է քրիստոնեային վարքը։
Հետեւիլ Յիսուսի, որ մարդ ընդհանրապէս միմիայն իր անձին համար կ՚ապրի, Ան պիտի սորվեցնէ գաւաթ մը պաղ ջուրին յարգը, լումայի մը արժէքը՝ որ կը սահի այրի կնոջ մը մատներու մէջէն, եւ պիտի ցոյց տայ դատապարտութիւնը գէշ տրուած տասանորդին։
Երթալ Յիսուսի եւ հետեւիլ Անոր, որ բարոյական կեանքի սովերուն մէջ կը տառապին մարդիկ։ Ան երբեք խտիր պիտի չդնէ մարդոց միջեւ։ Ան՝ մարդը պիտի չչարչրկէ Յովսէփի պէս իր ինքնութիւնը եւ եղբայրութիւնը յայտնելու համար. իր սիրոյ բաժակը գաղտուկ չի սահեցներ Բենիամիններու քուրձերուն մէջ, այլ իր իսկ ձեռքովը կը մատռուակէ իր զոհողութեան գինին։ Անոր մահովը մարդ կը կենդանանայ՝ անմխիթար չի մնար. Անոր մահը քրիստոնեային կեա՛նքն է։
Մարդ, այսօր, իր խունկերը եւ մոմերը, իր նուէրները, իր աղօթքները եւ գոհութիւնները բոլորովին նիւթականացուցած է։ Բայց Աստուած մեղաւորներուն համար անձրեւները չի դադրեցեր, ո՛չ ալ արեւը կը մթնցնէ անոնց համար։ Արդարը եւ մեղաւորը հաւասարապէս կը վայելեն աստուածային բարիքները, բնութեան պարգեւները եւ առատութիւնները։ Մեղաւորը բարութեամբ կ՚ընկճէ Ան եւ չ՚ուզեր, որ ոչնչանայ, այլ ճանչնայ ինքզինք եւ փրկուի։ Ան տիպարն է անսպառ գթութեան։
Արդարեւ, աղքատներ, անմխիթարներ եւ սգաւորներ Քրիստոսի հրաւիրող ձայնով կը հարստանան եւ կը մխիթարուին։
Հեզեր եւ անօթի-ծարաւիներ կը ժառանգեն երկիրը եւ կը կշտանան։ Ողորմածներ եւ սուրբեր ողորմութիւն կը գտնեն եւ զԱստուած կը տեսնեն։ Խաղաղարարներ Աստուծոյ զաւակներ կ՚ըլլան։
Դիւրին չէ՛ սակայն հասնիլ այս վիճակին։
Ատելութիւն կայ, նախատինք կայ, հալածանք կայ, եւ վերջապէս մա՛հ կայ, բայց, ասոնք են, որ կը մտնեն Երկինքի Թագաւորութեան մէջ։
Ուրեմն, քրիստոնեանե՛ր, թող արձագանգ գտնէ Յիսուսի հրաւէրը՝ Անոր ձայնը ձեր սիրտերուն մէջ, սիրտերուն խորերը։ Գացէ՛ք, հետեւեցէ՛ք Անոր՝ թեթեւցնելու համար մարմնի եւ աշխարհի զբաղումներուն մէջ բեռնաւորուած ձեր էութիւնը։ Ինչպէս անտարբերութիւնը, նոյնպէս մեքենական աւանդապաշտութիւնը հանգիստ չե՛ն տար ձեր յոգնութիւններուն։
Քրիստոնեան եթէ կռթնի իր քրիստոնէական կնիքներուն վրայ եւ ըսէ. «Տէ՛ր, միթէ քու անունով չմկրտուեցա՞նք, քու անունով չմարգարէացա՞նք», պիտի չկարենայ մտնել հարսնետուն։ Եթէ եկեղեցիներու շքեղութեամբ պանծաք, Քրիստոս ցոյց պիտի տայ Սիոնի բարձունքը եւ Գարիզինի սարերը՝ յանդիմանելու համար ճշմարիտ աստուածգիտութեան մասին իրենց փայփայած մոլորումները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2, 2025, Իսթանպուլ